Իրաքի Քրիստոնեաները Նինուէի դաշտին մէջ կը փորձեն ինքնավար պետութիւն մը հիմնել

 

Horizon Weekly Newspaper

foxnews.com կայքը կը հաղորդէ‚ որ իր պապենական հողերէն վտարուած եւ իսլամական ահաբեկիչներու կողմէ հալածուած քրիստոնեաները կը ձգտին ունենալ իրենց ինքնավար շրջանը‚ երբ Միջին Արեւելքի մէջ բռնարարքներն ու հակամարտութիւնները վերջ գտնեն։

Իրաքի քրիստոնեայ եւ եզիտի համայնքի‚ ինչպէս նաեւ այլ փոքրամասնութիւններու ղեկավարներ անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ ժողով մը գումարեցին եւ ներկայացուցին Իրաքի Նինուէի դաշտին մէջ գերիշխան պետութիւն մը յառաջացնելու ծրագիր մը։ Անոնց ծրագիրը կը վայելէ զօրակցութիւնը շարք մը օրէնսդիրներու‚ ներառեալ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան անդամ Նեպրասքայէն հանրապետական Ճեֆ Ֆորթընպերին‚ որ անցեալ շաբաթ Քոնկրեսին ներկայացուց այդ գաղափարին աջակցող բանաձեւ մը։

Գոնկրէսական Ֆորթընպերի անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած «Ի պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» ազգային խորհրդաժողովի ընթացքին ներկաներուն ըսաւ. «Քրիստոնեաներ‚ եզիտիներ եւ ազգային ու կրօնական այլ փոքրամասնութիւններ ՏԱՀԵՇ-ի (Իսլամական Պետութիւն, ISIS) գործած ահաւոր ցեղասպանութեան պատճառով ջարդուած ու վտարուած են իրենց տուներէն»։

Ծրագիրը պատասխան մըն է անցեալ Մարտին Քոնկրեսի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւններուն‚ թէ ՏԱՀԵՇ պատասխանատու է շրջանին մէջ Քրիստոնեաներու եւ կրօնական ու ազգային այլ փոքրամասնութիւններուն դէմ ցեղասպանութեան։ Ծրագիրին աջակցողները կ՚ըսեն‚ որ անվտանգութեան գօտի մը‚ որ հետագային կրնայ գերիշխան պետութեան մը վերածուիլ‚ կրնայ արտօնել‚ որ անոնք ապահով մնան սեւազգեստ ժիհատական բանակէն։

«Յառաջիկայ մեր քայլը պիտի ըլլայ Նինուէի դաշտի մէջ ապահովութեան ու կենսունակութեան վերականգնումը՝ այդպիսով արտօնելով վերադարձը անոնց‚ որոնք ստիպուեցան փախուստ տալու»‚ ըսաւ Ֆորթընպերի՝ աւելցնելով.«Այս որոշումը‚ որ հիմնուած է Նինուէի դաշտային շրջանին մէջ նահանգ մը ստեղծելու Իրաքի կառավարութեան սեփական նախաձեռնութեան վրայ‚ կը ձգտի վերականգնել տառապող փոքրամասնութիւններու պապենական հայրենիքը»։

Նինուէի դաշտային շրջանը‚ որ նաեւ ծանօթ է Մուսուլի դաշտ անունով‚ ասորի եւ քաղդէացի քրիստոնեաներու‚ եզիտիներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու պապենական հայրենիքը եղած է։ Անոնք բոլորն ալ յարձակումի ենթակայ դարձան‚ երբ 2014-ին ՏԱՀԵՇ սկսաւ գրաւել շրջանը։

Ըստ կաթողիկէ միջազգային մարդասիրական օժանդակութեան Aid to the Church in Need կազմակերպութեան Նոյեմբեր 2015-ի զեկուցումին‚ Իրաքի քրիստոնեայ բնակչութեան թիւը 2003-ի 1‚5 միլիոնէն այժմ նուազած է 275 հազարի եւ կրնայ հինգ տարուան ընթացքին վերջնականօրէն չքանալ‚ եթէ առաջքը չառնուի։ Թիւի անկումը ցեղասպանութեան‚ արտագաղթի‚ ներքին տեղահանութեան պատճառով է ինչպէս նաեւ իրենց հաւատքը ծածուկ պահող կամ հաւատքէն հեռացողներուն պատճառով։

Ըստ կարգ մը գնահատականներու‚ իւրաքանչիւր օր 12 քրիստոնեայ ընտանիքներ փախուստ կու տան Իրաքէն։ ՏԱՀԵՇ-էն փախուստ տալ յաջողած քրիստոնեաներ ապաստանած են Եւրոպա եւ Լիբանան։ Մինչ այդ՝ այլ քրիստոնեաներ հետզհետէ յաւելեալ ճնշումներ կը դիմագրաւեն Իրանի‚ Փաքիստանի‚ Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական ծոցի այլ երկիրներու մէջ։

Տեղահանուածներէն շատեր կ’ուզեն վերադառնալ իրենց հայրենիքը եւ Նինուէի դաշտը կը նկատեն իրենց օրրանը։

«Նինուէի դաշտի նահանգի ստեղծումը մաս կը կազմէ ապակեդրոնացման աւելի մեծ ծրագիրի մը‚ որուն նպատակն է Իրաքի հանրապետութիւնը կայունացնել իշխանութիւն փոխանցելով տեղական համայնքներուն»‚ կ’ըսէ Ռապըրթ Նիքըլսըն՝ գործադիր տնօրէնը Ֆիլոս ծրագիրի‚ որ Ֆորթընպըրիի եւ Քոնկրեսի այլ անդամներու հետ աշխատած է նախագիծը բանաձեւելու համար։ Ան foxnews.com-ի յայտնած է. «Կը հաւատանք‚ որ Իրաքի մէջ անկայունութեան հիմնական պատճառը այն է‚ որ կեդրոնական կառավարութիւնը շատ իշխանութիւն ունի եւ տեղական ազգային ու կրօնական խմբակները կը զգան‚ որ իրենք քաղաքական գործընթացէն դուրս պահուած են»։

Նիքըլսըն կ’ընդգծէ‚ որ իրենք կոչ կ’ուղղեն՝ իրաքեան սահմանադրութեան շրջագիծին մէջ նոր նահանգ մը ստեղծելու եւ ոչ թէ նոր ու անկախ պետութեան մը ստեղծման։

«Իրաքեան սահմանադրութիւնը փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան եւ նոր նահանգներու ստեղծման յստակ կէտեր կը պարունակէ»‚ ըսաւ ան աւելցնելով‚«Յունուար 2014-ին Իրաքի նախարարաց խորհուրդը որոշեց Նինուէի դաշտին մէջ ստեղծել նոր նահանգ մը‚ եւ յաւելեալ երեք այլ նահանգներ‚ սակայն ՏԱՀԵՇ-ի յայտնուիլը այդ ծրագիրներու գործադրութիւնը առկախեց։ Մենք պարզապէս կոչ կ’ուղղենք‚ որ Իրաք վերականգնէ այդ հոլովոյթը‚ երբ ՏԱՀԵՇ ետ մղուի‚ ինչպէս նաեւ կ’ուզենք կարելի եղածին չափ ամերիկեան աջակցութեան մեծ խոստում մը»։

Ուաշինկթընի կողմէ աջակցութիւնը կրնայ ծրագիրին մեծ խթան մը հանդիսանալ‚ ինչպէս նաեւ ենթահող պատրաստել շրջանին համար ապահովութիւն հաստատելու‚ եթէ նոր պետութիւն մը ստեղծուի։

Ծրագիրի ջատագովները կ’ընդունին‚ որ այդպիսի պետութիւն մը կրնայ ստեղծուիլ միայն ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն ետք։ «Ամէն ինչ կախեալ է ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելէն»‚ կ՛ըսէ Նիքըլսըն՝ աւելցնելով‚«Իրապաշտօրէն՝ Նինուէի դաշտի ամբողջական ազատագրումը կրնայ յաւելեալ քանի մը ամիս տեւել։ Սակայն իրաքեան կառավարութիւնը ունի սահմանադրական իշխանութիւնը գործելու անմիջապէս‚ որ այդ մէկը կրնայ։ Կը յուսամ‚ որ նոր նահանգին հիմնական ուրուագիծը պիտի յստականայ 2017-ի առաջին եռամսեակի ընթացքին»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.