Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նիակարայի երեսփոխան Վանս Պատաուէյի հետ քննարկեց հայութեան առնչուող շարք մը հարցեր
1400
0
Սեպտեմբեր 7-ին, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ Սենթ Գաթրինզի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Կարպիս Գաւազանճեան հանդիպում ունեցան Կեդրոնական Նիակարայի ընտրատարածքի Ազատական երեսփոխան Վանս Պատաուէյի հետ:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները Գանատայի խորհրդարանի անդամ Պատաուէյի ներկայացուցին եւ անոր հետ քննարկեցին Հայ Դատի առնչուող առաջնահերթ շարք մը հարցեր, որոնց շարքին Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան հակադարձելու անհրաժեշտութիւնը, Արցախի հիմնահարցը, սուրիահայ ներգաղթողներուն օժանդակելու՚ հոլովոյթը եւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական խմբակցութեան աշխատանքները։