Ընդունելով Ցեղասպանութեան Իր Մեղսակցութիւնը,Գերմանիա Այժմ Պէտք Է Հատուցում Կատարէ Հայ Ժողովուրդին
1678
0
Հակառակ «սուլթան» Էրտողանի վիրաւորանքներուն եւ սպառնալիքներուն՝ Գերմանիոյ խորհրդարանը անցեալ շաբաթ համարձակօրէն առաջ գնաց եւ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ասոր ի պատասխան՝ Թուրքիա անմիջապէս ետ կանչեց իր դեսպանը Պեռլինէն:
Պունտըսթակի պատմական բանաձեւը, որ ընդունուեցաւ գրեթէ միաձայնօրէն (ընդամէնը 1 դէմ եւ 1 ձեռնպահ), կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Ի յիշատակ եւ ոգեկոչում Օսմանեան Կայսրութեան մէջ 101 տարի առաջ հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան»: Ըստ ARD հեռատեսիլի կայանին՝ Գերմանիոյ բնակչութեան 74 տոկոսը համաձայն է, որ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն իրագործուած է: Ըստ «Շփիկել» ամսագրի մէջբերած մէկ այլ հետազօտութեան՝ Գերմանիոյ հասարակութեան 91 տոկոսը չի վստահիր Էրտողանին…
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել՝ զայրացած Էրտողանի յաճախակի ոտնձգութիւններէն, որոշեց Թուրքիոյ մեծամոլ բռնակալը տեղը դնել, մինչդեռ նախագահ Օպամա քաջութիւնը չունեցաւ նոյնը ընելու…: Գերմանիոյ ղեկավարութիւնը ստիպուած էր դիմակայելու ոչ միայն թրքական վարչակարգի յարձակումները, այլ նաեւ Գերմանիոյ մէջ ապրող երեք միլիոն թուրքերէն շատերու սուր քննադատութիւնը:
Խորհրդարանի որոշումէն ետք Էրտողան յոխորտաց. «Մենք մեր անցեալէն ամչնալու պատճառ չունինք, սակայն «Հայոց Ցեղասպանութեան» համար յաճախ Թուրքիան մեղադրող երկիրներու վրայ միլիոնաւոր անմեղ մարդկանց արիւնը կայ»: Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ նոյնքան լկտիաբար ըսաւ գերմանացիներուն. «Առաջինը դուք այրեցիք հրեաները վառարաններու մէջ, իսկ հիմա եկած ու թուրք ժողովուրդը կը մեղադրէք ցեղասպանութեան մէջ»: Էրտողանին եւ Պոզտաղին պէտք է յիշեցնել, որ Գերմանիան, ի տարբերութիւն Թուրքիոյ, վաղուց ընդունած է նացիստական ժամանակաշրջանի յանցագործութիւնները, ներողութիւն խնդրած Հոլոքոսթի համար եւ վճարած միլիառաւոր տոլարներու փոխհատուցում:
Կը մնայ տեսնել, թէ պոռոտախօս թուրք ղեկավարները կը համարձակի՞ն արդեօք պատժական գործողութիւններու ձեռնարկել Գերմանիոյ դէմ, բացի իրենց դեսպանի սովորական ետկանչէն, ինչպէս ամէն անգամ կ՛ընեն, երբ որեւէ կառավարութիւն կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Եթէ Էրտողան որոշէ աւելի առաջ երթալ դատարկ սպառնալիքներու շրջանակներէն, ապա նման քայլեր բացասական հակազդեցութիւն կ՛ունենան նոյնինքն Թուրքիոյ վրայ, քանի որ Գերմանիա անոր առեւտրական մեծագոյն գործընկերն է: Թուրքիոյ տնտեսութիւնը արդէն իսկ լուրջ դժուարութիւններ ունի այն բանէն ետք, երբ Ռուսաստանը արգիլեց թրքական ապրանքներու ներմուծումը եւ անցանկալի համարեց իր քաղաքացիներուն այցը Թուրքիա իբրեւ զբօսաշրջիկ՝ նախորդ տարի Սուրիոյ սահմանին մօտ թուրք զինուորականներու կողմէ ռուսական ուղղաթիռի խոցման պատճառով:
Թուրք ղեկավարները արդէն վնասած են իրենց երկրի շահերը՝ սադրիչ եւ գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւններ ընելով, որոնք կը նպաստեն Գերմանիոյ Պունտըսթակի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հրապարակայնացման՝ ամբողջ աշխարհի մէջ: Հազարաւոր թերթեր, կայքեր, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայաններ անդրադարձան գերմանական որոշումին եւ թրքական պոռթկումներուն: Յատկանշական է, որ միջազգային լրատուական միջոցները յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէին Գերմանիոյ խորհրդարականներու խոստովանութեան, որ իրենց երկիրը Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ըլլալով Թուրքիոյ ռազմական դաշնակիցը, մեղսակից է Հայոց Ցեղասպանութեան:
Աշխարհի ամենահեղինակաւոր թերթերէն երկուքը՝ «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Լոնտոն Թայմզ», 3 Յունիսին հզօր խմբագրականներ հրապարակեցին՝ վերահաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը, աջակցելով Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշման եւ կոչ ընելով Թուրքիոյ՝ դէմ դիմաց գալ իր անցեալի մութ էջերուն հետ:
«Նիւ Եորք Թայմզ» իր՝ «Այո, այդ Ցեղասպանութիւն է» վերտառութեամբ խմբագրականին մէջ գրած է. «Այդ ցեղասպանութիւն էր, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը…: Պատմական հաշուեյարդարի համար հայերու պահանջը լիովին արդարացուած է…: Նախագահ Օպամա, որ 2008-ին թեկնածու եղած ժամանակ խոստացաւ ճանչնալ 1915-ի իրադարձութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն, չկատարեց իր խոստումը…: Գերմանացիները, որոնք հիանալի կերպով դիմակայեցին իրենց սեփական պատմութեան սարսափելի ցեղասպանութիւնը, ճիշդ քայլ կատարեցին՝ արհամարհելով Էրտողանի սպառնալիքները»:
«Լոնդոն Թայմզ»-ի խմբագրականը՝ «Ցեղասպանութեան ժխտում. հայերու զանգուածային ջարդը պէտք է ճանչցուի Թուրքիոյ կողմէ», նոյնքան ազդեցիկ էր. «Գերմանական բանաձեւը ճիշդ է ոչ միայն իր ուղերձով, այլեւ դիւանագիտութեան մէջ: Թրքական զայրոյթը պարբերաբար կ՛ուղղուի բոլոր դաշնակից երկիրներու դէմ, որոնք կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այդ արձագանգը անարժան եւ հակապատմականէն աւելի վատ է. այդ անասելի չափերու տառապանքի ժխտումը մինչեւ այսօր կը թունաւորէ Եւրոպայի քաղաքականութիւնը եւ պէտք է վիճարկուի: Հայերու ջարդը, ինչպէս թուրք ժխտողականները կը պնդեն, պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցած՝ չնախատեսուած, սակայն անխուսափելի ողբերգութիւն չէր: Անիկա օսմանեան վարչակարգի կողմէ կազմակերպուած տեղահանման եւ զանգուածային սպանդի յատուկ ծրագիր էր…: Ժամանակակից Գերմանիան եւ անոր պետական այրերը բազմիցս արտայայտած են իրենց ժողովուրդին զղջումը անցեալ դարու ցեղասպանական բարբարոսութեան համար: Վաղուց ժամանակն է, որ Թուրքիա նոյնը ընէ»:
Ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ընդունելով իր պատասխանատուութիւնն ու մեղսակցութիւնը, Գերմանիա այժմ պէտք է համապատասխան հատուցում կատարէ հայ ժողովուրդին՝ ատով իսկ արժանի օրինակ ծառայելով Թուրքիոյ, ոչ միայն ճանաչման, այլ նաեւ հատուցման գործին մէջ…
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան