Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը կը փորձէ խափանել
1693
0
Այնպէս կը թուի, թէ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր Յունիս 2-ին, Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ քուէարկուելիք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին ընդառաջ՝ բացասական արդիւնքի մը հող կը պատրաստէ: Արդարեւ, ան յայտարարած է, թէ շատ լաւատես տրամադրուած չէ այդ առընչութեամբ:
Պունտեսթակի «Ձախեր» խմբակցութեան երեսփոխան Ուլլա Ելփքէ ընդառաջելով NEWS.am-ի թղթակցին խնդրանքին, մեկնաբանած է Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարին այս յայտարարութիւնը: Ելփքէ ըսած է, թէ զայրացուցիչ է, որ երկրին Արտաքին գործոց նախարարը թոյլ տայ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ ճնշման ենթարկուիլ:
“Զայրացուցիչ է, որ նման բան ըսէ սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչը։ Յայտնի է, թէ ան իրեն թոյլ կու տայ Էրտողանի ճնշման տակ մնալ։ Յունիս 2-ին Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի քննարկումներուն մենք Շթայնմայէրէն այդ առընչութեամբ հաշիւ պիտի պահանջենք”,- ըսած է Ուլլա Ելփքէ:
Նշենք, որ այս խնդիրը Թուրքիան բաւական խուճապի մատնած է: Որոշ աղբիւրներու համաձայն, Տաւութօղլու՝ նախքան հրաժարումը, այս հարցին կապակցութեամբ՝ օրական հինգ անգամ կը հեռաձայնէր Մերքէլին: