Իրաքի Թուրքմէնները Յայտարարած են, Որ Կը Ցանկան Կռուիլ Նաեւ Ղարաբաղի Համար

 

Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ կռուող շիա թուրքմէններու կամաւորական ուժերու 16-րդ ջոկատի զինեալները  յայտարարած են, թէ Իրաքը ԻՊ-էն մաքրելէ ետք պիտի կռուին հայերուն դէմ՝ «Ղարաբաղի ազատագրութեան» համար:

Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Vatan» թերթի կայքը կը գրէ, որ ԻՊ-ի դէմ իրականացուած ռազմական գործողութեան ժամանակ շիա թուրքմէնները ծածանած են Ատրպէյճանի դրօշը եւ կրած են շալեր, որոնց վրայ գրուած եղած է «Ղարաբաղ»:

Ռազմական գործողութենէն ետք յայտարարութիւն ըրած է 16-րդ թուրքմէնական ջոկատի հրամանատար Ապու Թայիր Պեշիրլին: Վերջինս Իրաքի թուրքմէններու անունէն ողջիւններ յղած է Ատրպէյճանի ժողովուրդին` ըսելով. «Մենք Ատրպէյճանէն շատ գոհ ենք: Ատրպէյճանի խորհրդարանը խօսած է Իրաքի թուրքմէններու նկատմամբ ճնշումներու մասին: կ՛ողջունենք Ատրպէյճանի քաջ ժողովուրդին: Տայ Աստուած, մօտ ժամանակներս Ատրպէյճանի ժողովուրդին եւ քաջերուն հետ միասին Ղարաբաղի մէջ ալ յաջողութեան պիտի հասնինք»:

Աղբիւրին տեղեկացումով` Իրաքի Ամիրլի շրջանին մէջ ռազմական գործողութեան ընթացքին ատրպէյճանական դրօշներով մասնակցած թուրքմէն երիտասարդները յայտարարած են, որ իրենք պատրաստ են զոհաբերութեան:

«Այստեղ գործերը աւարտելէ ետք Ատրպէյճան պիտի երթանք: Պիտի մասնակցինք Ղարաբաղի գրաւումին»:

Կը նշուի, որ թուրքմէն կամաւորական ուժերու 16-րդ ջոկատը կը կռուի Հաշտ Էլ Շաապի ստորաբաժանումներու կազմին մէջ: Վերջինը կազմաւորուած է Իրաքի մէջ ազդեցիկ շիա հոգեւորական առաջնորդ Այաթոլլահ Ալի Սիսթանիի ֆէթուայով (հրամանով):

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.