Ցեղասպանութեան Մասին Գրող Թուրք Լրագրողը՝ «Թարաֆ»ի Գլխաւոր Խմբագիր
1428
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պարբերաբար Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնող թրքական յայտնի «Թարաֆ» թերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնին նշանակուած է «Ռատիքալ» թերթի սիւնակագիր Օրալ Չալըշար. այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ «Ակօս» թերթը:
Չալըշար այն թուրք մտաւորականներէն է, որ հակառակ իր պետական մերժողական քաղաքականութեան, քանի մը առիթներով Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին արտայայտուած է: Ան մէկն էր այն թուրք մտաւորականներէն, որոնք անցեալ Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ մասնակցած են Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած ոգեկոչման արարողութեանց:
Նախքան Օրալ Չալըշարի նշանակումը, «Թարաֆ»ի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը ժամանակաւորապէս ստանձնած էր հայազգի լրագրող Մարգար Եսայեանը: