ՖԻՏԷ-ի Դասաւորում. Արոնեան` 4-րդ Դիրքին Վրայ

 

Լեւոն Արոնեան

Լեւոն Արոնեան

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած յունիս ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականի յառաջատար` Լեւոն Արոնեան, իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2792 վարկանշային կէտ, կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:

Առաջին դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի ախոյեան, Նորվեկիայի Մակնիւս Քարլսըն (2855):

Լաւագոյն հարիւրին մէջ են նաեւ Գաբրիէլ Սարգսեան (2679), Վլատիմիր Յակոբեան (2675) եւ Սերկէյ Մովսիսեան (2660):

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց դասաւորման, Էլինա Դանիէլեան (2444) կը գրաւէ 39-րդ դիրքը, մինչեւ Լիլիթ Մկրտչեան (2430) 48-րդ դիրքը:

Առաջին դիրքը կը գրաւէ Եու Եիֆան (2663):

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.