Արա Խաչատուրեան. «Բարձրացայ Էվերեսթի Գագաթը` Աշխարհի Ամբողջ Հայութեան Համար»
- (0)
26 մայիս 2016-ին լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Բարձրացայ եւ հասայ աշխարհի ամէնէն բարձր` Էվերեսթի գագաթը, որուն բարձրութիւնը 8848 մեթր է:
Ատիկա կատարեցի աշխարհի ամբողջ հայութեան եւ ինծի համար, որովհետեւ մեր արդար դատը երբեք պիտի չմոռցուի, եւ պիտի շարունակենք յիշել 24 ապրիլ 1915-ը, մեր անմեղ` 1,5 միլիոն զոհերուն յիշատակը, որպէսզի աշխարհ տեսնէ, թէ մենք ինչպիսի՛ պայքարող ազգ մըն ենք»:

Արա Խաչատուրեանին այս իրագործումը կը նկատուի բաւական մեծ արկածախնդրութիւն մը եւ կը պահանջէ մեծ զոհաբերութիւն:
Նշենք, որ ան 4 յունիսին, Մարսէյի մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպանատան մէջ արժանացաւ շատ ջերմ ընդունելութեան` տեղւոյն հայկական գաղութին կողմէ:

