Փորձագէտ. «Սպառնալիքի Պարագային Երեւանը Կրնայ Օգտագործել Իսքանտեր Հրթիռային Համակարգը»
- (0)
eadaily.com կը գրէ‚ որ մինչ Երեւան Անկախութեան օրուան նուիրուած զինուորական տողանցքի փորձի ընթացքին կը ցուցադրէ ռուսական արտադրութիւն եղող Իսքանտեր հրթիռային համակարգերը‚ երկրի լրատուամիջոցները ողողուած են այս լուրով։ Այդ մէկը անակնկալ մը չէ‚ նկատի ունենալով‚ որ Հայաստանը դարձած է առաջին երկիրը‚ որ ստացած է Իսքանտեր կարճ հասողութեամբ հրթիռային համակարգերը։
Փորձագէտները Հայաստանի կողմէ այդ հրթիռներու օգտագործման առիթներուն շուրջ տարբեր կարծիքներ ունին։ Ոմանք կ’ըսեն թէ Իսքանտեր համակարգերը ղարաբաղեան տագնապին մէջ Ազրպէյճանը զսպող ազդակ մը պիտի ըլլայ‚ իսկ ուրիշներ կը յայտնեն‚«Այդ հրթիռները պիտի չօգտագործուին Ազրպէյճանի դէմ»։
Զինուորական ռուս մասնագէտ Ալեքսանտր Փերենճիեւ համամիտ է այս պնդումին‚ թէեւ որոշ վերապահութեամբ։ Մասնագէտը Իսքանտեր համակարգին մատակարարումը չի կապեր Ազրպէյճանէն եկող վտանգին։
«Երեւանը Հասարակական անվտանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ Ռուսիոյ դաշնակիցն է‚ եւ կը կառուցենք հասարակաց պաշտպանութեան համակարգ մը‚ որ կը ներառէ բաղադրիչ տարբեր մասեր։ Իսքանտերներու մատակարարումը պէտք է նկատի առնուի այս պարունակին մէջ»‚ eadaily.com-ի ըսած է Փերենճիեւ։
Անոր խօսքով՝ Ռուսիա Ազրպէյճանին չի կրնար «Իսքանտեր» հրթիռներ մատակարարել՝ տարբեր պատճառներով‚ ներառեալ որովհետեւ Պաքու ՀԱՊԿ-ի անդամ չէ։ «Ազրպէյճան պարզապէս Ռուսիոյ գործընկեր մըն է եւ ոչ թէ՝ դաշնակից մը»‚ ըսաւ ան։
Նոյն ատեն‚ մասնագէտը կ’ընդունի‚ որ «Իսքանտեր» համակարգերու մատակարարումը նաեւ պէտք է նկատի առնուի ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ լարուած կացութեան ծիրին մէջ‚ ապրիլեան պատերազմի կրկնութեան սպառնալիքի ծիրին մէջ‚ ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի ռազմատենջ յայտարարութիւններուն‚ թէ իրենք պատրաստ են «որեւէ պահու յարձակում գործելու Ստեփանակերտի դէմ»։
«Այս առումով՝ կը կարծեմ‚ եթէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան իսկական սպառնալիք մը ըլլայ‚ Երեւան կրնայ օգտագործել իր տրամադրութեան տակ գտնուող «Իսքանտեր» հրթիռային համակարգերը։ «Իսքանտեր» համակարգերու գոյութիւնը կենսական ազգակ մըն է։ Գաղտնիք չէ‚ որ Ռուսիան ռազմական հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար նաեւ զէնք կը տրամադրէ Ազրպէյճանի։ Սակայն իր դաշնակից Հայաստանին Ռուսիոյ կատարած զէնքի մատակարարումները գրեթէ առանց վճառումի են‚ մինչ Պաքու անոնց համար կը վճառէ։ Ռուսիան տարածաշրջանին մէջ այսպիսի հետաքրքրական քաղաքականութիւն մը կը վարէ»‚ եզրափակած է Փերենճիեւ։
