Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման Գերմանիոյ բանաձեւի բնագրին հակիրճ թարգմանութիւնը
1898
0
Բանաձեւը, որ կը վայելէ վարչապետուհիին պահպանողական խմբակցութեան, ընկերվար-դեմոկրատներու եւ Կանաչներու նեցուկը, չորս անգամ կ՚օգտագործէ ցեղասպանութիւն եզրը, թէ՛ իր խորագրին եւ թէ իր բնագրին մէջ, 1915-էն սկսեալ՝ 1,5 միլիոն Հայերու սպանութեան բնութագրման համար:
«Հայոց ճակատագիրը խորհրդանշական է զանգուածային բնաջնջումներու, ցեղային մաքրագործումներու եւ տեղահանութիւններու պատմութեան մէջ. այո, ցեղասպանութիւններ որոնք սարսափելի ձեւով դրոշմեցին Ի. դարը» ըսուած է բանաձեւին մէջ:
Փաստաթուղթը կ՚անդրադառնայ նաեւ Օսմանցիներու դաշնակից՝ Գերմանական կայսրութեան «անփառունակ» դերին, քանի ան ոչինչ ըրաւ կանխելու համար Հայոց ջարդերը:
«Պունտեսթակի այս ոգեկոչումը նաեւ յարգանքի արտայայտութիւն մըն է հաւանաբար աշխարհի ամենէն հին քրիստոնէական քաղաքակրթութեան նկատմամբ»:
«Գերմանական կայսրութիւնը կը կրէ այս դէպքերու մասնակի պատասխանատւութիւնը»:
«Այս քայլը խթան մըն է նաեւ Հայերու եւ Թուրքերու հաշտութեան գործընթացին, որ վերջին տարիներուն տեղքայլ կ՚ընէ եւ անկասկած կարիքն ունի մղիչ նոր ազդակներու»:
«Պունտեսթակը կը մեծարէ յիշատակը ոչ միայն անհաւատալիօրէն քստմնելի ջարդերու զոհերուն, բայց նաեւ յիշատակը անոնց՝ որոնք հարիւր տարի առաջ, Գերմանական եւ Օսմանեան կայսրութիւններուն մէջ, հակառակ շատ դժուար պայմաններու եւ իրենց կառավարութիւններուն հակադրութեան, զանազան ձեւերով փորձեցին փրկել հայ կիներ, երախաներ եւ այրեր»:
«Գերմանիոյ վարժարաններու եւ համալսարաններու պարտականութիւնն է Հայոց տարագրութեան եւ բնաջնջման նիւթին արծարծումը, Ի. դարու ցեղային հակամարտութիւններու ուսումնասիրութեան ծիրին մէջ եւ այդ մասին ապագայ սերունդները իրազեկ դարձնելը: Յատկապէս Գերմանիոյ տարբեր գաւառներուն (länder) կարեւոր դեր կը վիճակի այդ ուղղութեամբ»:
«Պունտեսթակը՝ նկատի ունենալով Գերմանիոյ դերը՝ կը խորհի, որ Հայոց ջարդերու եւ տարագրութեան ոգեկոչումը կրնայ նպաստել համարկման եւ խաղաղ համագործակցութեան»:
«Պունտեսթակը կ՚ողջունէ Թուրքիոյ մէջ՝ գիտութեան, քաղաքացիական հասարակութեան, արուեստի եւ մշակոյթի բնագաւառներէն ներս հետզհետէ ծաւալող այն ձեռնարկները, որոնք կ՚արծարծեն Հայոց դէմ գործուած ոճիրներու նիւթը, եւ կը հետապնդեն Հայերու եւ Թուրքերու հաշտութեան նպատակը»:
«Պունտեսթակը կը քաջալերէ դաշնակցային կառավարութիւնը, որ շարունակէ մօտէն հետաքրքրուիլ 1915-ի Հայոց ջարդերու եւ տարագրութեան երեւոյթներով եւ յարգել յիշողութիւնը: Բացի ատկէ, Պունտեսթակը կ՚ողջունէ որեւէ նախաձեռնութիւն, որ կը հետապնդէ այս հարցին նոր մղում տալու եւ նպաստելու նպատակը»:
«Գերմանիոյ մէջ՝ մեր սեփական պատմական փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հասարակութեան մը համար որքա՜ն դժուար է իր պատմութեան մէկ մութ էջին վրայ աշխատիլը: Այդուամենայնիւ, Պատմութեան պարկեշտ գնահատումը կարեւորագոյն հիմն է հաշտութեան, թէ՛ հասարակութեան խաւերէն ներս, թէ ալ ուրիշներուն հետ»:
(…)
Պունտեսթակը՝ դաշնակցային կառավարութեան կոչ կ՚ընէ.-
– շարունակելու Պունտեսթակի մէջ 2015 Ապրիլ 24-ին՝ 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցած վիճարկման ոգիով նպաստել՝ 1915/16-ին Հայերու տարագրութեան եւ գրեթէ ամբողջական բնաջնջման եւ գերմանական Ռայխի դերին մասին հասարակական լայն վիճարկման,
– քաջալերելու թրքական կողմը բացէ ի բաց առերեսելու տարագրութեան եւ ջարդերուն հետ, հայ ժողովուրդին հետ հաշտութեան հիմքեր հաստատելու նպատակով,
(…)
– շարունակելու քաջալերել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ՝ գիտական, քաղաքացիական եւ մշակութային գործունէութիւնները (…),
– նպաստելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պատմական անցքերու վերագնահատման՝ որպէս առաջին փուլ դէպի հաշտութիւն եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ակնկալուող բարելաւում, օրինակ՝ հետազօտողներու տրամադրելի կրթաթոշակներով (…),
– քաջալերելու հայկական եւ թրքական կառավարութիւններու ներկայացուցիչները, որ շարունակեն երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղուած գործընթացը,
– պաշտպանելու Զիւրիխի մէջ 2009-ին ստորագրուած արձանա-
գրութիւնները, որոնք կը նախատեսեն Պատմութեան գիտականօրէն ուսումնասիրման նպատակով յանձնախումբի մը կազմութիւնը, դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումը եւ հասարակաց սահմանին վերաբացումը,
– պաշտպանելու Թուրքիոյ մէջ՝ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը,
– շարունակելու, նիւթական կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ, քաղաքացիական հասարակութեան գիտական եւ մշակութային այն նախաձեռնութիւններն ու ծրագրերը, որոնք կը հետապնդեն 1915/1916-ի դէպքերուն հետ առերեսումի նպատակը: