Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրող 107-ամեայ Գեղեցիկ Յակոբեան-Զուրիքեան Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքեց

 

Սեպտեմբեր 26-ին Մոնթրէալի մէջ, իր մականացուն կնքեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրող Գեղեցիկ Յակոբեան-Զուրիքեան։

Ան ծնած էր 1909-ի Սեպտեմբեր 14-ին, Պոլսոյ մօտ գտնուող Պուրսայի մէջ։ 1915-ին, Յակոբեանի հայրը զինուորագրուեցաւ թրքական բանակին մէջ, ապա հայ ըլլալուն համար սպաննուեցաւ։ Հետագային ան փոքր տարիքին անջատուած է իր մօրմէն ու քոյր-եղբայրներէն եւ իբրեւ որբ մեծցած իր կողքին ունենալով քոյրերէն միայն մէկը։

Իբրեւ որբ տեղահանուած մը՝ անոր երթը զինք տարած է Յունաստան եւ Եգիպտոս։ Որբանոցէն հեռանալէ ետք՝ ան ՅԵգիպտոսի մէջ հրէական տան մը մէջ սպասաւորութիւն կատարած է։ Յակոբեան հետագային հանդիպած եւ ամուսնացած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած մէկ այլ որբի մը հետ, որ իբրեւ գաղթական կ՚ապրէր Պէյրութի մէջ։ Անոնք ընտանիք կազմած են Եգիպտոսի մէջ եւ իրենց երեք զաւակներուն հետ գաղթած Գանատա։ Տասնեակ տարիներու բաժանումէ ետք՝ Յակոբեան փնտռած ու գտած է իր մայրը։ Հակառակ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով իր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն՝ Յակոբեան կ՚ապրէր իբրեւ վկայ մը, թէ ինչպէս հայերը հակառակ բոլոր տեսակի տառապանքներուն ու բռնութիւներուն վերապրեցան։

Զուրիքեան իր ետին կը թողու 3 զաւակ, 9 թոռ եւ 18 ծոռ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.