Հալէպի Մէջ Հայ Զինուորական Ծառայող Մը Նահատակուեցաւ
- (0)
Երէկ, Հալէպի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին նահատակուած է սուրիական բանակի հալէպահայ զինուորական ծառայող Փանոս Աղազարեան (1994-ի ծնունդ), կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։
Յիշեցնենք, որ վերջին երկու օրերուն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ կը հրթիռակուծուին Հալէպի Պուսթան ալ Քասըր, Մունշիէ, Ճըտէյտէ, Սէյֆ ալ Տաուլէ, Աշրաֆիէ, Շէյխ Թահա, Սաատ Ալլահ Ճապրի, Մերիտիէն եւ այլ շրջաններ։
Բնակչութեան յանձնարարուած է տեղաւորուիլ բնակարաններու առաւել ապահով եւ պատուհաններէ հեռու սենեակներու մէջ՝ զերծ մնալու վտանգներէ։