Հովուաշուներ՝ սահմանապահ զօրամասերուն

 

Եղբայրներ Վահան եւ Վարդան Մանուկեաններուն բարեգործական նախաձեռնութեան շնորհիւ սահմանամերձ երկու զօրամասեր եւս ունեցան գերմանական հովուաշուն ցեղախումբի մի քանի ձագեր:
Այս անգամ բարեգործական նախաձեռնութեան միացեր էին նաեւ ԱՄՆ բնակող հայրենակիցներ:
Գանատաբնակ Մանուկեան եղբայրները երկրորդ տարին ըլլալով կ’աջակցին սահմանապահ զօրամասերուն: Առաջին անգամ խումբ մը գանատահայերու աջակցութեամբ հաւաքուած գումարով 2014 Օգոստոսին երկու հովուաշուն նուիրուած էր գնդապետ Վահէ Յովսէփեանի հրամանատարութեամբ գործող զօրամասին: Առաջին օրուընէ շան ձագերը սիրուեցան եւ դարձան զօրամասի պարծանքը` ոգեւորելով ե՛ւ զինուորները, ե՛ւ հրամանատարական կազմը: 2015 թուականի տարեմուտին մեր սահմաններուն արդէն 10 ազնուացեղ սահմանապահ հովուաշուն կար: Իսկ այսօր հովուաշուներուն թիւը կ’անցնի հինգ տասնեակը:
– Արեւմտեան երկիրներու զինուած ուժերուն շուները մեծապէս կ’օգնեն սահմանի անվտանգութեան ապահովման: Ցանկալի է, որ հայկական բանակը ունենար նաեւ դիրքապահ շուներ: Ցեղատեսակին ընտրութիւնը պատահական չէ. գերմանական հովուաշունը հաւասարակշռուած է, աշխոյժ, անվախ, չափազանց խելացի, ճկուն, դիւրաւ վարժուող եւ հաւատարիմ,- կը նշէ Վարդան Մանուկեանը:
Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին ՀՀ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ գտնուող զօրամասերէն մէկուն յանձնուած է 11 հովուաշուն, 3 հովուաշուն ալ՝ ԼՂՀ սահմանամերձ զօրամասի մը: Երկուքն ալ փոխանցուեր են «Արաբօ» կամաւորական ջոկատին:
Հայրենանուէր նախաձեռնութեան այս անգամ աջակցեցան նաեւ ԱՄՆ բնակող Վաչէ Նշանեանը, Փիր Փիլաւեանը, Համլէթ Չոպանեանը եւ Ֆրեզնոյի հայ համայնքը:
Վարդան Մանուկեան կը վստահեցնէ, որ նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական:
 
ԲԱԳՐԱՏ ՄՈՎՍԷՍԵԱՆ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.