ՀՅԴ թեկնածուները յաղթական Գանձաքար, Բերքանուշ, Ուջան, Արտաշաւան, Կաքաւաձոր եւ Կաթնաղբիւր գիւղերու ընտրութիւններուն

 

Հայաստանի մէջ Սեպտեմբեր 18-ին կայացած տեղական ընտրութիւններու ընթացքին, Տաւուշի մարզի Գանձաքար գիւղի համյանքապետ է ընտրուած է ՀՅԴ անդամ Վարդգէս Դովլաթբէկեանը: Հաւաքելով 997 ձայն` ան պարտութեան է մատնած է գործող` Հանրապետական (ՀՀԿ) գիւղապետ, ՀՀԿ-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածու Շահէն Շահինեանին: Նշենք, որ վերջինս հաւաքած է 855 քուէ:

Արարատի մարզի Բերքանուշ գիւպին մէջ յաղթած է ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած Մանուէլ Հայրապետեանը:

Արագածոտնի մարզի Ուջան գիւղի համայնքապետ ընտրուած է Դաշնակցական Նաիրի Կիրակոսեանը:

Արագածոտնի մարզի Արտաշաւան, Կաքաւաձոր եւ Կաթնաղբիւր գիւղերուն մէջ յաղթած են ՀՅԴ-ական թեկնածուները. Արտաշաւանի մէջ՝ Ղազար Կարապետեանը, Կաքաւաձորի մէջ՝ Հայկ Բաղդասարեանը, Կաթնաղբիւրի մէջ՝ Աշոտ Յովհաննիսեանը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.