Սփիւռքներու Հայ Դպրոցի Նպատակի Եւ Ծրագրի Մասին
Սփիւռքներու հայ դպրոցներու շուրջ բոլորուած եւ անոնց մէջ գործող ազնիւ տրամադրութեամբ անձերը իրենք զիրենք մասնակից պէտք է զգան ազգային՝ եւ ոչ միայն համայնքային՝ նպատակի մը եւ համապարփակ ծրագրի մը իրականացման:
Սփիւռքի հայ դպրոցը հարկ է ազատագրել թաղային, երեւելիական, կողմնապաշտական, աւանդապաշտական, քաղքենիական, յարանուանական, հայրենակցական թափառումներէ:
Սփիւռքի հայ դպրոցը աշակերտը սոսկ վկայականի մը ձեռքբերման առաջնորդող ի միջի այլոց հաստատութիւն մը չէ, աւելին է: Նոյնիսկ երբ ծնողները այդ ակնկալութիւնը չունին, ղեկավարութիւնը այդ աւելին պիտի հետապնդէ: Այս աւելին յաճախ յստակ չէ: Այսինքն՝ ազգային հեռնանկարը ներկայ պէտք է ըլլայ որպէս առաջնորդող ուժ:
Այդ աւելին է, կրթական ծրագրի կողքին, հայ դպրոցի նպատակը:
Խօսինք նախ այդ նպատակի մասին:
Ինչո՞ւ սփիւռքներու մէջ հայ դպրոց հիմնել եւ պահել: Ինչո՞ւ սփիւռքներու հեռու եւ մօտ անկիւնները հայ դպրոց ունենալ: Երբեք չենք փորձած դպրոցներու պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներուն մօտ հարցախոյզ կատարել, հասկնալու համար, թէ ի՞նչ է հայ դպրոցի մօտաւոր եւ մանաւանդ՝ հեռաւոր նպատակը, ինչո՞ւ իրենք հոն կը գործեն, շուրջ եւ մէջ:
Հայրենահանուած ազգի հատուած էր սփիւռքը:
Արտագաղթողներով կազմուող նոր սփիւռքները սկզբունքային տարբերութիւններ ունին հայրենահանուածներու սփիւռքէն, անոնք երբեմն որպէս համրանք կը գումարուին նախկինի վրայ, երբեմն ալ կը կազմեն նոր համայնքներ, կ’երթան նաեւ հոն ուր անցեալին եւ ներկայիս հայրենահանուածներ կայք չեն հաստատած: Երբեմն պէտք է խօսիլ պատճառներու եւ նպատակներու տարբերութեան մասին՝ ազգի գոյատեւման տեսանկիւնէ:
Այս նորատեսակ սփիւռքը հետեւանք է կամաւոր հայրենալքման:
Եթէ հայրենահանուածներու սփիւռքը դպրոցներ կը հիմնէր հիւղաւաններու մէջ, թիթեղածածք առաստաղներով, պատճառը այն էր, որ սերունդը կ’ուզէր հայ պահել, սփիւռքեան կացութիւնը համարելով ժամանակաւոր, այսինքն՝ սերունդի վերադարձին եւ բռնագրաւուած հողին տէր ըլլալու համար դպրոց կը պահէր: Ունէր այզգային քաղաքական ոչ-ճառային հիմնաւոր միտք:
Արտագաղթողներու սփիւռքին համար հայրենադարձութիւնը օրակարգ եւ նպատակ չէ: Հայաստանը իրենց համար երկիր մըն է, ուր կ’ապրին ազգականներ եւ բարեկամներ, որոնց կրնան տեսութեան երթալ, կրնան անոնց օժանդակել, անոնց հետ խնամութիւն ընել: Քանի դեռ յիշատակներ կան, իրենց զաւակներն ալ կրնան ղրկել Հայաստանի մէջ կազմակերպուող ճամբարներ: Բայց իրենց անհատական եւ ընտանեկան կեանքը պիտի շարունակուի դուրսը, այդ է իրենց ընտրութիւնը, ծագման բերումով հայրենիքի մը տիրութիւնը իրենց հոգեմտաւոր հորիզոնէն մէջ չէ:
Հայրենահանուածներու սփիւռքին չեն մերուիր արտագաղթողները, մշակութապէս եւ հետաքրքրութիւններով, հայախօս են սովորութեամբ, նաեւ անոր համար որ նոր են, բայց արդէն արագ պատշաճելու ճիգով, «նոր հայրենիք»ի լեզուն եւ բարքերը արագօրէն կ’իւրացնեն, ինչ որ չէին ըրած եւ չէին ուզած ընել հայրենահանուածներու սփիւռքի առաջին սերունդի մարդիկ, այդ պատճառով ալ դիմացան, աւանդութիւն ստեղծեցին: Արտագաղթողներու սփիւռքները զգացական-հայրենակցական կապեր ունին հայրենահանուածներու սփիւռքին հետ, բայց չունին ազգային հարցին հանդէպ նոյն վերաբերումը, թէեւ տարեցներ տեսութիւններ կ’արտայայտեն՝երբ իրարու քով կու գան:
Լեզուական նախայարձակման կ’ենթարկուի դասական սփիւռքը, ոչ միայն օտար լեզուներու ճնշման տակ, այլ նաեւ Հայաստանէն եկող մտաւորականներու եւ եկեղեցականներու կողմէ, առանց երբեք մտածելու, որ այդ զանգուածները իրենց լեզուով, արեւմտահայերէնով, ինքնութիւն պահած էին, ուզած էին պահել: Անոնք պատճառ կ’ըլլան «աշխարհաբարային» խառնիճաղանճի, արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն-սովետահայերէն խառնուրդ յառաջացնելով, քանդելով լեզուով ինքնութեան պահպանման պատուարը: Նոր սփիւռքներուն կը պակսին ազգային գաղափարախօսութեան հիմնական արժէքները, վերադարձի յոյսը եւ հեռանկարը, քանի որ հայրենիք լքելով ընթացած են վերադարձի յոյսի հակառակ ուղղութեամբ:
Այս հաստատումներու լոյսին տակ հարկ է դիտել սփիւռքի հայկական վարժարաններու նպատակը, զանոնք առաջնորդող ոչ միայն կրթական, այլ մանաւանդ ազգային փիլիսոփայութիւնը, զանոնք դուրս բերելով միութենական-կուսակցական-յարանուանական նախաձեռնութիւններու շրջանակէն:
Ժամանակի ընթացքին սփիւռքի հոգեբանութեան վրայ ծանրօրէն նստած է այն միտքը, որ հայը կրնայ որպէս ազգ մնալ եւ տեւել սփիւռքեան պայմաններու մէջ: Ընկերահոգեբարոյական անմտութիւն է խորհիլ, որ սփիւռքը որպէս ազգի հատուած պիտի շարունակէ մնալ, ըլլալով տեսակ մը սփիւռք-ազգ: Եթէ կամաւոր կոյրեր չենք, կը տեսնենք անվերադարձ մաշումները, իրական թիւերու եւ կորսուածներու, համարկում-ձուլումի գիծին վրայ:
Առաջին հերթին, առանց ամբոխավարական-կողմնապաշտական-մարդորսական ճապկումներու, հայ դպրոցի նպատակը պէտք է ըլլայ հայրենատիրութեան գիտակցութեան զարգացումը, նոյնիսկ եթէ ան հետզհետէ աւելի քաղքենիացող սփիւռքներու հակումներուն հակառակ է: Հայրենատիրութիւնը նոյն արմատին վրայ մէկ եւ երկճիւղ է. ան կը վերաբերի Հայաստան-Արցախի եւ բռնագրաւեալ Հայաստանի:
Հայ դպրոցի փիլիսոփայութիւնը պիտի ըլլայ ընդդիմութիւն զարգացող, աճած եւ աճող քաղքենիական-ամբոխային տրամաբանութեան, երբ մէկ կողմէ կ’ըսուի որ «Հայաստան ապրուելիք տեղ չէ» եւ միւս կողմէ, որ «բռնագրաւեալ հողերը եթէ տրուին անգամ հոն գացող չ’ըլլար»: Այս ուղեղային խանգարումը հայ մարդոց, հետզհետէ նուազ ծագումով հայ դարձողներու հայեացքը կ’ուղղէ դէպի չքնաղ Ֆլորիտա կամ չքնաղ Ծաւի ափ (Քոթ տ’ազիւր): Անոնք կրնան ըլլալ բարեսէրներ բայց ոչ հայրենադարձներ:
Հայրենատիրութեան փիլիսոփայութիւնը եթէ չիւրացուի հայկական «կազմակերպութիւններ»ուն կողմէ, եթէ չներշնչուի իւրաքանչիւր հայու իր յարկին տակ, համայնքները կը վերածուին ազգային հեռանկարէ զուրկ հաւաքականութիւններու, եւ ամբոխային տրամաբանութիւնը կ’առաջնորդէ «ազգային» համարուած բայց սոսկ «համայնքային» ղեկավարութիւնները:
Անկեղծութեան անսեթեւեթ պահու մը, կրնա՞նք առարակայականօրէն տեսնել, ուզել տեսնել, որ այս փիլիսոփայութիւնը է՞ հայ հին եւ նոր դպրոցներու հիմնական ծրագրի առանցքը, որուն շուրջ դառնան մանկավարժական տեսութիւնները, լեզուներու եւ գիտութեանց ուսուցումը: Ճշդենք անմիջապէս, որ դպրոցները հետզհետէ աւելի պարտաւորուած եղած են քայլ պահելու ծնողներու քաղքենիական ակնկալութիւններուն հետ: Եթէ այդ ակնկալութիւններով ծնողները իրենց զաւակները չեն ղրկած օտար վարժարաններ, կեանքի մէջ աւելի լաւ յաջողելու ցանկութեամբ, հայ դպրոցին պարտադրած են, որ ան բաւարարութիւն տայ իրենց ակնկալութիւններուն, ան ալ, տարբեր համեմատութիւններով, մէկ շրջանէ միւսը, հետեւած է, համրանքի եւ տնտեսական պատճառներով:
Միայն քննութիւններու յաջողութիւններուն համար գործող վարժարաններուն համար ֆրանսացիները կը գործածեն «վկայականի հիմնարկ» (boîte à bachot) բացատրութիւնը:
Երբ հայկական վարժարանին մէջ հայերէնի ուսուցումը կը սահմանափակուի դասարանային օրական մէկ պահով, երբեմն նուազ, երբ աշակերտներու բնական հաղորդակցական լեզուն բակը, զբօսանքին, հայերէնը չ’ըլլար, հարց կը ծագի, թէ ո՞ր նպատակին կը ծառայէ հայ դպրոցը: Երբ հայ դպրոցէն կը բացակայի հիմնարար փիլիսոփայութիւնը, որ նոյնիսկ հայերէնի ուսուցումէն աւելին է, որքան որ ալ յաջողակ ըլլան անոնք, գոհունակութիւն պատճառեն գործնապաշտ ծնողներուն, կարելի է ուղղել հարցումը. ինչո՞ւ հայ դպրոց պահել:
Սփիւռքի հայ դպրոցի պետական ծրագիրը որոշուած է նոյնինքն պետութեան կողմէ: Անկէ վերջ կը մնայ մանկավարժական ծրագրի խնդիրը, նկատի ունենալով, որ անոր կողքին հայ վարժարանը ունի ի՛ր նպատակը, զոր պէտք է համատեղէ: Հարցը միայն ժամերու չի վերաբերիր, այլ ուսուցողական ծրագրի, որպէսզի հայերէնը յաւելեալ, աւելորդ կամ օտար տարր չհամարուի: Ասոր համար ալ անհրաժեշտ է փոխլրացման, փոխամբողջացման մանկավարժութիւն մը: Հետեւեցէ՛ք հայ դպրոցներու դրութեան. հայերէնի պահը փակագիծ մըն է, որ չ’առընչուիր աւանդուող միւս նիւթերուն, գիտութեան, աշխարհագրութեան, մարմնամարզութեան, արուեստներու: Հայերէնի դասը կը սահմանափակուի երկու զանգերու միջեւ:
Կեանքի նիւթերու բացակայութեան պատճառով, հայերէնը կը դադրի կենդանի լեզու ըլլալէ, կենդանի լեզուն կ’ըլլայ միւսը:
Կը խօսինք երկլեզուանի մանկավարժութեան մասին, որ երկու լեզու սորվեցնել չէ, այլ երկու լեզուով աշխարհ ճանչնալ: Այս պատճառով ալ, հայ դպրոցի ուսուցիչը պիտի գիտնայ ուսուցուող պետական լեզուն, նաեւ հայերէնը, եւ փոխադարձաբար: Դպրոցական ծրագրի կողքին չենք քններ հայ դպրոցի ուսուցիչի պատրաստութեան իւրայատուկ խնդիրը, որ լեզուի գիտութենէն աւելին պէտք է ըլլայ:
Անցեալին ունեցած ենք, նախկին սերունդներուն համար, որոնք հայերէն գիտէին, շատ լաւ դասագիրքեր: Այժմ անհրաժեշտ է ունենալ սփիւռքներու կացութեան պատշաճող եւ երկլեզուանի ուսուցում կիրարկող դասագիրքեր, որոնք ներառնեն նաեւ կեանքի դասանիւթերու բառապաշարը:
Հայկական նպատակի ծառայող մանկավարժական ծրագրի մը իրականացումը դպրոցի մը պիւտճէական հարցերուն չի ստորադասուիր, ապագայի կարելիութիւններու ցանկին չ’արձանագրուիր: Կարեւոր է նախատեսել, որ հայեցի կրթութիւնը, որուն մասին շատ կը խօսինք, հետզհետէ աւելի դժուար պիտի ըլլայ:
Շէնքերը, որքան որ ալ գեղեցիկ ըլլան, հայեցի կրթութեան յաջողութեան համար երաշխիք չեն:
Ինչո՞ւ փառասիրական ներդրում չընել հայ դպրոցը հայկականօրէն յաջողութեան առաջնորդելու համար, այսինքն, ինչպէս դպրոցի մը ճակատին կը գրենք կազմակերպութեան մը կամ բարերարի մը անունը, հայ դպրոցին յատուկ մանկավարժական ծրագրի մը եւ անոր յաջողութեան նպաստող միջոցներուն համար յատկացնել գումարներ, այդ ամբողջին ալ տալ ապագայատես մարդու կամ կազմակերպութեան անունը, փառասիրութիւնը չտեսնել քարին մէջ:
Այլապէս պիտի շարունակենք «թուքով կպցրած» կարգադրութիւններ ընել եւ նոյնիսկ շքանշաններ ստանալ:
Երբ դպրոցի բակին մէջ աշակերտները հայերէնէ հրաժարած կ’ըլլան, պէտք է հարց տալ, թէ ո՞ւր կ’երթանք: Ամավերջի հանդէսի մը ելոյթ ունեցող պարախումբը կամ երգչախումբը հիմնահարցերուն պատասխան չեն: Պատասխան չեն նաեւ բարձրագոչ յայտարարութիւնները, ըստ որոնց «մեր աշակերտները տեղացիներէն աւելի լաւ կը յաջողին տեղական լեզուի քննութեան»: Դատումի չափանիշները ճիշդ պէտք է ըլլան:
Ի՞նչ կ’ըսենք հայերէնի համար…
Հայ դպրոցը կը զարգացնէ՞ հայրենատիրութեան գիտակցութիւնը, որ իր կարգին սերունդը առաջնորդէ հայրենադարձութեան:
Հայրենադարձութեան փոխարէն գիտենք, թէ ո՞ւր ուղղուած կ’ըլլան հայեացքները…
Յ. Պալեան