AFP կը շարունակէ իր ժխտական կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ
1494
0
«Նոր Յառաջ».- Ինչպէս կ՚երեւի, որոշ լրասփիւռներ դեռ կը յամառին ցեղասպանութիւն բառը զետեղել չակերտներու մէջ: Նկատի ունենալով, որ այս լրասփիւռներուն ջախջախիչ մեծամասնութեան աղբիւրը AFP լրատու գորածակալութիւնն է, թերեւս հո՛ս է, որ պէտք է որոնել խնդրին ակունքը: Թէեւ տուեալ լրասփիւռի մը խմբագրութեան կամքին, պարկեշտութեան, դիրքորոշման եւ մանաւա՛նդ հետապնդած շահերուն բաժինն ալ մեծ է, քանի օրինակ «Ֆիկառօ» քաջութիւնն ու պարկեշտութիւնը ունենալով՝ կատարած է անհրաժեշտ զարտուղութիւնը, ցեղասպանութիւն եզրը ձերբազատելով իր չակերտներէն:
Վերադառնալով AFP-ին: Պատմական եւ աշխարհի մեծագոյններէն մէկը հանդիսացող ֆրանսական այս գործակալութիւնը յամառօրէն կը շարունակէ իր լրատւութիուններուն մէջ, առանց բացառութեան՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը զետեղել չակերտներու մէջ: Այդ գործակալութեան կողմէ սփռուած՝ Պապին Հայաստան այցելութեան մասին լուրերն ալ զերծ չեն մնացած անընդունելի այդ վերաբերումէն: Դեռ կայ աւելին: AFP, պապական այցելութեան մասին Յունիս 21-ի իր լրատւութեան մէջ ակնարկելով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին, առանց որեւէ բարդոյթի համարձակած է գրել տառացիօրէն «La Turquie n’accepte pas que des Etats étrangers reprennent la thèse des Arméniens, selon lesquels 1,5 million des leurs ont été tués entre 1915 et 1917, dans un « génocide » à la fin de l’Empire ottoman. Elle affirme qu’il s’agissait d’une guerre civile dans laquelle 300 à 500.000 Arméniens et autant de Turcs ont trouvé la mort» («Թուրքիա չ՚ընդունիր, որ օտար Պետութիւններ իւրացնեն Հայոց թէզը, ըստ որոնց իրենց 1,5 միլիոն արիւնակիցները սպաննուած են 1915-էն 1917-ի միջեւ, Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին՝ «ցեղասպանութեան» մը ընթացքին: Ան [Թուրքիան] կը պնդէ, որ քաղաքացիական պատերազմ էր, որու ընթացքին 300-էն 500 հազար Հայեր եւ նոյնքան ալ Թուրքեր մահացան»): Այսինքն, ցեղասպանութիւնը՝ հայկական թէզ։
Երեւոյթը արժանի է լուրջ խորհրդածութեան: AFP գործունէութիւն կը ծաւալէ երկրի մը մէջ ուր Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանաչում գտած է, նոյնիսկ անոր ժխտումը պատժող օրէնքը թէքնիք խոչընդոտներու բախելով միայն վիժած է եւ պետական մակարդակով ալ աշխատանք կը տարուի (!) զայն կեանքի կոչելու համար: Հետաքրքրական պիտի ըլլար մանրազնին հետաքննութիւն մը կատարել այս մասին, իմանալու համար թէ ի՛նչն է, որ խնդրոյ առարկայ գործակալութիւնը կը մղէ ըլլալու՝ «Պապէն աւելի պապական», թէեւ ներկայի անցուդարձերուն խոտոր համեմատող ասոյթով:
Հուսկ, յիշեցնենք նաեւ թէ Ապրիլի չորսօրեայ պատերազմին առթիւ իր ոչ-առարկայական կեցուածքով ալ Հայութեան շանթերը իր վրայ հրաւիրած էր AFP, նոյնիսկ հայ երիտասարդներ բողոքի ցոյց մը կատարած էին գործակալութեան Փարիզի կեդրոնական շէնքին առջեւ: