Ազգային ինքնութիւն եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւն*

 

Վարանդ Փափազեան

* Այս զեկոյցը ներկայացուած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կազմակերպած Ազգային ինքնութեան եւ հայապահպանման հարցեր քննարկող խորհրդաժողովին 28 Փետրուար 2016-ին,Երեւան:

 Այս գրութիւնը կը փորձէ վերլուծել ազգային ինքնութեան բնոյթը, քննարկել  ներկայ իրավիճակը  եւ ճշդել Ազգին վերապրումին եւ Հայաստանի վերականգնման գործընթացին առաջ ցցուող խոչընդոտները: Ան կ’անդրադառնայ նաեւ  հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան արդի միջոցներուն դերին եւ ազդեցութեան: Ապա կը ներկայացուի Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ այս ուղղութեամբ Հ.Յ.Դաշնակցութեան դերը նշելով գործադաշտին բնոյթը  եւ գործելաձեւը եւ տրամադրելի մարդուժին ու միջոցներուն արդիւնաւէտ օգտագործումի կարեւորութիւնը:

 Ազգային ինքնութիւն

Ժողովուրդները, յատկապէս էթնիկ խմբաւորումները ինքնապաշտպանութեան եւ վերապրումի համար  կը դիմեն գաղափարական յղացքներու, անոնք իրենց   հաւաքական տեսլականը եւ կամքը սերունդներուն կը փոխանցեն իրենց լեզուով, առասպելներով, մշակոյթով  եւ  ընկերային ներքին օրէնքով:

Պատերազմներու եւ արշաւանքներու խաչմերուկ՝ հայկական բարձրաւանդակը  հայ ժողովուրդին համար դարձաւ ազգային դիմագիծ կերտող  կենսավայր,  իսկ  Արարատը՝ ինքնութեան կուռք եւ գալիքի խորհրդանշան: Օտար  ուժերու բախման կէտին վրայ իր գոյութիւնը քարշ տուող եւ  հետզհետէ այլափոխուող  հայը իր վերապրումը խարսխեց իր հաւաքական անհատականութեան վրայ իր անցեալը եւ իր երկիրը  պատմելով իբրեւ ազգային  ինքնութեան երգ եւ ներկային նայելով  իբրեւ վերականգումի երթ՝ լինելութեան հանգրուան: Ինքնարժեւորումի եւ հաւաքական հզօրացման  այս մտածողութիւնը հաւանաբար գլխաւոր  պատճառն է, որ  հակառակ   հալածանքներուն, տեղահանութեան, օտարացման ու ձուլման հայերը կառչեցան ազգային գոյութեան եւ Հայաստանը պաշտեցին՝ իբրեւ Հայոց Աշխարհ:

Հաստատենք նաեւ, որ ազգային գոյակռիւին յաջող ընթացքին համար  անհրաժեշտ է իրավիճակներու առարկայական եւ խորքային  ճանաչումը եւ իրատես ռազմավարութեան ճշդումը: Մակերեսային  ինքնագովութիւնը  եւ  անիրական խօսքը  կը խոչընդոտեն յստակատեսութիւնը, պայքարը կը շեղեն արդիւնաւէտ հունէն ու կը ծնին ամուլ ճառ, որ կը վանէ ժողովուրդը եւ սերունդները:

Մարդկային ծինային համակարգը ուսումնասիրող գիտութիւնը կը փաստէ, որ չկան «զտարիւն» ցեղեր. մարդկային ցեղախումբերուն եւ էթնիկ  խմբաւորումներուն DNA-ի շղթաները ցոյց կու տան անոնց  բազմաղբիւր ծագումը, հազարամեակներու վրայ երկարող հոլովոյթը եւ բնախօսական բարդ եղափոխութիւնը: Բայց, անկախաբար  գիտութեան կատարած հաստատումներէն մարդ-անհատներ եւ խմբաւորումներ կը հաւատան իրենց  արենակցական ուրոյն պատկանելիութեան եւ կը դրսեւորեն ցեղախմբային ու հաւաքական  իւրայատկութիւններ, որոնք կ’արտայայտեն իրենց նկարագիրը եւ անհատականութիւնը:

Այս հակասութիւնը կը նշէ այն առանցքային դերը, որ ունի  հաւաքականութեան անդամներուն ինքնապատկերացումը որպէս մարդ-անհատ եւ խմբաւորումի անդամ: Հաւաքական եսի կազմաւորման  հիմնական տուեալ պէտք է նկատել ազգային ինքնանկարէն բխող գաղափարական եւ բարոյական արժէքային համակարգը, որ կը բնորոշէ Ազգին նկարագիրը եւ կը կերտէ անոր մարտունակութիւնը ի խնդիր վերապրումի եւ ազգային  տուն-հողատարածքի տիրութեան: Ազգային ինքնութեան յատկանիշներուն գոյառումը աւելին է քան բնախօսական ժառանգութիւնը, ան ծնունդն է Ազգին աշխարհահայեացքին, անոր լեզուամտածողութեան, աւանդութիւններուն, երգին ու պարին ինչպէս նաեւ այլ հաւաքականութիւններու հակադրութեամբ եւ փոխազդեցութեամբ առաջացած լեզուամշակութային եւ ընկերային յատկանիշներու:

Ազգին  արժէքին եւ  լինելութեան մասին անհատներուն եւ խմբաւորումներուն  հաւաքական պատկերացումն է, որ կը հիմնաւորէ Ազգին գոյութիւնը եւ կը հունաւորէ անոր վերապրումի պայքարը: Ազգին անդամները կը զոհաբերեն ազգային գործին, երբ կը հաւատան գաղափարին եւ կը վստահին առաջնորդող  կազմակերպութեան՝ պետութիւն, բանակ, կամ կուսակցութիւն:

 Ազգային իրավիճակը

Հայոց ազգային երթը յաճախ արձանագրած է նահանջ. արտաքին ճնշումները եւ հալածանքները աղաւաղած են նկարագիրը եւ խախտած են ազգին ինքնավստահութեան հիմերը՝ ինքնութեան գիտակցութիւնը եւ միասնութիւնը: Օտար կայսրութիւններու միջեւ Հայկական բարձրաւանդակին եւ հայ ժողովուրդին մասնատումը եւ գերեվարումը պատճառ եղած է, որ տարբերակուին ու  աղճատուին լեզուն եւ մշակոյթը, քայքայուի ազնուութեան եւ քաջութեան  ինքնապատկերացումը, եւ ազգային նկարագրէն ներս սողոսկի ստրկամտութիւնը: Ազգին ծանրագոյն հարուածը հասած է Հայոց Ցեղասպանութեամբ՝ պապենական-հայրենական տարածքներու կորուստով եւ  բնակչութեան բնաջնջումով: Հայը անհետացած է քաղաքական եւ ազգային պայքարներու բեմէն, տկարացած են ազգային լինելութեան յենարանները, առաջացած  է տարակուսանք Ազգին եւ ընդհանրապէս հայուն արժէքին ու կարողութեան նկատմամբ:

Բայց, միասնական կամքի պատմական արտայայտութեամբ հայ ժողովուրդը իրագործած է իր ազգային երթին նոր թափ եւ ուժականութիւն տուող որոշիչ արարքներ, որոնք շրջած են պատմութեան ընթացքը՝ Ազգին տրոհումէն, ձուլումէն եւ բնաջնջումէն դէպի ինքնութեան վերընձիւղում եւ ազգային վերելք: Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնումը եւ Արցախի ազատագրումը  վերաքանդակած են հայոց ազգային դիմանկարը միանգամընդմիշտ:

Սակայն, հակառակ այս պատմական շրջադարձերուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր կ’անցնի լուրջ դժուարութիւններէ: Կառավարման համակարգին եւ ժողովուրդին  միջեւ վստահութեան խզումը, ռազմաքաղաքական լարումը եւ ճնշումները եւ տնտեսութեան ճահճացումը կը ծնին ընկերային ու քաղաքական տագնապներ, արտագաղթ եւ հասարակական հակադրութիւն. կ’այլափոխուի համազգային մտածողութիւնը, կ’արժեւորուի խմբակային շահը եւ գործելաձեւը: Այսպէս, կը տկարանայ հայրենիքին դերը իբրեւ ներքին օրէնքի աղբիւր, նոր սերունդներու հոգեմտաւոր կազմաւորման հնոց: Հաստատենք, որ ազգային  ինքնութեան ամրապնդման ռազմավարութիւնը պարտաւոր է անդրադառնալ  նաեւ պետականութեան հզօրացման եւ կառավարման համակարգի առողջացման հրամայականներուն:

Հայոց ազգային ինքնութեան եւ ուժի պատուանդանը Միացեալ հայրենիքն է: Հայաստանի Հանրապետութեան ազգագրական, ընկերային եւ տնտեսական  վիճակը եւ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի իրականութիւնը միասնաբար կը հունաւորեն ազգային վերապրումի ճիգը արտերկրի մէջ հայեցի դիմագծի շեշտումէն՝ Հայաստանի հզօրացում:

Ճիշդ չէ Ազգին վերապրումի ճիգը բաժնել երկու կամ աւելի հուներու եւ գործադաշտերու, ճիշդ չէ Սփիւռքի մէջ ինքնութեան պահպանումի խնդիրը տարբերել Հայաստանի հայութեան բարօրութեան եւ բարգաւաճման հարցերէն. Հ.Յ.Դաշնակցութեան  ազգային ռազմավարութիւնը կը ձգտի հունաւորել թէ Հայաստանի եւ թէ արտերկրի ազգային կեանքը: Ազգին հզօրացման գործընթացը մէկ է եւ աշխատանքը՝ միասնական: Այս մեկնակէտով պէտք է քննարկել Սփիւռքի մէջ հայապահպանումը եւ Հայաստանի  մէջ՝ պետութեան գործունէութիւնը եւ ժողովուրդի ինքնավստահութեան վերականգնումը :

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Հայաստանէն ներս եւ դուրս ամէն ջանք պիտի թափէ՝ դիմագրաւելու համար ազգային, պետական եւ ընկերային  խնդիրները, ձգտելով հաշտեցնել հակասութիւնները, հունաւորելով պետութեան  բարեկարգումի գործընթացը եւ ժողովուրդին աչքին վերականգնելով իր ազգային էփիկ ինքնանկարը: Այս գործը պէտք է կատարել յանուն Ազգի լինելութեան, նաեւ՝ յանուն Հ.Յ.Դաշնակցութեան ճշմարտութեան:

Հայապահպանում

Սփիւռքի մէջ հայախօսութեան նահանջին եւ երիտասարդ սերունդներու ձուլման արագացող ընթացքին ի տես հաւանաբար ժամանակն է հայապահպանման ռազմավարութեան կողքին ճշդելու այլ մօտեցումներ եւս, ի մտի ունենալով օտար միջավայրի եւ մշակոյթներուն ազդեցութիւնը եւ հայապահպանման  օճախ հանդիսացող միջին-արեւելեան համայնքներուն ընկրկումը: 

Հայապահպանումի ռազմավարութիւնը գործադրուեցաւ սփիւռքեան գրեթէ բոլոր գաղութներէն ներս, բայց գաղափարական հիմնաւորում եւ  կառուցային զարգացում ունեցաւ մասնաւորապէս միջինարեւելեան հայ համայնքներուն մէջ: Նոր սերունդներուն հայեցի  կազմաւորումը եւ դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ  կրթական, մշակութային եւ հասարակական  գործերու կազմակերպումը  սերտօրէն առնչուեցան որբերուն եւ գաղթականներուն ֆիզիքական վերապրումին, Ցեղասպանութեան պատճառած հոգեխոցին շրջանցումին  եւ ազգային արժանապատուութեան վերականգնումին:

Վերապրելու, տնտեսապէս կայանալու եւ ընկերային կեանքը վերակառուցելու հրամայականներն էին‚ որոնք ծնան անհատական եւ հաւաքական գիտակից կեանք  եւ թափ տուին հայ դպրոցներու հիմնումին, հայեցի դաստիարակութեան ծաւալումին եւ համայնքներու կազմակերպական եւ մշակութային  վերելքին:

Բռնի տեղահանութեամբ կազմաւորուած  հայկական ներամփոփ  համայնքները ժամանակի ընթացքին ստեղծեցին ուրոյն մշակոյթ, արժէքաբանութիւն ու գործելաձեւ, անոնք ծաղկեցան իբրեւ կենսունակ ու շինարար անհատներ եւ խմբաւորումներ: Թրքախօս գաղթականները դարձան հայախօս, ամրապնդելով հայ  հասարակութեան ազգային եւ ընկերային հիւսուածքը եւ բազմացնելով անոր կարողականութիւնը. նոր սերունդները կազմաւորուեցան ազգային արժէքներով   եւ ծնան համայնքներու ինքնապաշտպանութեան եւ Հայ դատի մարտիկներ:

Վերականգնումի այս ընթացքը բնականաբար ենթակայ եղաւ միջավայրի քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային պայմաններուն ազդեցութեան: Լիբանանի պատերազմները, Իրաքի անկայունացումը եւ Սուրիոյ քայքաքումը ծանրօրէն խոցեցին հայեցի դիմագծի պահպանումին շուրջ համախմբուած համայնքները եւ պատճառ եղան քանակական եւ որակական  անկումի ու նահանջի:

Անդին, արեւմտեան երկիրներուն մէջ հայապահպանման ճիգերը կեդրոնացան եկեղեցական եւ մշակութային գործունէութեան շուրջ: Հայ դպրոցի ճամբով հայեցի ուսումի փոխանցումը սկսաւ բաւական ուշ եւ չունեցաւ մեծ տարողութիւն, իսկ դպրոցներուն   կենսունակութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը ընդհանրապէս կախեալ եղան միջինարեւելեան համայնքներուն ակամայ տարտղնումէն եւ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու տեղաշարժէն:

Այսօր, հայապահպանումի գործը կը դիմագրաւէ մեծ դժուարութիւններ: Կրթական, քարոզչական եւ մտաւորական գործիչներու քանակի եւ որակի նուազումը եւ ձուլման արագօրէն աճող ընթացքը կը վտանգեն  Սփիւռքի մէջ ազգային դիմագծի եւ մտածողութեան գոյատեւումը եւ նոր սերունդներու ազգային դերակատարութիւնը:

Հաղորդակցութեան արդի համակարգը

Հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան արդի միջոցները, համացանցը եւ ընկերային ցանցերը ստեղծած են մարդկային յարաբերութիւնները եւ արժէքները կազմաւորող համաշխարհային բարդ համակարգ մը, որ տեղեկութիւնը, մշակոյթը, տնտեսութիւնը եւ հասարակական կարծիքները կը հունաւորէ ըստ դրամատիրական ընկերութիւններու եւ մեծ պետութիւններու շահերուն եւ անոնց տնտեսական ու քաղաքական ծրագիրներուն։ Ան  յաճախ կը զանցէ ազգերու ուրոյն շահերը եւ կը դժուարացնէ ազգային եւ պետական նպատակներու եւ ռազմավարութեան հետապնդումը:

Ընկերային եւ մշակութային այս միջավայրը ապազգային  հունով կ’առաջնորդէ ոչ միայն հայ նոր սերունդները այլ՝ ընդհանրապէս աշխարհի երիտասարդութեան մտածողութիւնը եւ կենսաձեւը: Ֆէյսպուքի, Ինսթակրամի եւ Եու Թիուպի ճամբով փոխանցուող անմիջական գոհացումի մոլութիւնը կ’արժեզրկէ լեզուն եւ գրականութիւնը, կը բացառէ խորքային քննարկումները  եւ կ’այլափոխէ բարոյական արժէչափերն ու ընկերային յարաբերութիւնները: Իրենց կեանքին մէկ կարեւոր մասը համացանցին վրայ ապրող սերունդները դարձած են գրեթէ կամազուրկ սպառողներ, պարարտ հող՝ նիւթական եւ բարոյական շահագործումի, ենթակայ՝ համաշխարհային տնտեսական կառոյցներու շուկայական հաշիւներուն եւ արհեստագիտութեան անհակակշռելի զարգացումներուն:

Բայց, միւս կողմէ, մարդկային հետաքրքրութիւններուն եւ տենչերուն հեշտ գրգիռ եւ անսահման  գոհացում առաջարկող այս համակարգը կը ներկայանայ իբրեւ քարոզչութեան եւ դաստիարակութեան հզօր միջոց նաեւ  տկար ազգերու եւ խմբաւորումներու համար: Հետեւաբար, վիրտուալ աշխարհին մասնագիտական ճանաչումը եւ անոր արդիւնաւէտ օգտագործումը հիմնական դեր պիտի ունենայ  ազգային ինքնութեան ամրապնդման գործին մէջ:

Մշակութային եւ տնտեսական այս համայնակուլ երեւոյթին դիմաց ընկերային եւ հասարակական արժէքներու պաշտպանութիւնը եւ ազգային ու պետական ուրոյն ռազմավարութեան իրագործումը պայմանաւորուած են իրականութեան անաչառ ճանաչումով եւ հարցերուն արդիւնաւէտ պատասխան տուող   միջոցներու որդեգրումով: Առանցքային կարեւորութիւն կը ստանան ազգին բոլոր հատուածներուն համադրուած կազմակերպումը, համազգային առաջնորդող գաղափարները եւ Հայաստան-Սփիւռք ազգային քաղաքականութեան ճշդումը եւ գործադրութիւնը:

Ազգային ինքնութեան ամրապնդումը եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը

Սփիւռքի մէջ հայերէն լեզուի պահպանումի եւ ազգային արժէքներուն սերունդներուն փոխանցումի հարիւրամեայ ճիգին արդիւնքները հետզհետէ կը նուազին: Արեւմտահայերէնը  կը նահանջէ ամենուրէք, մասնաւորաբար հայ մամուլին մէջ: Օտար լեզուները եւ մշակոյթները  կը ներգրաւեն  նոր սերունդներուն  մտայնութիւնը եւ կենցաղը: Արագացող ձուլումի եւ օտարումի ալիքին դիմաց կը հնչեն ահազանգներ եւ տարբեր կոչեր:

Հաստատենք, որ այս բացասական երեւոյթներուն մէջ մեծ դեր ունին արտազգային գործօններ եւ ազդեցութիւններ, որոնց վրայ հակակշիռ ունենալ չեն կրնար նոյնիսկ անկախ պետական համակարգով իրենց մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային կեանքը հունաւորել փորձող ազգերը եւ պետութիւննեը: Առաւել դժուարութիւն կ’ունենան հայրենի հողէն դուրս ապրող,  քաղաքական եւ ընկերային օտար օրէնքներու ենթակայ սփիւռքահայ համայնքները եւ կազմակերպութիւնները:

Սակայն, իրապաշտ ըլլալ չի նշանակեր հրաժարիլ հայապահպանումի ռազմավարութենէն: Սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութեան ուղղուած աշխատանքները պէտք է շարունակել հետեւողական վճռականութեամբ: Կասկածէ վեր է, որ լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային ուրոյն պատմութեան  եւ հայրենիքի  գիտակցութիւնն է, որ օտար միջավայրի մէջ ապրող հայերը կը բերէ դէպի Ազգ եւ դէպի հայրենիք:

Առ այդ, աշխատանքը պէտք է կեդրոնացնել ոչ թէ նահանջին կասեցման անհեռանկար ճիգերուն այլ՝ սերունդներուն քաղաքականացման վրայ: Այս իմաստով, կարեւոր դեր պիտի ունենան  ՀՅԴ ազգային եւ քաղաքական խօսքին եւ գործին աւելի շեշտակի արժեւորումը, երիտասարդութեան ուղղութեամբ կատարուած քարոզչութիւնը եւ դաստիարակչական  ու  կազմակերպական աշխատանքները:                    

Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ազգային դիմագծի կերտումի ՀՅԴի  գործը կ’ընդգրկէ ազգային եւ  ընկերային արժէքներու ժողովրդային քարոզչութիւնը, լեզուի եւ մշակոյթի  պահպանումը եւ հարստացումը, Հայաստանի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական խնդիրներուն ճանաչումը եւ՝ լուծումներու հետապնդումը, Հայ Դատի  գործադաշտերը եւ Հայաստանի հզօրացումի յենակէտ՝ Արեւմտեան Հայաստանի ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:

Ազգային ռազմավարութեան  բնորոշումովն իսկ ՀՅԴի տեսլականը եւ գործը  կ’ընդգրկեն Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Ազգին ամբողջութիւնը: Հաստատենք, որ այս մօտեցումը չի բխիր յաւակնոտ մեծամտութենէ: Գաղափարական մտածողութիւնը  եւ հեռահար նպատակներու իրագործումը ունին իրենց ուրոյն հրամայականները, որոնք կ’առաջնորդեն կազմակերպութիւնները եւ անհատները անկախաբար անոնց կարողութեան եւ ուժականութեան չափէն: Տեսլականն է, որ պիտի կազմաւորէ եւ դէպի աշխատանք  պիտի մղէ անվհատ մարտնչողը իսկ անյաջողութիւնները վերջակէտ պիտի չըլլան, ընդհակառակը՝ իբրեւ դաստիարակիչ  օրինակներ անոնք պիտի կառուցեն յաջողութեան ապագայ հանգրուանները:

Իր կենսագրութեամբ, իր արժէքային համակարգով եւ իր մտածողութեամբ ՀՅԴը համազգային կազմակերպութիւն է, որ կը ձգտի իր գաղափարին եւ գործելաոճին շուրջ համախմբել ժողովուրդը, երիտասարդութիւնը եւ մտաւորական ներուժը: ՀՅԴի ինքնապատկերացումը կ’արտայայտէ Ազգին գոյակռիւը ինչպէս նաեւ ինքն  իր նկարագիրը եւ գործելաոճը: ՀՅԴն կը մտածէ ու կը գործէ որպէս համայն Ազգին բեռը շալակած մարտնչող կազմակերպութիւն:

ՀՅԴի գործը  կը սկսի իր խօսքին ազդու փոխանցումով: Արդիւնաւէտ քարոզչութիւնը կը խուսափի ինքնագովութեան ծուղակէն եւ  կը ձգտի ստեղծել մտածելակերպի  եւ գործելաոճի ենթահող մը, ուր առաջ կը տարուի կուսակցական եւ ժողովրդային համադրուած գործունէութիւն: ՀՅԴի ազգային ռազմավարութեան եւ  ծրագիրներուն համազգային տարողութեամբ քարոզչութիւնը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հանրային եւ պետական  գործիչներու նկատմամբ առարկայական եւ պահանջկոտ կեցուածքը եւ նոր սերունդներուն դէպի ազգային գործ ներգրաւումը կը ստանան կենսական կարեւորութիւն: Մեկնելով ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովին ճշդած ռազմավարական սկզբունքներէն եւ որոշումներէն  պէտք է ընդլայնել եւ խորացնել քարոզչական եւ դաստիարակչական աշխատանքները յատկապէս երիտասարդութեան քաղաքականացման ուղղութեամբ:

Գաղափարական յանձնառութեան փոխանցումը եւ գործադաշտերու ու գործելաոճի  արժեւորումը պէտք է կատարուի ՀՅԴ քարոզչական կառոյցներուն ընդմէջէն: Արհեստագիտութեան արագ հոլովոյթին ի տես դասական միջոցները կը թուին ըլլալ անբաւարար։ Արհեստավարժ հետապնդումով  պէտք է քննարկել ՀՅԴ քարոզչական մեքենային տարբեր արտայայտութիւնները՝ անոր արհեստագիտական մակարդակը, լեզուն եւ ոճը, կատարուած  քարոզչութեան հասանելիութիւնը Հայաստանէն ներս եւ  դուրս եւ մասնաւորաբար՝ երիտասարդութեան վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան չափը:

Հ.Յ.Դաշնակցութեան գործը

Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ազգային ռազմավարութեան յաջողութեան համար կենսական կարեւորութիւն ունին՝ կարող մարդուժի ներգրաւումը, ՀՅԴ ծրագիրներուն եւ գործունէութեան մասին համազգային  տարողութեամբ իրազեկումը, ուղեկից միութիւններու գաղափարական վերընձիւղումը եւ  կազմակերպական աշխուժացումը, ինչպէս նաեւ ժողովրդային տարբեր խաւերու եւ խմբաւորումներու  քաղաքականացման համար կատարուած  քարոզչական եւ հասարակական աշխատանքները:

Նշենք, որ պէտք է զգուշանալ ստանձնելէ համազգային գործադիր մարմնի դեր, որ ինքնին կրնայ թուիլ գրաւիչ , բայց նաեւ ապարդիւն  է եւ վնասակար, որովհետեւ կը ծնի կազմակերպական հակասութիւններ եւ վարչական խցանումներ ու կը վանէ կարող մարդուժը: ՀՅԴը պէտք է ձգտի ըլլալ համակարգող ուժը, որ կը համոզէ եւ դէպի գործ կը մղէ երիտասարդութիւնը, մտաւորականութիւնը, հասարակական կազմակերպութիւնները եւ պետական ու  կրօնական կառոյցները:

Համազգային տարողութեամբ ծրագիրներու իրագործումը բնականաբար պիտի պահանջէ նիւթական լուրջ միջոցներ: Կը հաւատանք, որ ազգային այս բեռը ստանձնած Հ.Յ.Դաշնակցութեան կամքը պիտի յաղթահարէ թէ կազմակերպական եւ թէ  ֆինանսական դժուարութիւնները:

Ա Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւ երիտասարդութիւնը

Իր հիմնումի օրէն, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր կազմակերպական եռանդը,  գաղափարականութիւնը եւ  մարտնչումի ոգին ստացած է նոր սերունդներէն: Երիտասարդութեան ֆիզիքական եւ հոգեմտաւոր կենսունակութիւնը եւ ժամանակի խնդիրներուն  արձագանգող գաղափարապաշտ յանձնառութիւնը ՀՅԴին տուած են երկարաշունչ  դիմադրականութիւն  եւ կերտած՝ արդիւնաւէտ գործելաձեւ: Կարելի չէ պատկերացնել ՀՅԴի գաղափարներուն  եւ գործունէութեան յարատեւումը առանց երիտասարդութեան ստեղծագործ դերակատարութեան: Ամենուրէք, ՀՅԴի խօսքը եւ գործունէութիւնը սերտօրէն կը կապուին երիտասարդ սերունդներու հոգեմտաւոր աշխարհին, կենցաղին ու մտահոգութիւններուն:

Ազգային եւ ընկերային տեսլականը եւ գործը կը կերտեն ժողովրդային վստահութիւն եւ  համակրանք: ՀՅԴի գաղափարական աշխարհը հարուստ է մարդկային եւ ընկերային արժէքներով, որոնք կը համընկնին  նոր սերունդներու հասարակական եւ մշակութային մտածողութեան: Երիտասարդութիւնը քաղաքականացնելու եւ ազգային գործին մէջ զայն  ներգրաւելու համար կատարուած դաստիարակչական եւ քարոզչական  աշխատանքները պէտք է հիմնաւորեն ՀՅԴի նպատակները եւ գործերը կարեւորելով  ընկերային արդարութեան ձգտումը, հասարակական ու ընկերային բարոյականութեան հետապնդումը եւ կառավարման համակարգին ու պետական վարչամեքենային բարեփոխումը: Անոնք պիտի շեշտեն նաեւ աշխարհացրիւ հայերը ազգային գործին շուրջ համախմբելու եւ քաղաքական ու տնտեսական յենարանի վերածելու անհրաժեշտութիւնը: Պէտք է ձգտիլ ոչ միայն Ազգին մասնիկներուն միասնութեան այլ յատկապէս՝ իրերայաջորդ երիտասարդ սերունդներու համազգային տեսլականով  կազմաւորման:

Բ- Մտաւորական ներուժը

Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար ուրոյն արժէք եղած է նաեւ գաղափարական ուղի հունաւորող մտաւորականը, որ մշակութային, ընկերային եւ գիտական լիցք եւ ուժականութիւն տուած է ազատագրական պայքարին: Այսօր եւս, մտաւորականները եւ մշակոյթի գործիչները պիտի ունենան որոշիչ դեր ՀՅԴի ազգային ռազմավարութեան  արժեւորման եւ իրագործման  համար: Հայաստանի եւ  արտերկրի մտաւոր ներուժին  ազգային գործին մէջ ներգրաւումը պէտք է նկատել հիմնարար քայլ, որ նոր թափ կու տայ ազգային եւ պետական վերականգնումի գործընթացներուն:  

Այսօր, պետութեան, կազմակերպութիւններու  կամ անհատ ձեռներեցներու կողմէ կը կազմակերպուին  մտաւորականներու  եւ  ակադեմականներու հանդիպումներ, որոնք կը միտին քննարկել Հայաստանի եւ Սփիւռքի մշակութային եւ ազգային հարցերը՝ արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւն, ուղղագրական միատարրութեան խնդիր եւ կամ ազգային նոր ռազմավարութիւններու բանաձեւում: Առանց ժխտելու կարգ մը  գիտաժողովներու օգտակարութիւնը պէտք է հաստատել, որ ցարդ կատարուած  քննարկումները կը յամենան  մակերեսային վերլուծումներու ծիրին մէջ եւ չեն  ծնիր համազգային բնոյթի մտածողութիւն եւ գործադաշտ:

Հայ մտաւոր ներուժը ստեղծագործ աշխատանքի մղելու համար անհրաժեշտ է  վերանայիլ հանդիպման վայրը եւ քննարկման ոճը: Համացանցի վրայ վիրտուալ ներկայութիւնն է, որ կը կազմաւորէ նոր սերունդներու մտածողութիւնը եւ հանրային կարծիքը, առ հասարակ: Ընկերային ցանցերու եւ վիտէօ երիզներու ճամբով փոխանցուած դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան կշիռը, անկախաբար անոնց  հոգեմտաւոր եւ բարոյական արժէքէն, անհամեմատ աւելի է, քան ուսուցչին կամ քարոզիչին անմիջական խօսքին ազդեցութիւնը: Միւս կողմէ, մտաւորական եւ գաղափարական շարժում առաջացնելու ձգտող  վիճարկումները եւ վերլուծումները կը ստանան խորք եւ այժմէական արժէք, երբ կը կատարուին հրապարակային հարթակներու վրայ եւ կ’ըլլան ենթակայ հանրային քննադատութեան: Շեշտենք, որ թէ մտաւորականութեան եւ թէ երիտասարդութեան քաղաքականացման եւ ներգրաւման ՀՅԴի ճիգերուն համար Համացանցը պիտի ունենայ առանցքային դեր:

Գ-Համակիր կազմակերպութիւններ                

ՀՅԴի ուղեկից կազմակերպութիւնները՝ ՀՄԸՄ, ՀՕՄ եւ Համազգային կազմաւորուած են սփիւռքեան պայմաններու մէջ կրելով համայնքային վերապրումի հրամայականները  եւ օտար միջավայրի ազդեցութիւնները: Այս միութիւններուն գաղափարական մտածողութիւնը եւ մարդկային ներուժը եւս  ենթակայ են ազգային ինքնութիւնը տկարացնող երեւոյթներու, քանակական ու որակական նահանջի:

Ազգային ռազմավարութեան իրագործման եւ հայեցի դիմագծի ամրապնդման համար ՀՅԴի ուղեկից միութիւնները պիտի ունենան կարեւոր դեր: Սակայն, դժուար է այսօր վստահօրէն հաստատել, որ անոնք պիտի կարենան շրջանցել սփիւռքեան կեցութեան ազդեցութիւնները եւ պիտի յաջողին ՀՅԴի կողքին ծաւալել համազգային գործունէութիւն: Անմիջական պէտք է նկատել ուղեկից միութիւններուն, ինչպէս նաեւ համակիր այլ կազմակերպութիւններու իրավիճակին եւ դերերուն քննարկումը ի խնդիր անոնց գաղափարական յղացքներուն այժմէականացման, կառոյցներու   վերանայման  եւ կազմակերպական աշխուժացման:  

Դ- Քարոզչութիւն

Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար ազգային ինքնութեան ամրապնդումի եւ պետականութեան վերականգումի գործին յենարաններն են  հայրենի ժողովուրդը եւ արտերկրի հայութիւնը. այս համահայկական գործունէութեան յաջողութեան համար անհրաժեշտ է կատարել համազգային քարոզչութիւն, փոխանցել դաստիարակիչ խօսք եւ նախաձեռնել օրինակելի գործերու: Այս աշխատանքներուն մէջ պէտք է  ներգրաւել թէ կուսակցական  եւ թէ համակիր կարող մարդուժ, յատկապէս երիտասարդ ուժեր:

Առ այդ, պէտք է կազմակերպել քարոզչական եւ դաստիարակչական ծրագիրներ պատրաստող հանդիպումներ, Համացանցի օգտագործման մասին  քննարկումներ, խմբագիրներու, մտաւորականներու  եւ  հաղորդակցութեան մասնագէտներու միջեւ համացանցային կամ ուղղակի խորհրդակցութիւններ: Անմիջական կերպով պէտք է  ձեռնարկել վիտէօ երիզներու, խաղերու եւ համակարգչային ծրագրերու (app) պատրաստութեան ինչպէս նաեւ  համացանցային  կայքերու հիմնումին:

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.