25 Տարուան Հացը

 

1992-ի ամա­ռը ըն­տան­եօք Երե­ւան ան­ցու­ցինք: Այդ օրե­րու ման­կա­կան յի­շո­ղու­թիւն­նե­րուս մէջ անջըն­ջե­լի տեղ կը գրա­ւէ Հա­յաս­տա­նի հա­ցը: Օ՜հ, ինչ կարծր ու ան­համ էր այդ օրե­րու Հա­յաս­տա­նի սո­վո­րա­կան հա­ցը, քա՛ր էր կար­ծէք: Վրան ալ մե­զի հա­մար ան­սո­վոր ու տհաճ Հա­յաս­տան­եան ճա­շա­տե­սակ­նե­րը եւ յատ­կա­պէս կա­նաչի­ով պատ­րաստը­ւած ապուր­նե­րը կ՛աւել­նա­յին…: Չէ­ինք սի­րեր ո՛չ Հա­յաս­տա­նի չոր ու կարծր, հաստ ու չծա­մուող հա­ցե­րը ո՛չ ալ կա­նաչի­ով պատ­րաստ­ուած կե­րակ­րա­տե­սակ­նե­րը: Ես ու եղ­բայրս մին­չեւ իսկ եր­բեմն խա­ղա­լի­քի տեղ, հա­ցը իրար կը նե­տէ­ինք, ու մեր բա­րե­կամ­նե­րուն  լու­սա­հո­գի մեծ մայ­րը, տի­կին Գո­հա­րը` «Երե­խէ՛ք ջան, չի կա­րե­լի հա­ցին հետ էդ­պէս վար­ուել» կ՛ըսէր…:

Մայրս, յա­ճախ Հա­լէ­պի տաք, թարմ ու անու­շա­բոյր հա­ցին ու հա­լէպ­եան կե­րակ­րա­տե­սակ­նե­րուն մա­սին կը խօ­սէր շուր­ջին­նե­րուն: Իսկ հայրս, երբ առիթ ու­նե­նար, Երե­ւա­նէն դուրս կը ճամ­բոր­դէր, որ­պէս­զի լա­ւաշ հաց ապա­հո­վէր մե­զի: Լա­ւա­շը բա­ցա­ռիկ էր…բա­րա՜կ, փա­փու՜կ…: Այն օրը, որ լա­ւաշ կ՛ու­նե­նա­յինք, մեր եր­ջան­կու­թիւնը սահ­ման չէր ու­նե­նար…:

Տա­րի­ներ ետք անդ­րա­դար­ձայ, որ նո­րա­նկա­խա­ցած ու մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ Ար­ցախ­եան պա­տե­րազմ ապ­րող Հա­յաս­տա­նի մէջ էր, որ մենք մեր ամառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դը վա­յե­լե­ցինք 1992-ի ամ­րան ու գրե­թէ մէկ ամի­սէ աւե­լի, ամէն օր թա­ղի պզտիկ­նե­րուն հետ, խա­ղա­ղու­թեան մէջ վար­դա­վառ խաղ­ցանք…: Հե­տա­գա­յին իմա­ցայ նա­եւ, թէ այդ օրե­րու «մու­թին», ելեկտրա­կա­նութ­եան հո­սան­քի պա­կա­սին ու բարձ­րո­րակ ալիւ­րի չգո­յու­թեան պատ­ճառով կա­րե­լի չէր հա­մեղ ու բազ­մատ­եսակ հա­ցամ­թերք ար­տադ­րել: Խղ­ճի խայթ ապ­րե­ցայ, երբ անդ­րա­դար­ձայ, որ այդ օրե­րուն իրա­ւունք չու­նէի հա­ցին կարծ­րու­թե­նէն կամ վա­տո­րա­կու­թե­նէն գան­գա­տիլ:

2016-ի գար­նան, դարձ­եալ Երե­ւան եմ: Մօ­տա­ւո­րա­պէս 25 տա­րի ետք, Ար­ցախ­եան քա­ռօր­եայ պա­տե­րազ­մը նոր աւար­տած է ու ամէն ինչ բնա­կա­նոն է: Ինչ­պէս անց­նող գո­նէ 10 տա­րի­նե­րուն, Երե­ւա­նի գեր­վա­ճա­ռա­տու­նե­րուն, նպա­րա­վա­ճառ­նե­րուն ու կր­պակ­նե­րուն մէջ բազ­մա­տե­սա՛կ հա­ցե­րու կը հան­դի­պիմ: Հայ­կա­կան թարմ ու անու­շա­բոյր հա­ցե­րը բազ­մա­թիւ վա­ճա­ռա­նի­շե­րու տակ, կո­կիկ ու հա­ւա­սա­րա­չափ կտրտ­ուած կը հրամց­ուին հան­րութ­եան: Հայ­կա­կա­նին կող­քին, դիւ­րու­թեամբ կա­րե­լի է ձեռք բե­րել ֆրան­սա­կան, արա­բա­կան, վրա­ցա­կան, նոյ­նիսկ դիւր­ամարս ու որոշ հիւան­դու­թիւն­նե­րուն բուժ­ման նպաս­տող տար­րա­տե­սակ հա­ցեր: Կը շր­ջիմ գեր­վա­ճա­ռա­տան մը հա­ցե­րու բա­ժի­նը ու տասն­եակ ընտ­րու­թիւն­նե­րու մէջ, իրօ՛ք կը շուա­րիմ, թէ ո՞ր տե­սա­կը վերց­նեմ, այս ի՛նչ ճոխ ու հա­րուստ հա­ցա­տե­սա­կա­նի ու­նի մեր հայ­րե­նի­քը, ո՞ր մէ­կը ար­ժէ փոր­ձել ու կը յի­շեմ 25 տա­րի առաջ­ուան մի­ա­տե­սակ կարծր հա­ցը…: Փաս­տօ­րէն ան­հա­մե­մա­տե­լի են 25 տա­րի առաջ­ուան ու այ­սօր­ուան պատ­կեր­նե­րը: 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հա­ցամ­թեր­քի ար­տադ­րու­թիւնը գեր­զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րած է:

Հա­ցամ­թեր­քի ար­տադ­րու­թեան նման, քա­նի՞ ոլորտ ու մարզ գեր­զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րեց Հա­յաս­տա­նի մէջ անց­նող 25 տա­րի­նե­րուն: Ար­դար ըլ­լա­լու հա­մար, հա­ցին մօ­տիկ, կե­րակ­րա­տե­սակ­նե­րու, ճա­շա­րան­նե­րու եւ հա­մաշ­խար­հա­յին խո­հա­նոց­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնը այ­սօր բա­ւա­կա­նին գնա­հա­տե­լի, երբեմն նոյ­նիսկ չա­փա­զանց­ուած է: Զբօ­սաշր­ջի­կու­թիւնը, դրա­մա­տու­նե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, ճար­տա­րա­գի­տա­կան եւ հա­մա­կարգ­չա­յին ծրագ­րա­ւոր­ման ոլորտ­նե­րը եւս զգա­լի զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րած են:

Սա­կայն պե­տա­կա­նա­շի­նութ­եան մէջ, հա­ցի նման կեն­սա­կան նկա­տուող ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­մա­կար­գի ձե­ւա­ւո­րու­մը, ար­դար ու ազատ ընտ­րու­թիւն­նե­րու առ­կա­յու­թիւնը, ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան եւ տն­տե­սա­կան հա­մա­հա­ւա­սար առիթ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնը, հաս­տա­տու­թե­նա­կա­նու­թեան ամ­րագ­րումն ու օրէն­քի գե­րա­կա­յու­թիւնը ցաւ ի սիրտ, տա­կա­ւին 25 տա­րի առաջ­ուան կարծր ու վա­տո­րակ հա­ցին կը նմա­նին…:

Միւս կող­մէ, Երե­ւա­նի վա­ճա­ռա­տու­նե­րուն մէջ ներ­կա­յաց­ուած ու  գլուխ դարձ­նող զա­նա­զան հա­ցա­տե­սակ­նե­րուն չափ, Հա­յաս­տա­նին ու հա­յու­թեան դի­մաց քա­ղա­քա­կան, ռազ­մա­վա­րա­կան ու ըն­կե­րատն­տե­սա­կան ճոխ ու հա­րուստ այ­լընտ­րանք­ներ չկան: Հե­տե­ւա­բար, սահ­մա­նա­փակ­ուած ու շր­ջա­փակ­ուած իրա­կա­նու­թեան ու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին վտան­գա­ւոր զար­գա­ցում­նե­րուն մէջ, մեր բեր­դը ներ­սէ՛ն ամուր պա­հե­լու հրա­մա­յա­կա­նին առ­ջեւ կը կանգ­նինք բո­լորս…: Բեր­դը ներ­սէն ամուր պա­հե­լու հիմ­նա­կան պայ­ման­նե­րը սա­կայն` ժո­ղո­վուր­դը իր ար­դա՛ր ու հո­գե­ւոր հա­ցէն չզըր­կելն է, ժո­ղո­վուր­դը իր հա­ւաք­ական հա­ցի պատ­րաս­տու­թեան, այս պա­րա­գա­յին պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան լի­իրաւ մաս­նա­կից դարձ­նելն է, հա­ցին փշ­րան­քը չէ՛, այլ ամ­բո՛ղջ հա­ցը տրա­մադ­րելն է, փռա­պան-յա­ճա­խորդ յա­րա­բե­րու­թեան նման, իշխա­նու­թիւն-ժո­ղո­վուրդ բնա­կա­նոն վս­տա­հու­թեան վրայ հիմն­ուած յա­րա­բե­րու­թեան վե­րա­կանգ­նումն է ու վեր­ջա­պէս մեր ազ­գա­յին օճա­խին լոյսն ու ջեր­մու­թիւնը, որ թափ կ՛առ­նէ մեր բազ­մա­դար­եան պատ­մու­թե­նէն եկող ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան ար­ժէք­նե­րուն կայ­ծով, վառ ու ան­մառ պա­հելն է:

Գէորգ Յակոբճեան

Վիեննա

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.