«ԱՆՆՇԱՆ ՏԱՐԱԾՔ»
- (0)
Միհրան Քիւրտօղլեան
Ռազմական գործողութիւններուն բնականօրէն մաս կը կազմեն յառաջխաղացքն ու հողային նուաճումները, ինչպէս նաեւ նահանջը եւ հողային կորուստները: Առաջին պարագային ցնծութիւնն է եւ հպարտութիւնը, իսկ երկրորդի՝ հրամայաբար պատճառներուն յստակացումն է եւ ուժերը վերագտնելու-վերահաւաքելու անհրաժեշտութիւնը:
Ապրիլի սկզբին, Ազրպէյճանի շղթայազերծած դաւադիր ու հարուածային պատերազմին հողային տարածք կորսնցուցինք, որ սակայն թշնամիին յուսացած ծաւալը չունեցաւ, շնորհիւ հերոսական բանակի մահագնաց հայ զինուորին, որ իր կեանքով կասեցուց թշնամիին յառաջխաղացքը : Կասեցումը արժեց հարիւրէ աւելի երիտասարդներու մատղաշ կեանքը:
Ճմլուած հոգիով եւ կապարի ծանրութիւն մը լեզուիդ վրայ , թերեւս ընդունիս ինչ որ պատահեցաւ ու ըսես, թէ պատերազմ էր եւ հայրենի հողը պաշտպանելու սրբազան պարտականութիւնն էր հայ զինուորին առաքելութիւնը, զոր կատարեց ան այնպիսի արութեամբ, որմէ նոյնիսկ հերոսներ պիտի օրինակուին: Յարգա՜նք անոր:
Անընդունելին , նոյնիսկ անմարսելին՝ Հայաստանի քաղաքական այրերու եւ ղեկավար տարրին շրթներէն լսուող բնորոշումներն են՝ հողային մեր կորուստին համար: Քիչ բացառութեամբ , գրեթէ բոլո՜րը՝ վերէն վար , հեռատեսիլէն թէ մամուլին տրուած հարցազրոյցներու կամ ասուլիսներու ընթացքին նոյն ծամօնն է անոնց բերնին՝ «աննշան տարածք», «անկարեւոր յենակներ», «ռազմավարական նշանակութենէ զուրկ դիրքեր», եւ այսիմաստ այլ որակումներով կը բնորոշեն կորուստը 800 հեկտար հողային տարածութեան :
Դժուար է գիտնալ, թէ այս մարդոց համար ինչ իմաստ ունի Արցախի սահմանադրութիւնը, որ իբրեւ հայրենի հող ամրագրած է թշնամիին գրաւումին
2
ենթարկուած այդ «աննշան տարածք»ը եւ որու միջազգային ճանաչման գործին լծուած են ե’ւ իրենք ե’ւ բոլոր հայերը, ամէնուրէք:
Այդ «աննշան տարածք»ը, «անկարեւոր յենակներ»ը պաշտպանելո՞ւ համար զոհուեցան ուրեմն մեր հերոս տղաքը: Ինչե՜ր կ’ըսուին ու թութակաբար կը կրկնուին:
Հայրենիքի ամէն մէկ թիզ հող արժէ’ք է, կարեւո’ր է , ռազմավարական նշանակութի’ւն ունի բոլոր ազգերուն համար ու բոլոր ժամանակներու մէջ : Դիրք ու պաշտօն կամ հանգամանք ոչ ոքի իրաւունք կու տան, որ այսպէս թեթեւամտութեամբ ճշդէ-գնահատէ, թէ հայրենի հողին ո՞ր մասը կարեւոր է եւ ո՞րը՝ անկարեւոր:
Եռաբլուրին հանգչող անմահները այդ «աննշան տարածք»(ներ)ը ազատագրելու համար զոհուեցան 24-25 տարի առաջ , իսկ այս Ապրիլին նոյն այդ «աննշան տարածք»(ներ)ը պաշտպանելու համար հարիւրէ աւելի մեր նորագոյն հերոսները իրենց կեանքը մատաղ ըրին: Զգաստացէ’ք:
Հողը մեթր առ մեթր կ’ազատագրուի թշնամիէն, նոյնպէս՝ մեթր առ մեթր կը գրաւուի:
Յայտնօրէն, խաթարուածութիւնը (կոռուպցիան) կաշառքէ, պաշտօնի շահագործումէ, մենաշնորհային չարաշահումէ ու զեղծարարութիւններէ անդին , թափանցած է այս մարդոց մտածելակերպին մէջ ու խաթարած նաեւ ազնուագոյն զգացումներն ու բարոյական ըմբռնումները:
Ազգին վստահութիւն ներշնչողը կը մնայ հայրենի հողին պաշտպանութեան նուիրուած հայ զինուորն է ու անոր քաջութիւնը :