Աւստրալիոյ հայ համայնքը կը պատրաստուի Արցախի զօրակցութեան թելեթոնին
Աւստրալիոյ հայութիւնը կը պատրաստուի Երկուշաբթի 18 Յուլիս, 2016-ի տեղի ունենալիք Արցախի զօրակցութեան նուիրուած թելեթոնին որուն հասոյթը պիտի յատկացուի «ԼՂՀ անկախութեան,անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ֆոնտ»-ին: Այս առընչութեամբ Աւստրալահայ գաղութի ղեկավար դէմքերը Արմենիա Մետիայի միջոցաւ կոչ կ’ուղղեն գաղութի զաւակներուն աշխուժօրէն մասնակցելու թելեթոնին:
Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան գրաւոր նամակով մը յորդորեց գաղութի զաւակները ըսելով «Ուրախ ենք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իր հովանիին տակ գտնուող կազմակերպութիւններով, Արցախի Զօրակցութեան համար, թելեթոնի միջոցաւ, կազմակերպած է դրամահաւաքի արշաւ մը:Կը քաջալերենք մեր ողջ համայնքը սատար հանդիսանալու այս ազգանուէր եւ վեհ Ձեռնարկին: Պէտք չէ մոռնալ, որ Արցախի ապահովութիւնը Հայաստանի ապահովութիւնն է: Արցախը դարպասն է Հայաստանի իսկ առանց Հայաստանի՝ Սփիւռքի մեր գոյութիւնն ալ անիմաստ կը դառնայ»:
Ընթերցելու համար ամբողջական նամակը այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը: