Աւստրալիացի Պատգամաւորը Առաջին Խորհրդարանական Ելոյթին ՄԷջ Յիշատակած Է Իր Հայկական Արմատներուն Մասին

 

Աւստրալիոյ խորհրդրանի 45-րդ նստաշրջանին Կոլտշտէյն համայնքէն ընտրուած Թիմ Ուիլսոնը իր առաջին խորհրդարանական ելոյթին մէջ խօսած է իր հայկական արմատներուն մասին:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Աւստրալիոյ հայ դատի յանձնախումբէն, աւստրալիացի պատգամաւորները իրենց առաջին խորհրդարանական ելոյթին մէջ, ըստ աւանդոյթի, կ’անդրադառնան իրենց ծագումին ու ընտանիքի պատմութեան, նոյնը ըրած է նաեւ Ուիլսոն: Ան խօսած է իր մօրական մեծհօր մասին, որ վերապրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ոգեշնչման աղբիւր դարձած հէնց իրեն` Ուիլսոնի համար:

«Իմ մօրական մեծհայրս վերապրած է իր ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը: Ես երբեք զինք չեմ հանդիպած, ան մահացած էր  իմ ծնելէս առաջ, սակայն ես անոր դեռ ամէն օր կը տեսնեմ, երբ կը նայիմ հայելիին մէջ, կը նայիմ անոր սեւ հայու աչքերուն»,- ըսած է Ուիլսոն: Թիմ Ուիլսոն Աւստրալիոյ քաղաքական դաշտին մէջ յայտնի է իր ընդգծուած ազատական հայեացքներով դեռ այն ժամանակուընէ, երբ կը գլխաւորէր «Աւստրալիոյ մարդու իրաւունքներու յանձնաժողով» կեդրոնը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.