Հայ Խմբավարը Աշակերտներուն եւ Սուրիացի Գաղթական Մանուկներուն Կը Սորվեցնէ Միութեան Ուժին Մասին

 

Ղինուա Օպէյտ «Տը Հաֆինկթըն Փոսթ»-ի մէջ կը գրէ‚ որ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով գործակալութիւնը կը նշէ‚ որ Արեւելեան Լիբանանի Պեքաա հովիտին մէջ՝ արտերուն եւ փլուրներուն մօտ կը բնակին 365‚555 տեղահանուած ու իբրեւ այդպիսին արձանագրուած սուրիացիներ‚ որոնց թիւը ամբողջ Լիբանանի մէջ արձանագրուած սուրիացի գաղթականներուն մէկ երրորդն է։ Անոնցմէ շատեր կ’ապրին վատ պայմաններու տակ‚ պատահական ճամբարներու մէջ‚ որոնք կը սարին ձեռուան ցուրտին‚ առանց բաւարար սննդեղէնի‚ կրթութեան կամ ընկերային օժանդակութեան։ Սուրիացի գաղթականներու եւ լիբանանցի բնակչութեան միջեւ լարուածութիւնները յաճախ կը հասնին բարձր մակարդակի։

Ըստ Պեքաայի իշխանութիւններուն‚ շրջանին մէջ կը գործեն 23 տեղական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ։ «Ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու գերթէ բոլորը կը կեդրոնանան ընկերա-հոգեբանական աջակցութեան վրայ՝ նկատի ունենալով սուրիացի գաղթականներու վատ կացութիւնը‚ եւ գաղթականներուն ու հիւրընկալ համայնքին միջեւ լարուածութեան մակարդակը»‚ կ՛ըսէ Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարարութեան Պեքաայի շրջանի պատասխանատու Հուսէյն Սալեմ։

Սակայն գոյութիւն ունի ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մը‚ որ ռահվիրան է տարբեր մօտեցումի մը՝ երգելու պարզ գեղեցկութիւնը կ’օգտագործէ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ սուրիացի գաղթական աշակերտներուն մօտ պատկանելիութեան զգացում մը յառաջացնելու համար։ 2014-ին‚ կրթութեան վրայ կեդրոնացող «Սոնպոլա» ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը 200 մանուկներէ կազմուած երգչախումբ մը կազմելու համար գործակցութիւն հաստատեց երգչախումբի մրցանակակիր խմբավար Պարգեւ Թասլաքեանի հետ‚ ով կը կանգնի Թրիփոլիի հռչակաւոր «Ֆայհա» երգչախումբի ետին։

Մանուկներու երգչախումբի 6-էն 15 տարեկանի միջեւ եղող անդամները‚ թէ՛ սուրիացի գաղթականներ են‚ թէ՛ ալ տեղւոյն բնակչութեան անդամներ։ Ձայնի եւ տարիքի տուեալներու կողքին‚ բռնարարքը երգչախումբի անդամակցութիւնը բացառող արժեչափ մըն է։ «Սոնպոլա»-ն բարկութիւնը մեղմացնելու եւ երաժշտութեան ճամբով յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով կ’ընտրէ անոնք‚ որոնք փափաք յայտնած են բռնարարք մը գործելու։

«Երբ առաջին անգամ երգչախումբը կազմեցինք‚ ամէն դադարի պահուն մէկը կը վիրաւորուէր‚ իրարու զառնել կար‚ արիւն կար»‚ կ’ըսէ Թասլաքեան‚ մինչ երաժշտութեան ձայնը կը լսուի Մաժտալ Այնճար պետական դպրոցի դրներէն։ «Այժմ զիրար չեն հրմշտկեր կամ հարուածեր‚ սակայն եթէ պատահի կը փորձենք հարցը լուծել։ Առնուազն այլեւս ոչ ոք կը վիրաւորուի»‚ կ’աւելցնէ ան։

Դպրոցի սրահին մէջ բոլոր աչքերը Թասլաքեանի վրայ կեդրոնացած են։ Մանուկները ուշադիր են‚ Թասլաքեանի մտիկ կ’ընեն եւ անոր կը հետեւին։ Երբ խօսակցելով զինք խանգարէն ան հարցը նուրբ կերպով կը լուծէ՝ կացութիւնը առնելով վերահսկողութեան տակ‚ ապա ձեռքը կը շարժէ այնպիսի ձեւով‚ որ մանուկներուն կ’օգնէ երգելու ներդաշնակ կերպով։

«Ասոր նպատակը ընկերային է‚ Մենք երաժշտութեան ուժը կ’օգտագործենք զանոնք կարգապահ դարձնելու համար‚ անոնց իբրեւ միացեալ խումբ գործել սորվեցնելու համար‚ որովհետեւ երգչախումբի մը մէջ այդ պայմանները կան»‚ կ’ըսէ ան՝ աւելցնելով. «Երբ միասնաբար կ’երգեն‚ սխալներ պիտի ըլլան‚ ուստի պէտք է սորվին ներել եւ զիրար սիրել‚ որովհետեւ այլ լուծում մը չունին»։

«Սոնպոլա»-ի հիմնադիրն ու գործադիր տնօրէնը Մասա Մուֆթին է։ Ան կը նշէ‚ որ «Սոնպոլա»-ի կողմէ սուրիացի մանուկներուն մօտ կրթական բացի շուրջ ուսումնասիրութենէն ետք‚ երգչախումբը սկիզբը փորձառկում մըն էր։ Մուֆթի կ’ուզէր այդ բացը գոցել այնպիսի ձեւով մը գոյութիւն ունեցող կազմակերպութեանց աշխատանքի կրկնութիւնը չէր։ «Սոնպոլա»-ի ծնաւ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթական մանուկներու մօտ խոր կարիքներու եւ կրթական ճգնաժամին իբրեւ արդիւնք»‚ կ’ըսէ ան։

2014-ի աշնան‚ «Սոնպոլա»-ն պաշտօնապէս սկսաւ գործել եւ 2015-ի ամրան իբրեւ կազմակերպութիւն արձանագրուեցաւ։

«Սոնպոլա»-ի Պեքաայի տնօրէն Այհամ Ուաթֆէ հպարտ է այն դրական փոփոխութիւնով‚ որ երգչախումբը կը յառաջացնէ աշակերտներուն մօտ։ «Նախապէս‚ մանուկներուն մօտ հոգեբանական բազմաթիւ խնդիրներ գոյութիւն ունէին։ Մանուկներ իրենց բարեկամներուն վիզին դանակ կը դնէին։ Ատիկա առաջին փորձերուն ընթացքին պատահեցաւ»‚ կ’ըսէ Ուաթֆէ։

Սակայն աշակերտներուն վարմունքն ու կարգապահութիւնը փոխուեցաւ գրեթէ անճանաչելի կերպով։ Ան կը յայտնէ‚ որ ասիկա կտրուկ բարելաւում մըն է‚ որ անձնական մակարդակի վրայ իր վրայ ազդած է։

«Անոնց կեանքի ձեւը փոխուած է‚ կեանքը դիտելու ձեւը փոխուած է»‚ կ’ըսէ ան՝ աւելցնելով. «Երգչախումբի փորձառութենէն ետք‚ համոզուած եմ որ երգչախումբի մը խմբավարը կրնայ ընկերութիւնը փոփոխել»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.