Համակարգային փոփոխութեան ընտրութիւն(ներ)ը
Խ. Տէր Ղուկասեան
Ռուսիոյ մէջ Սեպտեմբեր 18ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին վերլուծական յօդուածով հանդէս եկած է Անտրէյ Փերցեւ «Գարնըկի» հիմնարկութեան Մոսկուայի կեդրոնի համացանցային էջին վրայ նոյն ամսոյն 30ին ստորագրած «Ամէն ինչի դէմ. Ռուսիոյ նոր մեծամասնութիւնը» գրութեամբ: Ընտրութիւնները հազիւ թէ այսքան բաւարարութիւն պատճառէին Վլատիմիր Փութինի եւ իր իշխանակարգին: Նախագահին կուսակցութիւնը՝ Միացեալ Ռուսիա, եւ Քրեմլինի հովանաւորութեան տակ գտնուող քաղաքական միւս ուժերը՝ Համայնավար, Լիպերալ Դեմոկրատ եւ Արդար Ռուսիա, երկրի Խորհրդարանը դրին Գործադիր Իշխանութեան բացարձակ վերահսկողութեան տակ: Աւելի՛ն, ընդդիմադիր ազատական ուժերը, որոնց շարքին՝ Եապլոքօ, հազիւ հինգ տոկոսի հաշուով քուէներ ստացան: Մինչեւ 2018ի ընտրութիւնները Փութին կրնայ հանգիստ մնալ. Տուման Գործադիրի ոչ մէկ նախաձեռնութիւն ձախողեցնելու կարողութիւնը պիտի ունենայ: Սակայն խորհրդային կարգերու փլուզումէն ի վեր առաջին անգամն է, որ ընտրական գործընթացին այսքան ցած մակարդակի մասնակցութիւն կը ստացուի. քուէարկողներու հազիւ 48 տոկոսը: Նախագահին մեկնաբանութեամբ, քուէարկութեան հանդէպ քաղաքացիներու անտարբերութիւնը ցուցանիշ է իրենց բաւարարութեան՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն: Յօդուածագիրը, սակայն, կը կարծէ, թէ խորքին մէջ Փութին խորապէս մտահոգ է, որովհետեւ քաղաքացիներուն անտարբերութիւնը ե՛ւ իշխանութիւններուն, ե՛ւ ընդդիմութեան, ե՛ւ ամէն ինչի հանդէպ է: Քուէատուփ ներկայանալու մերժումը բողոքի նշան է: Եւ թէեւ դժգոհներու այս մեծամասնութիւնը քաղաքական ուժի պիտի չվերածուի մէկ օրէն միւսը, սակայն նոյնքան անկանխատեսելի է, թէ այդ դժգոհութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ արտայայտուիլ ապագային: Հակառակ ամբողջատիրական իր բնազդին ու յստակ հակումներուն, Փութին նաեւ կը հասկնայ, որ միակուսակցական վարչակարգի բացառութեան պայմաններուն անհրաժեշտ է քաղաքական ուժերու յաւելեալ հաւասարակշռութիւն, որպէսզի համակարգը ներքնապէս ըլլայ աւելի ուժական եւ միջոց ստեղծէ բանակցային աշխուժութեան:
Նման մտահոգութիւն չկայ Ազրպէյճանի մէջ: Ալիեւի սուլթանական հանրապետութիւնը խորհրդային կարգերու փլուզման եւ երկրի վերանկախացման քսանհինգամեակը նշեց ժողովրդային եօթանասուն տոկոսի մասնակցութեամբ հանրաքուէով մը Սեպտեմբեր 26ին, որուն արդիւնքով քաղաքացիներու 85 տոկոսը համաձայն գտնուեցաւ նախագահական իշխանութեան ժամանակաշրջանը հինգէն եօթը տարիի բարձրացնելու: Այս ձեւով Ալիեւ իր երրորդ ընտրութեան ժամանակաշրջանը պիտի աւարտէ 2020ին: Եւ քանի որ սահմանադրական բարեփոխումներու փաթեթը կ’ընդգրկէ նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածութեան տարիքը 25էն 18ի նուազեցնել, Նախագահը, կը կասկածին իր հակառակորդները, առիթ պիտի ունենայ իր անձնական ընտանիքէն շատ անդամներու ապահովել խորհրդարանական աթոռ մը: Եւրոպայի Վենետիկեան Յանձնաժողովը, ինչպէս նաեւ Միջազգային Ներում եւ այլ կազմակերպութիւններ, զգուշացուցին սահմանադրական փոփոխութիւններուն ա՛լ աւելի տկարանալէն եւ ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնը Նախագահին ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնելէն: Կառավարութիւնը պարզապէս անտեսեց բոլոր քննադատութիւնները, դիտել տալով որ սահմանադրական նոր իրավիճակը պիտի հեշտացնէ տնտեսական բարեկարգումները: Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Ատրպէյճանի մէջ Ալիեւներու ժառանգական իշխանութիւնն է, որ կ’ամրագրուի որպէս ժողովրդավարական կարգերու ծաղր, որուն, կարծես թէ, Արեւմուտքը հանդուրժելու պատրաստ է. ի վերջոյ Ատրպէյճան քարիւղ ունի, բնական կազ ունի եւ Ալիեւ մի ոմն Ուկօ Չավէս չէ, որ «21րդ դարու ընկերվարութեան» մասին խօսի… Ատրպէյճանի մէջ համակարգի ամրագրումը իրողութիւն է, եւ Ալիեւեան մենիշխանութիւնը մտահոգ չէ բնաւ:
Վրաստանն ալ Հոկտեմբեր 8ին խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի անցկացնէ: Համակարգային փոփոխութիւն եղաւ հոն չորս տարի առաջ, երբ հաստատուեցաւ խորհրդարանական վարչակարգ եւ Վարդերու Յեղափոխութեան ղեկավար ու երկիրը Ռուսիոյ դէմ պատերազմի առաջնորդած Սաաքաշվիլին եւ իր քաղաքական ուժը պարտուեցան: Թէ որքանո՛վ Վրաստանի քաղաքացիներու կենսամակարդակը բարելաւուած է, եւ քաղաքական զարգացումը որակային ոստում արձանագրած է 2003էն ի վեր, բանավէճի հարց կրնայ ըլլալ: Բայց իրողութիւն է, որ, ինչպէս Թամըս Տը Վաալ կը գրէ Սեպտեմբեր 26ին իր հրատարակած մէկ յօդուածով, վրացական պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով փրկարար դէմքեր, ուժեղ քաղաքական անձնաւորութիւններ չեն տիրապետեր ընտրարշաւին, եւ թէեւ իշխող Վրացական Երազանք կուսակցութիւնը ընտրութիւնները շահելու մեծ հաւանականութիւն ունի, հազիւ թէ յաղթանակը երաշխաւորուած ըլլայ: Մէկ խօսքով՝ համակարգային փոփոխութիւնը առաջացուցած է քաղաքական ուժերու մրցակցութեան քիչ թէ շատ առողջ մթնոլորտ, եւ թէեւ անիրական պիտի ըլլայ ենթադրել, թէ երկրի մեծ կապիտալը ազդեցութեան իմաստով չէզոքացուած է, այնուամենայնիւ Արեւմտեան հանրային կարծիքին ընկալումով ժողովրդավարութիւնը Վրաստանի մէջ որակական յառաջընթաց արձանագրած է: Այս մէկը նախ եւ առաջ վրացի քաղաքացիներու ձեռքբերումն է վրացական հասարակութեան եւ Վրաստանի համար, ապա նաեւ արտաքին աւելի հաւասարակշռուած դիրքեր ունենալու, վստահութիւն ներշնչելու եւ ներդրումներ ապահովելու մեծ առաւելութիւն:
Կոալիցիոն ժողովորդավարութեան փորձառութիւնէն ի վեր Հայաստանի մէջ մենաշնորհային դրամատիրութեան առաջացուցած օլիկարգային խաւը ստեղծած է համակարգ մը, որուն նպատակը իրերայաջորդ ընտրութիւններու ժամանակ ինքնավերարտադրումը եղած է: Արդիւնքով՝ Հայաստանի մէջ դեռեւս 1996էն սկսեալ քաղաքական ցնցումները անպակաս եղած են: Անոնցմէ ամենէն ապակայունացնողները հանդիսացան անկասկած 1999ի քաղաքական սպանութիւնները եւ 2008ի նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդած արիւնահեղութիւնը: Բայց յատկապէս 2013ի ընտրութիւններէն յետոյ, երբ յուսախաբութիւն պատճառեց նաեւ ընտրութիւններու արդիւնքները հարցականի տակ դրած ընդդիմադիր թեկնածուին ձախողութիւնը՝ հասարակական դժգոհութիւնը քաղաքական ուժի վերածելու եւ փոփոխութիւն առաջացնելու, հասարակութեան համատարած համակերպումը ստեղծուած իրավիճակին՝ նպաստեց համակարգին, որուն ներկայացուցիչ մեծամասնական քաղաքական ուժը Հանրապետականը Խորհրդարանէն ներս ունէր ձայներու մեծամասնութիւն եւ, հետեւաբար, որոշումներու հեզասահ անցկացման քուէներու կայունութիւն: Արդիւնքը, սակայն, հիասթափիչ եղաւ: Երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնը անդրադարձաւ, որ հասարակական համակերպումը ոչ միայն լճացման հոմանիշ էր, այլեւ բարացուցական՝ այն իրողութեան, որ տիրող կենսամակարդակային ահաւոր պայմաններուն մէջ արտագաղթը վերածուած էր ընտանեկան վերապրումի ապահովման համոզիչ լուծումի: Բայց նաեւ առաջացած էր անկախութեան նոր սերունդ մը, որ անտարբեր քաղաքական ուժերուն նկատմամբ, առանց իշխանութեան տիրանալու հաւակնութեան, այնուամենայնիւ կարող էր հասարակական մասնայատուկ հարցերով բողոքի զօրաշարժ առաջացնել: Այդ զօրաշարժերու արդիւնքը հազիւ թէ համակարգային փոփոխութեան առաջնորդէր, այնուամենայնիւ, բարեբախտաբար, քաղաքական գոնէ որոշ հատուածի համար զգաստութեան հրաւէր եղան: Հետեւաբար, փաստ է, քաղաքական ուժերը, իշխող Հանրապետականը եւ նախագահ Սարգիսեան ինք անձնապէս, անցեալ տարի իսկ, զուգադիպաբար Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցին, որ համահայկական հնչեղութեամբ նշուեցաւ, հասան համակարգային փոփոխութիւններու իրականացման համոզման եւ սկիզբ տուին գործընթացին: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմն ու Յուլիսեան դէպքերը եկան ե՛ւ շեշտելու այդ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը, ե՛ւ միաժամանակ ցոյց տուին, թէ որքան թերահաւատութիւն դեռեւս կայ քաղաքացիներուն մօտ այդ փոփոխութիւններու նկատմամբ…
Դեկտեմբեր 2013ին երբ յստակ դարձաւ, որ այն ատեն ընդդիմադիր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ո՛չ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցէր, ո՛չ ալ քաղաքական որեւէ ուժի թեկնածուի պիտի սատարէր եւ հանդէս կու գար համակարգային փոփոխութեան եօթը կոնկրետ կէտերու առաջարկով, յղացքը կը գործածէին միայն դաշնակցականները: Հանրապետական-ՀՅԴ համագործակցութեան համաձայնագիրը եկաւ յուշելու, որ Դաշնակցութեան համոզումը դարձած է նաեւ խորհրդարանական քաղաքական մեծամասնական ուժի եւ ընդհանրապէս համակարգին հետ նոյնացող կուսակցութեան համոզումը: Ժխտական կամ շնական տրամադրուածութիւն, որ միշտ ալ կայ հասարակութեան մէկ խաւին մօտ, Հանրապետականի այս համոզումը ընկալեց եւ մեկնանաբանեց որպէս համակարգի մէկ նոր աճպարարութիւնը՝ ինքզինք վերարտադրելու, թէկուզ եւ այս անգամ խորհրդարանական վարչակարգի հագուստներով: Նման հեռանկար անշուշտ բացառելի չէ. Սաաքաշվիլին կարծեց, որ խորհրդարանական վարչակարգի անցնելով պիտի ապահովէր իշխանութեան վրայ իր շարունակականութիւնը: Անկախ անկէ, որ Սաաքաշվիլիի ձախողութիւնը կու գայ յուշելու, որ եթէ համակարգային վերարարտադրութեան սադրանք կայ, այդ սադրանքէն անպայմանօրէն յաջողելու երաշխիք չունի, սխալ է նաեւ կասկածի տակ առնել, թէկուզ եւ համակարգին մօտիկ քաղաքական ղեկավարներու մտահոգութիւնը երկրի մէջ տիրող քաղաքական վատառողջ, չըսելու համար արդէն անելի մատնուած, իրավիճակին նկատմամբ, որուն հետեւանքով ալ անկեղծօրէն համոզուած են համակարգային փոփոխութեան անհրաժեշտութեամբ: Արդիւնքով՝ համակարգային փոփոխութիւնները հիմա արդէն ամէնուն բերանն են, ամէն քաղաքական անձնաւորութիւն, առանց գաղափարական խտրականութեան, կը խօսի անոնց մասին, եւ հակառակ որ հաւանաբար իւրաքանչիւրը յղացքը կը հասկնայ իր ուզած ձեւով, բոլորն ալ կոնկրետ կը մտածեն 2017ի ընտրութիւններուն մասին: Չեն սխալիր: Համակարգային փոփոխութիւնը իր ամենապարզ եւ ամենաընթացիկ մեկնաբանութեամբ նախագահական վարչակարգէն խորհրդարանական վարչակարգի անցնիլն է: Հարցը սակայն այն է, որ երբ համակարգային փոփոխութեան դերակատար են բոլորը, ե՛ւ անոր տարրին ու ոգիին հաւատացողները, ե՛ւ անոնք որոնք այդ մասին կը խօսին համակարգի վերարտադրութիւնը երաշխաւորելու համար, համակարգային փոփոխութիւնը խանդավառութիւն ստեղծելու փոխարէն շփոթի եւ կասկածանքի տեղի կու տայ: Աւելի կարեւոր՝ համակարգային փոփոխութիւնը հասանելի չէ հասարակական լայն խաւերուն, անոնց՝ որոնք մտահոգ են, օրինակի համար, նախ եւ առաջ իրենց խաղողի բերքը ծախելով, եւ միւսներուն՝ որոնք ըստ երեւոյթին միեւնոյն համակերպումով քուէարկեցին սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին յաջորդած առաջին քուէարկութեան՝ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Հոկտեմբեր 2ին: Անոնց ընթացքին համակարգի մօտիկ թեկնածուներն են որ, ըստ առաջին տեղեկութիւններուն, յարաբերաբար ազատ, մաքուր եւ մասնակցութեան պատկառելի տոկոսով յատկանշուած քուէարկութեամբ շահեցան ընտրութիւնները:
Բացառելով անշուշտ Ատրպէյճանին օրինակը, Հայաստանի մէջ ընտրական բոլոր գործընթացները արտաքին աշխարհին համար պէտք է յստակօրէն ընկալուին որպէս ռուսական բնորդէն հեռացող եւ վրացական տարբերակին նմանող ընտրութիւններ, որպէսզի Վենետիկի Յաձնաժողովին կողմէ դրական վարկանիշ ստացած սահմանադրական փոփոխութիւններու հեռանկարը Եւրասիական Տնեսական Միութեան մէջ ընդգրկուած Հայաստանին ալ ընձեռէ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ աւելի հաւասարակշռուած կեցուածքներու կարելիութիւն:
Արտաքին նկատառումներէն անկախ, սակայն, համակարգային փոփոխութիւնը պէտք է համոզէ նախ եւ առաջ քաղաքացիական հասարակութիւնը: Այդ մէկը իրականութիւն կը դառնայ միայն, երբ շարքային քաղաքացին կարենայ տարբերել համակարգային փոփոխութիւնը սոցիալական արդարութեան հետ հաւասարեցնող քաղաքական ուժերն ու պատգամը՝ համակարգի այս կամ այն ձեւով շարունակման ձգտող քաղաքական ուժերէն: Մենաշնորհներու դէմ պայքարն ու անոնց վերարտադրման կանխարգիլումը առաջին եւ անհրաժեշտ քայլն են անշուշտ: Բայց ուշադիր պէտք է ըլլալ այդ մէկը «պիզնէս մտածողութեան» որպէս թէ իմաստութեան հետ նոյնացնելու ամէն փորձութենէ: Նոյն այդ «պիզնէս մտածողութիւնը» Հայաստանի մէջ հաստատուած մենաշնորհային դրամատիրութեան գաղափարախօսական դիմակն է, այն բառապաշարը, որ իւրայատուկ է երկիրն ու պետութիւնը ձեռնարկութեան մը նման ղեկավարելու փորձառու Ընդհանուր Տնօրէններու: Այս վերջինները վարժ են պիւտճէ կրճատելու, մարդ գործէ արձակելու, զարգացման համար ներդրումներով մտահոգուելու, բայց ծանօթ չեն աղքատութեան վերացման, հարստութեան արդար վերաբաշխումի եւ աշխատանքային պայմաններու բարելաւման հասկացութիւններուն, որոնք մաս իսկ չեն կազմեր իրենց տեսադաշտին կամ տրամաբանութեան: Բայց երկիրն ու ժողովուրդը տարբեր են թէկուզ եւ միլիոնաւոր աշխատաւորներ ունեցող ձեռնարկութիւններէ: Կառավարական ղեկավար մը չի կրնար մտածել Սի. Ի. Օ.-ի մը նման, որովհետեւ այս վերջինս եթէ նոյնիսկ ձեռնարկութիւնը սնանկացնէ, իր տարեկան յաւելեալ վարձատրութիւնը երաշխաւորած է արդէն… Այդ իսկ պատճառով, որքան ալ արտաքին ճակատին վրայ ազգային միասնականութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ թշնամին պիտի չզանազանէ հայը ուրիշ հայէ մը, ներազգային ոլորտին մէջ, ի դէմս յաջորդ ընտրութիւններուն, որոնք կենսական պիտի ըլլան համակարգային փոփոխութեան համար, նոյնքան անհրաժեշտ է գաղափարախօսական տարբերումը եւ տեսլականի յստակացումը՝ մէկ կողմէ գիւղացի, բանուոր, փոքր ու միջին ձեռնարկատէր, թէ ազատ ասպարէզի մասնագէտ ժողովրդային զանգուածի աշխատանքի դատին պաշտպան եւ միւս կողմէ շահագործող օլիկարգին մենաշնորհներու շարունակման հետամուտ քաղաքական ուժերուն միջեւ: Միայն առաջիններն են, որոնք երաշխիք են համակարգային փոփոխութեան: