Մեր վախճանական խնդիրն է ապահովել մեր հայրենիքի լինելիութիւնը
- (0)
Կ՚արձագանգեմ Թաթուլ Յակոբեանի կցեալ գրառման ազատագրուած տարածքներու կարգավիճակը այսօրուան իրականութեան պրիսմակէն դիտելու հրամայականէն դրդուած։
Պր. Յակոբեան կը խօսի 2001 թուականի մասին մէջբերումներ ընելով այդ օրերու Պաշտպանութեան Նախարար, ներկայիս ՀՀ Նախագահ ՝ Պր. Սերժ Սարգսեանի խորհրդարանական ելոյթներէն։ Ես չեմ գիտեր, թէ այսօր ի՞նչ մտայնութեամբ պիտի մօտենար Պր. Նախագահը այս հարցերուն։ Պարզ է սակայն, որ այսօր որևէ ժամանակէ աւելի սուր այժմէականութեամբ այս հարցերը դրուած են մեր պետութեան առջև և անոնք են, որ պիտի ճշտեն մեր պետութեան ապագան։
Թէժ հարցադրումներու բովին մէջ և Պաշտպանութեան Նախարարի իր հանգամանքով, Պր. Նախագահը, ըստ հաղորդման, ըսած կը թուի ըլլալ, թէ Աղդամը մեր հայրենիքը չէ…այդ տարածքներու ազատագրումը համարելով լոկ մեր երկրի անվտանգութենէն բխող քայլ։ Այսօր հարց պէտք է տանք, թէ իսկապէս ի՞նչ կը նշանակէ այլևս այս ենթադրեալ զատորոշումը։
Երբ թշնամիդ կը պնդէ, որ քու հայրենիքդ իրն է, բնականաբար քու խնդիրդ է ճշտել, թէ ո՞րն է քու անվտանգութեան սահմանագիծդ և այդ սահմանագիծն ալ անվիճելիօրէն կը յստակացնէ, թէ որո՞նք են քու հայրենիքիդ նուազագոյն սահմանները։ Այսօր այլևս անիմաստ է նրբերանգներով խօսիլ այս հարցին մասին։ Մանաւանդ, որ մեր հայրենիքի պատմական սահմանները — բոլոր փաստերը կը հաստատեն — ոչ միայն կ՚ընդգրկեն Աղդամը, այլ շատ ուրիշ տարածքներ, որոնք մեզի կը պատկանին և մերը պէտք է ըլլան։ Մեր երկրի լինելիութիւնը լիուլի ապահովուած էր, երբ մենք տէրն էինք այդ տարածքներուն։ Մենք դարձանք վտարանդի մեր իսկ երկրին մէջ, երբ մենք այդ տարածքները զիջեցանք թշնամիին։
Մեր վախճանական խնդիրն է ապահովել մեր հայրենիքի լինելիութիւնը (viability)։ Նոյնիսկ ազատագրուած տարածքներով դեռ շատ թերի է մեր աշխարհագրութիւնը։ Մենք շատ հեռու ենք լինելիութեան պայմանը գոհացուցած ըլլալէ։ ԻՍԿ ԱՌԱՆՑ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ՝ ՉԻ՛Ք ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ։ Զիջիլ այսօրուան ազատագրուած տարածքները համազօր է մեր կեանքի ենթահողը զիջելու։ Մեր գոյութեան իրաւունքէ՛ն հրաժարելու։
Պր. Նախագահը քաջ գիտէ, որ մենք շատ հեռու ենք բանակցութեան մէջ ըլլալէ, քանի որ բանակցելու մտայնութեամբ գործող թշնամի մը չունինք մեր առջև և երբևէ պիտի չունենանք գէթ մեր կեանքի ընթացքին։ Թուրքիա և իր արբանեակը՝ Ազրպէյճան միշտ գործած են Հայաստանն ու հայութիւնը բնաջինջ ընելու տրամաբանութեամբ։ Եւ այդ բանին որպէս նախաքայլ՝ Հայաստանը պատանդ երկրի վերածելու յստակ դիտաւորութեա՛մբ։ Հետևաբար ինչպէս Իսրայէլը, Հայաստան և Արցախ ևս պիտի գործեն այդ տարբերակը զանց ընելով, քանի որ ան գոյութիւն չունի։ Մեր գործը Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի փանթուրքիստ և ֆաշիստ պետականութիւններուն հետ է։ Ուզենք կամ չուզենք՝ մենք այս իրականութեան մէջն ենք թէ՛ Հայրենիքի և թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Մենք հող չունինք տալիք։ Մենք հող ունինք առնելի՛ք։ Զիջողական տարբերակը չէ, որ պիտի կարողանայ ապահովել մեր երկրի խաղաղութիւնը։ Մեր երկիրը Սկանտինաւիոյ մէջ չէ, որ կը գտնուի։
Կարօ Արմենեան