95 Տարի Առաջ Այս Օրը Գերմանական Դատարանը Անմեղ Ճանչցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանը

 

95 տարի առաջ նոյն այս օրը գերմանական դատարանը անմեղ ճանչցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանը։ 1921 թուականի Մարտ 15-ին Թեհլիրեան կը մասնակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Նեմեսիս» գործողութեան` Պեռլինի Շառլոթենպուրկ թաղամասի Հարտենպերկ փողոցին մէջ գնդակահարելով երիտթուրքերու ներքին գործոց նախարար եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յիշեցնէ Պարսկաստանի ՀՈւՍԿ-ը։

Երկուքուկէս ամիս անց, 2 Յունիս 1921-ին, դատարանին մէջ, գերմանացի փաստաբան դոկտոր Տիմայըրը իր պաշտպանական ճառին մէջ կ՛ըսէր. «Սողոմոն Թելերեան ինքը չէր, որ փողոց կ’իջնէր Թալէաթ փաշան սպաննելու, իր մէջ կ’իջնէին դարերը, միլիոնաւոր սպանուածները: Ան, կարելի է ըսել, կը տանէր իր առջեւ դրօշակը խոշտանգուածներուն, դրօշակը իր լլկուած ընտանիքին»:

Այսօր, Յունիս 2-ին, նոյնանման օր մը, Գերմանիոյ Պունտեսթակը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որ ունի «1915 թուականի հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» անուանումը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.