Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը կ՚անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան
«Մեր օրերուն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կատարուող ցեղասպանութիւնները կը հրահրուին 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին ու Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դէմ ցեղասպանութիւն գործած եւ անպատիժ մնացած Օսմանեան Թուրք կայսրութեան ժառանգորդներուն կողմէ»
Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Մ.Ա.Ե.Խ-ի 11-րդ համաժողովին
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովի նիստերու ընթացքին յատուկ անդրադարձ եղաւ հայ ժողովուրդին ու Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս ապրող այլ քրիստոնեայ համայնքներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւններուն։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց համաժողովի մասնակիցներուն, թէ ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ ժառանգորդն է Օսմանեան Թուրք կայսրութեան, ոչ միայն չստանձներ իր նախնիներուն կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւններուն պատասխանատուութիւնը, այլեւ կը շարունակէ նոյն ոճով ու քաղաքականութեամբ գործել Միջին Արեւելքէն ներս եւ ամէն ճիգ կը թափէ մասնատելու մեր ընկերութիւնը։
Այս քննարկումներուն իբր արդիւնք, համաժողովի մասնակիցները ժողովի փակման յայտարարութեան մէջ յատուկ տեղ տուին հայ ժողովուրդին եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դէմ 100 տարի առաջ գործադրուած ցեղասպանութեան. «Համաժողովը բացարձակապէս կը մերժէ ամէն տեսակի ծայրայեղականութիւն, ահաբեկչութիւն ու ժխտողականութիւն եւ կը դատապարտէ Օսմանեան Թուրք կայսրութեան կողմէ հայ, ասորի, քաղդէացի ու յոյն ժողովուրդներուն եւ լեռնալիբանանի քրիստոնէութեան դէմ գործադրուած 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը, անոնց իրենց պապերու հողերէն արմատախիլ ընելն ու տեղահանումը։ Համաժողովը կը հաստատէ խաղաղ համակեցութեան կարելիութիւններու ստեղծման կարեւորութիւնը եւ գաղթականներու տուն դարձի ապահովման անհրաժեշտութիւնը։ Համաժողովը կ’առաջարկէ, որ նորընտիր Գործադիր Վարչութիւնը հոգեւոր պետերէ կազմուած պատուիրակութիւն մը կազմէ, որպէսզի քրիստոնեայ թէ իսլամ կրօնական կարեւոր կեդրոններ, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցող պետութիւններ այցելեն, բացատրելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու վիճակը եւ փորձ կատարել մնայուն լուծումներ գտնելու»։