Եուրօ-2016. Աւարտականի Մրցումին Իրաւարարը` Քլաթենպըրկ… Եթէ Կալես Պարտուի Կիսաւարտականին
852
0
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Տը Թելեկրաֆ» յայտնեց, որ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականի մրցումին գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ անգլիացի Մարք Քլաթենպըրկ` եթէ Կալես Փորթուգալէն պարտութիւն մը կրէ կիսաւարտականին:
Աղբիւրին համաձայն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն, Կալեսը, Անգլիան, Սկովտիան եւ Հիւսիսային Իրլանտան կը նկատէ տարբեր երկիրներ: Սակայն, Մեծն Բրիտանիան ներկայացնող խումբի մը աւարտականի մրցում կատարելը եւ Անգլիան ներկայացնող իրաւարարի նշանակումը կրնայ ըսի-ըսաւներու եւ «սքանտալի» առիթ ստեղծել:
Եթէ պատահի, որ Կալես կիսաւարտականին յաղթէ, ապա, աւարտականի մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ հունգարացի Վիքթոր Քասայ: