Գերմանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայերը Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեն
1562
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».¬ Գերմանիոյ պունտեսթակի մէջ 2 Յունիսին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունումէն ետք, նիստի դահլիճին մէջ գտնուող հայերը իրենց շնորհակալութիւնը յայտնող պաստառներ բարձրացուցած են: Գրութիւններէն բացի, խորհրդարանին մէջ անոնք բարձրացուցած են Հայաստանի դրօշը:
Որոշումի հրապարակումէն ետք Պերլինի մէջ հաւաքուած հայերը քոչարի պարած են՝ ծածանելով Եռագոյնը: Հայերուն ուրախութիւնը կիսած են նաեւ հաւաքուած քիւրտերը, որոնք թրքերէնով բղաւած են. «Կեցցէ՛ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը», «Ի հեճուկս բոլորին, բոլորս հայ ենք»: