Այնճարի երիտասարդութիւնը առանձին կը չէզոքացնէ լեռնային հրդեհը

 

Լիբանան-Սուրիա սահմանային գօտիի վրայ գտնուող Այնճար հայկական գիւղի եւ Քաֆար-Զէյտ շրջանի բնակչութիւնը բաւական սարսափելի օր մը ապրեցան Յունիս 19-ին, երբ շրջակայ անտառային ծառերը կրակ առին եւ անոնց ուղեկցեցան տաք քամիներ եւ ականներու պայթումներ: Այս մասին կը յայտնէ լիբանանեան «Ալ Րայ» (կարծիք) կայքէջը։ Անոնք այդ մեծ վտանգին դէմ տագնապալի երկար ժամեր ապրեցան, երբ իրենց կոչերուն չարձագանգեցին մարզային կեդրոն Զահլէի իրաւասու մարմինները՝ հրշէջները, Ապահովական ուժերն ու զօրամասերը: Իշխանութիւններուն ուղղուած Այնճարի քաղաքապետին կոչերը Արեւելեան լեռնաշղթային կողմէ ծայր առած կրակին առաջքը առնելու՝ անպատասխան մնացին:

Կրակը կուլ կու տար տասնեակ ծառեր եւ անոնց ծուխը կը ծածկէր Այնճարի, Մաժտալ Այնճարի եւ Զահլէի արեւելեան գիւղերուն երկինքը: Հակառակ այս բոլորին ոչ մէկ իրաւասու մարմին կը փորձէր օգնութեան հասնիլ, պատրուակելով որ «Ռազմական գործողութիւններու շրջան է, լի է ականներով եւ անկարելի է հրշէջային մեքենաներով հասնիլ վայր», կը յայտնէր Ալ-Սաֆիր կայանը:

Նշենք, որ Կիրակի երեկոյեան Սուրիոյ Քաֆիր-Եապուս եւ Զապատանի շրջաններէն ծայր առած զօրաւոր հրդեհը կը հասնի մինչեւ Քաֆար-Զէտի բարձրունքները, ապա մինչեւ հայկական գիւղաւան՝ Այնճար: Հրդեհը կը լափէ եւ ակնթարթի մը մէջ կը մոխրացնէ Այնճարի Քաղաքապետարանին կողմէ տարիներով խնամուած տասնեակ ծառերը:

Հրդեհին վտանգը կրկնապատկուած էր շրջանին մէջ տեղադրուած ականներուն պատճառով: Ջերմաստիճանի բարձրացման պատճառաւ ականները կը սկսին պայթիլ, որոնցմէ մէկը հրդեհը մարել փորձող Այնճարի երիտասարդներէն ոչ շատ հեռու կը պայթի: Աստուծոյ նախախնամութեամբ անոնք կը փրկուին:

Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան կը հաստատէ, թէ Սուրիա-Լիբանան սահմանագիծի վրայ գտնուող բոլոր լիբանանեան զօրամասերէն բազմիցս օգնութիւն կը հայցէ, սակայն ոչ մէկ օգնութիւն կը ստանայ: Անոնք կը յայտնեն, թէ հրշէջներուն հասնելուն արգելք կը հանդիսանայ նաեւ շրջանին խոպան լեռնային աշխարհագրական դիրքը:

Այս անել կացութեան դէմ յանդիման գտնուող Այնճարի երիտասարդները, սկաուտական խումբերուն եւ քաղաքապետ Խօշեանի ընկերակցութեամբ կը հասնին վայր եւ կը կազմեն պատնէշ՝ փրկելու աւելի քան 40 հազար ծառ ընդգրկող Այնճար գիւղը: Խօշեան կը բացայայտէ, որ Լիբանանեան Բանակին կողմէ վերջապէս ստացած էր օգնութեան խոստում մը, եւ անոնց կողմէ ղրկուած ուղղաթիռի մը օգնութեամբ կը յաջողին կրակը սահմանափակել Արեւելեան լեռնաշղթային բարձրունքներուն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.