Գրասնոտարի Հայկական Համայնքի Աջակցութիւնը Հայոց Բանակին
Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած Ապրիլեան պատերազմի առաջին իսկ օրերէն Ռուսիոյ Գրասնոտարի շրջանի հայ համայնքը շտապեց օգնութեան ձեռք մեկնել Հայաստանին եւ Արցախին: Ցուցաբերուած օգնութիւնը` շուրջ 30 թոն, սննդամթերքի, կենցաղային ապրանքներու տեսքով եղած է:
Օրեր առաջ համայնքը հանդէս եկած է մէկ այլ նախաձեռնութեամբ, որուն մասին «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին մանրամասնութիւններ հաղորդեց Գրասնոտարի հայ համայնքի ղեկավար Ռազմիկ Գէորգեան.
«Գրասնոտարի հայ համայնքին կողմէ սա արդէն երկրորդ օգնութիւնն է Արցախին: Այս անգամ երկու շտապօգնութեան մեքենայ բերինք` յագեցած բժշկական գերժամանակակից սարքաւորումներով, որոնց միջոցով կարելի է մեքենային մէջ արդէն անհրաժեշտ օգնութիւնը ցուցաբերել, նոյնիսկ` վիրահատութիւն կատարել: Բերած ենք նաեւ հինգ սառնարան` պահուստային արիւն պահելու համար: Ի դէպ, շտապօգնութեան մեքենաներն ու սառնարանները Մուրացանի զինուորական հիւանդանոցին յանձնած ենք, իսկ համապատասխան սարքերը տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը` պարզած ենք հիւանդանոցի տնօրինութեան հետ քննարկման արդիւնքով»:
Ռազմիկ Գէորգեան ցուցաբերած օժանդակութիւնները շատ կարեւոր կը համարէ եւ բարձր կը գնահատէ այն պատճառով, որ այն Գրասնոտարի հայ համայնքի համախմբուած աշխատանքի շնորհիւ կազմակերպուած է: Ռուսաստանաբնակ մեր հայրենակիցները, տեղեկանալով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն մասին, սրտի մեծ ցաւ ապրած են եւ փորձած հնարաւորութեան սահամններուն մէջ աջակցիլ:
«Գրասնոտարի մէջ քառասունհինգ հայկական համայնք կը գործէ, որոնք այդ օրհասական պահերուն մէկ բռունցք դարձան եւ մասսայական դրամահաւաք կազմակերպեցին: Հայ զինուորներուն որեւէ կերպ սատարելը` մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրի կեանքը շատ թանկ է բոլորիս համար: Նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ կատարելով` մեր հոգիին եւ խղճին առջեւ հանգիստ կը զգանք: Կը վստահեցնեմ, որ Սփիւռքը միշտ Հայաստանի կողքին կանգնած է եւ պատրաստ է դժուարութիւններու ժամանակ արձագանքել: Մենք մէկ ազգ եւ մէկ ամբողջութիւն ենք»,- իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ըսաւ Ռազմիկ Գէորգեան:
Գէորգ Չիչեան