Կիրօ Մանոյեան. «փոփոխութիւններ կատարելու այսպիսի միջոցները կուսակցութեան համար ընդունելի չեն»

 

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 18 յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին` անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջման փորձին, ըսած է, որ այդ փորձի ձախողութենէն ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պիտի շարունակէ իր քաղաքականութիւնը, իսկ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ համար առաջնահերթ չեն: Ըստ անոր, պարզ չէ նաեւ, թէ յաջողութեան հասնելու պարագային ի՛նչ քաղաքականութիւն պիտի վարէին զինուորականները Թուրքիոյ մէջ եւ Հայաստանի վրայ ատիկա ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենար:

«Թուրքիոյ բանակը ճանչցուած է իր շատ աւելի կոշտ քաղաքականութեամբ` արտաքին շարք մը հարցերու, որոնց կարգին հայկական հարցին առնչութեամբ: Չենք կրնար ըսել, որ յաջողելու պարագային ատիկա անպայման Հայաստանի համար դրական պիտի ըլլար: Ներկայիս ձախողութենէն ետք կարելի է ըսել, որ Էրտողան պիտի շարունակէ իր քաղաքականութիւնը, այսինքն` Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ համար առաջնահերթ չեն, իսկ այս փորձէն ետք առաւել եւս պիտի չըլլան: Թուրքիան պիտի շարունակէ իր այդ նոյն քաղաքականութիւնը: Ազրպէյճանի հետ իրենց յարաբերութիւնները սերտ են ու սերտ ալ պիտի մնան», դիտել տուած է Կիրօ Մանոյեան:

Ռուսիա-Թուրքիա-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին խօսելով` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը յայտնած է, որ հետագայ մերձեցումը կրնայ Հայաստանի համար մտահոգիչ դառնալ: «Ռուսիոյ յարաբերութիւնները` Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հետ, կը մեկնին տնտեսական նպատակներէ, ինչ որ մեզի համար որոշ առումով նպաստաւոր չէ: Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնք վաճառելը մտահոգիչ է, իսկ եթէ Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւնները վերստին ունենան այն ձեւը, զոր առկայ էր մինչեւ օդանաւին խոցումը, ատիկա կրնայ աւելի մտահոգիչ ըլլալ, քանի որ տնտեսական կապերը կրնան սերտանալ եւ աճիլ ռազմական առումով», աւելցուցած է Մանոյեան: Անոր համաձայն, Հայաստան պէտք է զգօն եւ ուշադիր ըլլայ, հետեւի բոլոր իրադարձութիւններուն` իր շահերը ճիշդ պաշտպանելու համար: Կիրօ Մանոյեան նշած է, որ Թուրքիան ներքին հարցերէն ուշադրութիւնը շեղելու քաղաքականութիւն պիտի վարէ ո՛չ միայն Ղարաբաղի հարցով, այլ նաեւ շարք մը այլ արտաքին խնդիրներով, բայց ներքին խնդիրները այնքան խոր են, որ պիտի ստիպեն իշխանութիւնները` առերեսուելու այդ հարցին: «Խառնակչութիւնը ակնկալելի է շրջանային քաղաքականութեան մէջ, այդ պատճառով ալ անհրաժեշտ է, որ ըլլանք զգօն ու միակամ, չեմ ըսեր` բոլոր հարցերուն մէջ համակարծիք, բայց հիմնական թիրախները նոյնը պէտք է ըլլան բոլորիս համար», հաստատած է ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն:

Կիրօ Մանոյեան խօսած է նաեւ Հայաստանի մէջ զինեալներու կողմէ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի գրաւման մասին` հաստատելով, որ ատիկա վատ ազդեցութիւն պիտի ունենան Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններուն վրայ: Ըստ անոր, այդ ազդեցութեան չափը կախեալ պիտի ըլլայ նաեւ ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծումէն:

«Արդէն յայտարարած ենք` երկրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու այսպիսի միջոցները կուսակցութեան համար ընդունելի չեն: Արտաքին քաղաքականութեան առումով ասիկա Հայաստանի համար միայն վատ ազդեցութիւն ունի եւ պիտի շարունակէ ունենալ, տակաւին չենք գիտեր, թէ ինչպէս պիտի աւարտի: Եթէ զոհերու աւելի մեծ թիւով աւարտի, ատիկա աւելի վատ պիտի ըլլայ երկրի արտաքին յարաբերութիւններուն համար», յայտնած է Կիրօ Մանոյեան:

Ան նշած է, որ հասարակութեան մօտ դժգոհութիւն կայ, սակայն ատիկա չ՛արդարացներ բռնի քայլերու դիմելը: «Հասարակութեան արձագանգէն կ՛երեւի, որ ան չի կիսեր այս ձեւով հարցեր լուծելու մօտեցումը: Միւս կողմէ, անհրաժեշտ է, որ հասարակութիւնը, ընդհանուր առմամբ, կազմակերպուած ըլլայ, որ ազդէ երկրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վրայ, որ մարդիկ այսպիսի ծայրայեղ միջոցներու դիմելու մասին չմտածեն», աւելցուցած է ան:

Ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ քննարկում ունենալու հարցին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Կիրօ Մանոյեան առաջարկած է այդ մասին հարցնել ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.