Մորնինկսթար Արցախի Հարցը Կը Քննէ ԱՄՆի Ազերիներու Հետ

 

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Երեքշաբթի, Յունուար 15ին հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու ատրպէյճանցիներու ցանցի հիմնադիր եւ վարիչ Պատիր Մամատլի, Ատրպէյճանական ուսմանց Ուաշինկթընի կեդրոնի վարիչ Քատիր Շիրալիեւ, ինչպէս նաեւ Ամերիկա-Ատրպէյճան առեւտուրի գրասենեակի գործադիր վարիչ Սուզան Սատիքովա հանդիպում մը ունեցած են Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթարի հետ, այլ հարցերու կողքին քննելով նաեւ Արցախի տագնապը:
Ատրպէյճանական սփիւռքի ներկայացուցիչները յոյս յայտնած են, թէ Ուաշինկթըն աւելի գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Արցախի տագնապին լուծում մը գտնելու աշխատանքներուն՝ միաժամանակ մտահոգութիւն յայտ-նելով ուղղակի Արցախի իշխանութեանց տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեանց, ինչպէս նաեւ ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզի ու Պարպարա Պաքսըրի «կողմնակալ» կեցուածքներուն կապակցութեամբ:
Մորնինկսթար խոստացած է ատրպէյճանական սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ ապագային եւս նման հանդիպումեր կազմակերպել:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.