2040-ականներուն Թուրքիոյ երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը քիւրտ պիտի ըլլայ

 

Թուրքիոյ Ժողովրդագրական Ձմեռն ու Էրտողանի Երկդիմութիւնը

Տէյվիտ Փ. Կոլտմըն atimes.com կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ‚ որ «Ռոյթըրզ» հաղորդած է‚ թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 30 Մայիսին պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին պահանջեց‚ որ թուրք կիները հրաժարին յղութիւնը արգիլող դեղերու օգտագործումէն։ «Մեր սերունդերը պիտի բազմացնենք։ Անոնք բնակչութեան թիւի ծրագրման մասին‚ ծնունդներու վերահսկողութեան մասին կը խօսին։ Իսլամ ընտանիք մը այդպիսի մօտեցում մը չի կրնար ունենալ»‚ ըսած է Էրտողան։ Թուրք ղեկավարը նախապէս եւս դատապարտած է թուրք կիները յաւելեալ զաւակներ ունենալ մերժելնուն համար։

Էրտողան ամէն հարցի բոլոր կողմերուն զօրակցած է‚ երբեմն սիրաբանելով եւ երբեմն մերժելով Եւրոպական Միութիւնը‚ պնդած‚ որ Միացեալ Նահանգներ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դաշնակից մըն է‚ նոյն ատեն գաղտնաբար օգնելով ահաբեկչական բանակին‚ օգնած Համասին նոյն ատեն առաջարկելով Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները վերականգնել‚ Իրանին օգնելով պատժամիջոցները շրջանցել‚ նոյն ատեն հաւակնիլ‚ որ Ծոցի երկիրները սիւննի դաշնակիցներ են։ Քրիսթինա Լին այս հրատարակութեան 31 Մայիսի թիւին մէջ ցանկագրեց անոր երկդիմութիւնը։

Սակայն երբ Էրտողան Թուրքիոյ ժողովրդագրական տուեալներու անկումին մասին կը խօսի՝ անկեղծօրէն կը խօսի։ Թուրքիոյ քիւրտ քաղաքացիները կը շարունակեն երեք կամ չորս զաւակներ ծնիլ‚ իսկ թուրքերը նուազ քան երկու զաւակ կը ծնին։ 2040-ական թուականներուն սկիզբը Թուրքիոյ երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը քիւրտ պիտի ըլլայ։ Թուրքիոյ Հարաւ-արեւելեան շրջաններու բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող քիւրտերը անխուսափելօրէն պիտի անջատուին Անգարայէն։ Էրտողանի անխուսափելիին դէմ անյուսալի պայքարը երբեմն կը խթանէ թրքական քաղաքականութեան գլխապտոյտ պատճառող փոփոխութիւններն ու շրջադարձերը։

2015-ին հրապարակուած ժողովրդագրական տուեալները ցոյց կու տան‚ որ քիւրտերուն եւ թուրքերուն միջեւ ժողովրդագրական վիհը կ’ընդլայնի։ Հակառակ ծննդաբերութեան խթանման Էրտողանի կոչերուն՝ մեծամասնութեամբ թուրքերով բնակուած նահանգներուն մէջ ծննդաբերութեան անկումը կը շարունակուի‚ իսկ քիւրտերը կը պահպանեն ծննդաբերութեան համեմատութեան աշխարհի բարձրագոյն համեմատութիւններէն մէկը։ Աւելին‚ ի բացառեալ քրտաբնակ հարաւ-արեւելքէն, Թուրքիոյ մէջ ամուսնութիւնները կը քայքայուին աւետելով ապագային ծնելիութեան համեմատութեան անկումը։

Ըստ պետական վիճակագրութեան «Թուրքսթաթ» գործակալութեան նուազագոյն ծննդաբերութեան համեմատութեամբ թրքական նահանգները կը գտնուին հիւսիսի եւ հիւսիս-արեւմուտքի մէջ‚ ուր միջին հաշուով կիները միայն 1‚5 զաւակ կը ծնին։ Հարաւ-արեւելեան քրտաբնակ նահանգներուն մէջ ծննդաբերութեան համեմատութիւնը կը տարուբերի իւրաքանչիւր կնկայ վրայ 3‚2-էն 4‚2-ի զաւկի միջեւ։

Աւելի ահազանգային է «Թուրքսթաթ»-ի կողմէ հաղորդուած ամուսնութիւններու համեմատութիւնը։ 2001-էն 2005-ի միջեւ քաղաքային մեծագոյն քաղաք Պոլսոյ մէջ ամուսնութիւններու թիւը աւելի քան 30 առ հարիւրով անկում կրած է‚ իսկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ աւելի քան 40 առ հարիւրով։ Հիւսիսային եւ Հիւսիս-արեւմտեան նահանգներու մեծամասնութեան մէջ ամուսնութիւններու թիւի աւելի քան կիսով նուազում կը հաղորդուի։ Թուրք կիները ոչ միայն կը մերժեն զաւակներ ունենալ‚ անոնք նաեւ կը մերժեն ամուսնանալ։ Թուրքերու մօտ ամուսնութիւններու համեմատութեան գահավիժումը ծննդաբերութեանց սուր անկումը կը դարձնէ անխուսափելի։

Ինչպէս հաղորդած էի 2011-ի իմ գիրքիս «Why Civilizations Die (and Why Islam is Dying, Too)»-ին մէջ՝ իսլամ երկիրներ‚ որոնք հասուն տարիքի գրագիտութեան աւելի բարձր համեմատութիւն ունին մանկութենէն դէպի ծերութիւն կ’անցնին առանց չափահասութենէ անցնիլնին։ Թուրք կիները անմիջապէս‚ որ բարձրագոյն կրթութիւն ստանան‚ իրանցի‚ ալճերիացի եւ թունուզցի կիներուն նման կը մերժեն իսլամական ընտանեկան կեանքի սահմանափակումները։ Աւանդական հասարակութենէն դէպի արդի աշխարհ անակնկալ անցումի ցնցումը իսլամական աշխարհի մէջ ծնելիութեան անկումի համեմատութիւնը դարձուցած է աննախադէպ։

Իրանը‚ որուն ծնելիութեան համեմատութիւնը 1979-ի 7 զաւակէն այսօրուան նուազ քան 1‚8-ի նուազած է‚ աշխարհի վրայ ամէնէն արագ ծերացող բնակչութիւնը ունի։ Թուրքիոյ ծնելութեան միջին համեմատութիւնը 2‚18 է‚ սակայն թուրքերու եւ քիւրտերու տարբերութիւնը Թուրքիոյ ներկայ աշխարհագրական պատկերը կը դարձնէ անհարատեւելի։

Քիւրտերու քաջութիւնն ու զինուորական ունակութիւնը Թուրքիան կը դարձնեն շփոթահար։ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ որեւէ ազդու միջամտութիւն մը կ’ամրապնդէ քիւրտերու քաղաքական դիրքը եւ աւելի կը մօտեցնէ այն օր‚ երբ անոնք պիտի ունենան իրենց պետութիւնը‚ որ կը ներառէ հիւսիսարեւմտեան Իրաքն ու հարաւարեւելեան Թուրքիան‚ ինչպէս նաեւ  Իրանի հարաւարեւմտեան անկիւնն ու հիւսիսային Սուրիոյ մեծ բաժին մը։ Սակայն Թուրքիան չի կրնար լքել ՕԹԱՆ-ի դաշինքը‚ որ անոր հողային ամբողջականութեան երաշխաւոր մըն է։ Ան չունի այլընտրանքը երկու կողմերը իրարու դէմ օգտագործելուն՝ հրապարակաւ դաշինքի անդամի մը դերը խաղալով եւ ծածուկ կերպով ականահարելով ՏԱՀԵՇ-ը քանդելու ջանքը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.