«Օգնէ Արցախին» նուիրահաւաքով 60 հազար տոլար գոյացաւ Թորոնթոյի մէջ
ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի կազմակերպութեամբ եւ մասնակցութեամբ Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններու, կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն տեղի ունեցաւ «Օգնէ Արցախին» զօրակցական դրամահաւաքը, Կիրակի 5 Յունիս, 2016-ին կէսօրէ ետք յամը 2։00-ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ ներկայութեամբ շուրջ 300 հայորդիներու։
Օրուան հանդիսավար՝ ընկերուհի Թամար Տօնապետեան-ուզուեան բացումը կատարեց նախաձեռնութեան հրաւիրելով ներկաները, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը Ապրիլին Արցախի քառօրեայ պատերազմին եւ անկէ ետք զոհուած հայ զինուորներուն։
Մուտք գործեց Արցախի դրօշը ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի եւ թմբուկներու զարկով։ Դրօշի Օրհնութիւնը կատարեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Տէր եղարդ Ծր. Վրդ. Քիւսպէկեան որմէ ետք երգուեցաւ Արցախի Քայլերգը կատարողութեամբ՝ Տիկ. Լենա Պէյլէրեանին։
Հանդիսավարի բացման խօսքէն ետք, յորդորանքի եւ օրհնութեան խօսք կատարեց Հայր եղարդ Ծր. Վրդ. Քիւսպէկեան որուն յաջորդեց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր՝ մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի վարժարանի աշակերտներու կատարողութեամբ, Արցախի ձոնուած երկու երգերու խտասալիկի ցուցադրութիւն, Համազգայինի Էրեբունի պարախումբը կատարեց «Վաղարշապատ» պարը, երաժշտութիւնը՝ Խաչատուր Աւետիսեանի բեմադրութիւնը՝ Լոռի Նաճարեանի։ Մեծ ապրումով ասմունքեց Թամար Տօնապետեան-ուզուեան, ներկայացնելով համադրում մը քերթուածներու, Սարմէնի, Վահագն Դաւիթեանի, Համօ Սահեանի եւ Ասկերանի ծնունդ՝ Վազգէն Օվեանի։ Ցուցադրուեցաւ յատուկ պատրաստուած պատկերիզ մը համադրուած Արցախի հեռոստատեսութեան կողմէ որ կ՛արտացոլար ՀՕՄ-ի բարեսիրական գործունէութիւնը Արցախի մէջ։
Օրուան պատգամ ու յորդորը փոխանձեց ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի հերթապահ ընկ. Յակոբ Ճանպազեան, որմէ ետք ներկայացուց ՀՅԴ Արցախի Կ.Կ ներկայացուցիչ՝ եւ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընկ. դաւիթ Իշխանեանը, որու հետ ուղիղ եթերով կարելի եղաւ կապուիլ եւ ունկնդրել իր զեկոյցը Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին, ընկերը նաեւ պատասխասեց ներկաներու կարգ մը հարցումներուն։
Բեմ հրաւիրուեցաւ ընկերուհի Հուրի Նաճարեան որ ստանձնէ ձեռնարկի հանգանակային բաժինը, յայտարարելով մինչեւ օրըս կատարուած նուիրատուութիւններու գումարը իբրեւ սկիզբ 17,519.00 տոլարի, բեմ հրաւիրուեցան յաջորդաբար կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները փոխանակելու իրենց նուիրատուութիւնները եւ յայտնելու իրենց զօրակցութիւնը Արցախի մեր ժողովուրդին։
Ներկաները ուրախութեամբ ողջունեցին ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանէն, 8-րդ կարգի աշակերտներուն Մելենա ալթակեան եւ Սահակ Կէրէքմէզեան որոնք ներկայացուցին եւ յանձնեցին վարժարանի աշակերտութեան կողմէ հաւաքուած $7943.00 տոլարի գումարը։
Խանդավառ այս մթնոլորտին մէջ հաւաքուեցան $60.000 տոլարի հասնող ընդհանուր գումար մը, հանգանակութիւնը բաց է եւ պիտի շարունակուի յայտարարեց ընկերուհի Հուրի Նաճարեան, նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ARS Foundation-ի անունին եւ յղել ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ։
Ընկհ. Հուրի Նաճարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, բոլոր անոնց որոնք մասնակից դարձան օրուան յայտագրին եւ նպաստեցին ձեռնարկին յաջողութեան։
Տեղի ունեցաւ սուրճի եւ անուշեղէնի հիւրասիրութիւն ՀՕՄ-ի Ռուբինա մասնաճիւղի ընկերուհիներու եւ Ս. Աստուածածին Հայոց Առք. Եկեղեցւոյ Կանանց յանձնախումբին կողմէ։
Արցախը մեզ կը կանչէ…
ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» Կոմիտէ
Թորոնթօ