«Նոր Զարթօնք» երիտասարդական միութեան հայեացքը
1873
0
Թուրքիոյ մէջ գործող «Նոր Զարթօնք» երիտասարդական միութիւնը վեց տարիէ ի վեր կը գործէ, իսկ անկէ առաջ երկար ժամանակ գոյութիւն ունեցած է որպէս համացանցային հաղորդակցութեան ելգիրի խումբ, ուր սահմանափակ թիւով մտաւորականներու միջեւ կը քննարկուէին համայնքի վերաբերեալ նիւթեր եւ հայութիւնը յուզող խնդիրներ։ «Նոր Զարթօնք» անունը ընտրուած է քանի որ իր հիմնադրութեան թուականին՝ 2004-ին, Պոլիս կեդրոնացած հայութեան համար նոր զարթօնքի շրջան մըն էր։ «Զարթօնք» եզրը յատկապէս օգտագործուած է իբրեւ մատնանշում 19-րդ դարու հայ զարթօնքին։
Նախքան Հրանդ Տինքի սպանութիւնը «Նոր Զարթօնք»-ի տղաքը դիմում կատարած էին ժողովրդավար խմբակցութիւն մը կազմելու աշխատանքներու գծով, բայց դժբախտաբար Տինքի սպաննուիլը դարձաւ մարդիկ իրարու քով բերող գործօնը եւ իրական աշխուժութիւնը միայն այն ատեն սկսաւ։ Տղաքը սկիզբը կը կազմակերպէին բանախօսութիւններ։ Յետոյ կամաց-կամաց ոտքի ելլելով անոնք սկսած են մասնակցիլ ցոյցերու ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ ճնշուած միւս փոքրամասնութիւններուն վերաբերող նիւթերով։
«Նոր Զարթօնք»-ի տեսլականը
Միութիւնը կ՚ուզէ փոխել Թուրքիոյ ներկայ համակարգը եւ կը հաւատայ որ այդ փոփոխութեան մէջ կը կայանայ հայութեան փրկութիւնը, բայց անշուշտ գիտակից է նաեւ որ միայն Հայերը փրկելով համակարգը չի փոխուիր եւ հարկ է բոլոր փոքրամասնութիւններուն եւ խմբաւորումներուն փրկութեամբ ստեղծել ժողովրդավար նոր համակարգ մը։ Այդ նպատակով տղաքը հիմնած են «Նոր Ռատիօ» համացանցային ձայնասփիւռը, որուն բոլոր հաղորդավարներն ալ «Նոր Զարթօնք»-ի անդամներ չեն, քանի որ 9 լեզուով ծրագրեր կը պատրաստեն։
«Նոր Զարթօնք» կը հետաքրքրուի բնապահական, կիներու եւ միասեռականներու իրաւունքներուն առընչուող խնդիրներով եւս։ Միութիւնը սկսած է լոյս ընծայել նաեւ «Նոր Զարթօնք» անունով թերթ մը։ Առաջին թիւին յօդուածներուն մեծամասնութիւնը թրքերէնով է, որպէսզի թուրք հանրութեան հասանելի ըլլայ տղոց ձայնն ու գաղափարները։ Կազմակերպուած ցոյցերուն կը մասնակցին ոչ միայն Հայեր, այլեւ Թուրքեր, Քիւրտեր ու Ալեւիներ։ Միութեան անդամներէն Սայեաթ Թեքիր կ՚ըսէ. – «Մենք ազատ խումբ մըն ենք եւ կապուած չենք որեւէ քաղաքական ուժի։ Դժբախտաբար կապեր չունինք Սփիւռքի կամ նոյնիսկ հայաստանեան կազմակերպութիւններու հետ, բայց պատրաստ ենք համագործակցելու, այնքան ատեն որ մեր նպատակները եւ գաղափարախօսութիւնները կը համընկնին»։
«Նոր Զարթօնք»-ը եւ Սփիւռքը
«Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է նաեւ մեր ընտանիքներուն մէջ եւ թրքական կառավարութեան ատոր ժխտման քաղաքականութիւնը նաեւ ուղղուած է մեր դէմը անշուշտ, սակայն ի տարբերութիւն Սփիւռքին, մենք միասին կ՚ապրինք ցեղասպանութիւնը հերքողներուն հետ։ Անդին, չենք կրնար զանց առնել ձախակողմեան դասակարգերը որոնց հետ կը համագործակցինք», կը մատնանշէ Սայեաթ Թեքիր եւ կ՚աւելցնէ. – «Մենք, որպէս «Նոր Զարթօնք» պէտք է գործակցինք սփիւռքեան եւ հայաստանեան կազմակերպութիւններու հետ, որպէսզի կարենանք միասին կեցուածքներ ունենալ եւ ձայն բարձրացնել միասին։ Գիտենք որ նախապաշարումներ կան պոլսահայերուն նկատմամբ, թէ ինչո՛ւ տակաւին Թուրքիա կ՚ապրինք։ Մեզի կը հարցնեն թէ ինչո՞ւ չենք մեկնիր, մենք ալ կը պատասխանենք՝ որ կը մնանք, որպէսզի ներսէն պայքարինք ցեղասպանութեան ճանաչման, բայց նաեւ այլ իրաւունքներու համար։ Մենք պիտի մնանք հոս եւ պիտի պայքարինք ոչ միայն Հայերու իրաւունքներուն համար, այլ՝ ընդհանրապէս այս երկրին ժողովրդավար դառնալուն համար»։
«Նոր Զարթօնք»-ի հայեացքը՝ կրթութեան մասին
Պետութեան ամենէն կարեւոր գաղափարախօսական միջոցներէն մէկը հանդիսացող կրթութիւնը, դրամատիրական շահերուն համեմատ կը բաղկանայ ազգայնականութենէ, ցեղապաշտութենէ եւ մրցակցութենէ։ Բացի ատկէ, կրթութիւնը նաեւ կը կիրարկուի որպէս ձուլումի միջոց թուրք եւ սիւննի չեղող բոլոր ազգային, կրօնական եւ լեզուական ինքնութիւններուն դէմ։
«Նոր Զարթօնք» դէմ է խտրական, ցեղապաշտական, ագայնամոլական եւ միակողմանի կրթութեան հասկացողութեան, կը մերժէ պարտադիր կրօնքի դասապահը։ Կը պաշտպանէ այն կրթութիւնը, որ կը սկսի նախքան դպրոցը եւ կը շարունակուի ամբողջ կեանքի ընթացքին, անվճար է, հաւասար է, ժողովրդավար է, գիտական է, մայրենի լեզուով է եւ բոլորին հասանելի է։ Մրցակցութեան եւ անհաւասարութեան վրայ հիմնուած եւ այս անհաւասարութիւնը խորացնող քննութիւններու համակարգին դէմ է։ Կը պաշտպանէ համալսարաններու ակադեմական եւ գիտական ազատութիւնը եւ համալսարաններու իր գիտնականներուն կողմէ ղեկավարուիլը։ «Նոր Զարթօնք» կը միտի ամբողջովին ցրել Թուրքիոյ Հանրապետութեան Բարձր Ուսման Խորհուրդը։
«Նոր Զարթօնք» կրթութիւնը կը նկատէ որպէս գլխաւոր միջոցներէն մէկը՝ ժողովուրդներու միատեղ, եղբայրաբար ապրելուն համար։ Իր նպատակն է կրթութիւնը բնորոշել հաւասարութեամբ, ժողովուրդներու եղբայրութեամբ, մարդկային իրաւունքներով, ժողովրդավարութեամբ եւ խաղաղութեամբ։ Մայրենի լեզուով կրթութիւնը կը դասէ որպէս իրաւունք, եւ միատեղ ապրելու բանալի։ Մայրենի լեզուով կրթութիւնը եւ այլ ժողովրդավարական պահանջները երբ նկարագրուին որպէս իրաւունքներ եւ դառնան համատարած, հասարակութեան միջեւ տարբեր ինքնութիւններու դէմ եղած նախապաշարումները եւ վախերը պիտի փարատին եւ բնականոնացման ընթացք մը տեղի պիտի ունենայ։