Շուշիի «Արամ Մանուկեան Ճամբար»ը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը

 

 

Անցեալ տասնըմէկ տարիները յաջորդաբար, ամէն ամառ, Գանատաբնակ ընտանիք մը՝ Հայդուկ, Այտա, Տեսիլ եւ Պատրոյգ Շամլեաններ, Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ կը բանան եւ կը վարեն «Արամ Մանուկեան Ճամբար»ը։ 

 Ապրիլ ամսուն – եւ դեռ մինչեւ օրս շարունակուող – պատերազմի բռնկման մտահոգութեամբ, ուզեցինք հետաքրքրուիլ թէ այս ամառ եւս անոնք պիտի գործադրե՞ն արդեօք այդ ծրագիրը:

 Ստորեւ, նախ կը վերարտադրենք այս նիւթով անցեալին  «Հորիզոն»ի կատարած բացառեալ հարցազրոյցը, որ համապարփակ կերպով կը ներկայացնէ ծրագիրը: Այժմէականացուցած ենք միայն մի քանի հատուածներ:

 Անկէ ետք, կը հրատարակենք նաեւ այժմու արտակարգ կացութեան վերաբերող բաժին մը:

1.- Հայրենիքի մէջ գործող սփիւռքահայ անհատական նախաձեռնութեամբ միակ ճամբարն է Շուշիի «Արամ Մանուկեան ճամբար»ը։ Ինչպէ՞ս յղացաք այս գաղափարը։

Այտա.  Գաղափարը ծնունդ առաւ 2004ին, երբ որ առաջին անգամ ընտանեօք այցելեցինք Հայաստան: Երկու օր ետք արդէն մեզի համար յստակ էր որ կ’ուզէինք այլեւս ամէն ամառ «տուն» վերադառնալ: Սակայն ոչ իբր զբօսաշրջիկ վերադառնալ, այլ որպէս գործօն մասնակիցներ հայրենիքի կեանքին, ինչ ձեւով ալ ըլլար այդ:

Անմիջապէս յստակ չէր թէ այդ մասնակցութիւնը ինչ կերպարանք պիտի ստանար: Մէկ բան յստակ էր. կ’ուզէինք Արցախի մէջ կամաւոր գործ մը ընել, այն հողին  վրայ ուր յաղթած էինք մեր դարաւոր թշնամիին: Շուշի քաղաքի ընտրութիւնն ալ իր պատճառները ունէր: Շուշին արդէն ինքնին յաղթանակի խորհրդանիշ էր մեզի համար, զայն տեսած ըլլալէ առաջ իսկ: Այս գերբնականօրէն հմայիչ ու բառին իսկական իմաստով հրաշալի քաղաքը այցելեցինք կիսաքանդ ու գրեթէ ամայի վիճակի մէջ, ուր երեխաները կազմակերպուած ամառնային ժամանցի կարելիութիւն չունէին:

Շուշիի երեխաներուն պատկերը ամիսներով մեր աչքերուն առջեւ էր, Գանատա վերադառնալէ ետք, եւ որոշեցինք իրենց համար անվճար ամառնային ճամբար մը կազմակերպել յաջորդ տարի, քաղաքի ամայութեան մէջ ուրախ վայր մը ստեղծելու նպատակով:

Թէ ինչո՞ւ երեխաներուն ուղղել մեր ծրագիրը.- մի քանի պատճառով: Նախ՝ երեխաները ազգի մը ապագան են: Այս բառերը վստահաբար շատ սովորական կը հնչեն, բայց իրականութիւն են: Յետոյ՝ երեխայի մը կեանքին մէջ ամէն մէկ ուրախ պահ կ’ունենայ իր անդրադարձը անոր լրիւ աճին վրայ: Իսկ հայ մանուկին ուրախ խաղը, ժպիտը,  ուր ալ ըլլայ աշխարհի մէջ, արդէն յաղթանակ մըն է թուրքին դէմ:

Մեր ծրագիրը երեխաներու ուղղելու որոշումով նաեւ կը փափաքէինք որ մեր երկու զաւակները, Տեսիլը եւ Պատրոյգը (այն ժամանակ 10 եւ 4 տարեկան), առիթ ունենային մասնակցելու, եւ սերտ ընկերական կապեր հաստատելու իրենց տարեկից Արցախցիներու հետ, ինչ որ լիովին տեղի ունեցաւ:

Առաջին ճամբարը (2005ին) փորձ մըն էր: Չէինք գիտէր ինչ ընդունելութիւն պիտի գտնէր: Բայց հակազդեցութիւնը այնքան դրական եղաւ որ չէինք կրնար չկրկնել ու չվերադառնալ ամէն ամառ … Ու դարձաւ մնայուն տարեկան աւանդութիւն:

Հայդուկ.  Իսկ այն ինչ կը վերաբերի մեր այս ծրագրի ինքնին բացառեալ բնոյթին, առաջին օրէն ի վեր, եւ այսօր՝ աւելի քան երբեք, մեր խորին փափաքն ու բաղձանքն է որ, հաճիք, փոխուի այդ իրողութիւնը… Սակայն գոնէ ու բարեբախտաբար, միութիւններու կողմէ եւ հանրային ջանքերով նոյն տիպի ծրագիրներ յայտնաբերուեցան յաջորդող տարիներուն, եւ անոնց

կը մաղթենք յարատեւութիւն:

2.- Տարիներու ընթացքին վստահաբար ճամբարի մասնակիցներու թիւը յաւելում կրեց. այսօր ի՞նչ է թիւը մասնակիցներուն եւ շրջակայ գիւղերէն ալ մասնակիցներ ունի՞ք։

Այտա. Առաջին տարին,  ճամբարի առաջին օրը, 15 երեխաներէ կազմուած խումբով մը սկսանք: Յաջորդող օրերուն, օրէ-օր մասնակցիլ փափաքող երեխաներուն թիւը աւելնալով, հասաւ 39ի: Երկրորդ տարին, մասնակից երեխաներու թիւը հասաւ 60-ի: Եւ այսպէս յաջորդաբար…

Այս ամառ,  ունեցանք 300  ճամբարականներ [այս թիւը կը վերաբերի հարցազրոյցի նախնական թուականին, 2012.  յաջորդող տարիներուն, Ճամբարի մասնակիցներու թիւը հասած է 488-ի, ինչպէս որ հաղորդած ենք մեր թերթով] :  Իսկ  գործի կանչուած անձնակազմը բաղկացած էր 20 անձերէ [2015-ին՝ 26] :

Ճամբարին մասնակից երեխաները հիմնականօրէն Շուշիի երեխաներն են: Սակայն շրջակայ գիւղերէն ու մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն ալ մասնակիցներ կ’ունենանք ամէն տարի: Յիշենք նաեւ, որ այս ամառ երեք երեխայ բացառաբար գիշերօթիկի դրութեամբ պահեցինք մեր մօտ. մէկը՝ Նիկոլ Դումանի գիւղէն (Ծաղկաշատ), միւս երկուքը՝ Բերձորի («Լաչին») մանկատունէն:

3.- Դաստիարակչական ի՞նչ օրակարգ ունին ճամբարի երեխաները։

Այտա. Մեր ճամբարէն ներս կը կիրարկուի փոխադարձ յարգանքի սկզբունքը, որ կը վերաբերի թէ’ մեծերուն, թէ’ փոքրերուն, անխտիր: Իսկ ծրագիրը կազմուած է ազգի, հայրենիքի, հաւատքի, մշակոյթի եւ համամարդկային արժէքներու ըմբռնողութեանց վրայ  ու կը միտի հայ երեխային մէջ արմատացնել հայու ինքնագիտակցութիւնն ու հպարտութիւնը. ճանչնալ ինքզինք եւ ճանչնալ թշնամին:

Ճամբարի օրակարգը հետեւեալն է: Առաւօտեան՝ ժամանում, զբօսանք եւ նախաճաշ: Յետոյ՝  բոլոր ճամբարականները  «Հայր Մեր» կ’աղօթեն եւ Հայաստանի ու Արցախի քայլերգները կ’երգեն: Ապա՝  խումբերը փոխն ի փոխ զանազան պահեր կ’ունենան որոնց ընթացքին ազգային եւ հայրենասիրական պատգամ մը փոխանցող ձեռարուեստի կտորներ կը պատրաստեն, հաճելի ձեւով գիտական փորձարկումներ կը կատարեն, ձեռակերտ խաղալիքներ կը պատրաստեն, մշակութային արտայայտութեամբ կը զբաղին (երգ, ասմունք, հեքիաթ, ֆիլմ) եւ խմբային ազատ նստակեաց խաղեր կը խաղան:

Ամէն կէսօր իրենց կը սպասարկենք ամբողջական տաք ճաշ, իսկ երեկոյեան մեկնումէ առաջ՝ թեթեւ ուտելիք:

Կէսօրէ ետք, երբ արեւին սաստկութիւնը թեթեւնայ, դուրսը՝ բացօդեայ ազատ զբօսանք եւ կազմակերպուած մարզական խաղեր ու մրցոյթներ տեղի կ’ունենան:

Այս օրակարգին մէջ պարբերաբար կ’ընդգրկուին դասախօսութիւններ եւ այլ դաստիարակչական ձեռնարկներ. օրինակ՝ տարբեր ծառայութիւններու կողմէ այցելութիւններ, երեխաներուն զանազան տեսակի ապահովական կանոններ բացատրելու նպատակով (հրդեհներու կանխարգիլման միջոցներ, ականներէ զգուշացման միջոցներ, երկրաշարժի պարագային դիմելիք միջոցներ, եւայլն): Կ’ունենանք տիկնիկային թատրոնի ներկայացումներ:

Նաեւ կը կազմակերպենք արշաւներ, ցուցահանդէսներու կամ թանգարանի այցելութիւն, կիրակի օրուայ պատարագի ներկայութիւն Սուրբ Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցիէն ներս, տաղանդներու արտայայտութեան միջոցառումներ, եւայլն:

Հայդուկ.  Նշենք նաեւ որ այն տեւողութեան երբ կը գտնուինք քաղաքին մէջ, Ճամբարին առընթեր, սերտօրէն կը շաղուինք ժողովուրդին հետ, ու կը մասնակցինք նաեւ այլազան ուրիշ ձեռնարկներու, միջոցառումներու, դէպքերու եւ իրադարձութիւններու… Ընդունուած ենք որպէս Շուշիի գործօն, վստահելի ու հարազատ քաղաքացիներ, եւ ըստ այնմ մեր ազդու մասնակցութիւնը կը բերենք տեղւոյն կեանքին, ալյազան ձեւերով ու առիթներով: Գիշերուայ 4-5 ժամ խռով մրափէն զատ, մեզի համար երկվայրկեան մը չկայ որ դատարկ անցնի այդտեղ:

 4.- Տակաւին վիրաւոր Շուշիի համար սպեղանի է այս ճամբարը. ի՞նչ

բարոյահոգեբանական ներգործութիւն կ՚ունենայ ամառնային այս ճամբարը քաղաքի ժողովուրդին վրայ։

Այտա. Հաւանաբար մեր ճամբարին ամենամեծ դերը եւ ազդեցութիւնը յոյս ներշնչելն է ընդհանրապէս բաւական յուսալքուած բնակչութեան: Այսպիսի ծրագիրներով, Շուշեցիները  կը զգան որ բոլորովին լքուած կամ  մեկուսացած չեն եւ թէ իրենցմով հետաքրքրուող ազգակիցներ ունին աշխարհի միւս կողմը: Սփիւռք-հայրենիք կապ մը, կամուրջ մը եւս կ’աւելնայ:

Առաւել ամէն ամառ, ճամբարի նախորդ տարիներու աւարտական պատանիները կու գան իրենց կամաւոր օժանդակութիւնը առաջարկելու մեզի եւ այդ ձեւով կը շարունակեն մասնակից մնալ ճամբարին ուր իրենց խօսքով. «հետաքրքրքիր է անցնում օրը»: Այս մէկը նշանակելի երեւոյթ է, եւ շատերու ուշադրութիւնը կը գրաւէ, նկատի առնելով որ կամաւոր աշխատանքի սովորութիւնը ընդհանրապէս տարածուած չէ հոն:

Մարդիկ մեզի կ’ըսեն.- «Եկաք կեանք բերելու Շուշիին», «Շուշին աշխուժացաւ այս օրերուն»,  «Այս երեխաները ընկերութիւն են սովորում», «փողոցից կտրում էք երեխաներին», եւայլն:

Հայդուկ.  Հայոց Աշխարհի այլազան շրջանները շատ դժուարութիւններ կան, բայց Շուշիի վիճակը իւրայատուկ է: Բնակչութիւնը կը գնահատէ որ 10000 քիլոմեթր անդիէն, հայեր, իրենց հանգիստը թողած ու մոռցած, ամէն տարի եւ երկար տեւողութեամբ, ընտանեօք կու գան իրենց մօտ, իրենց ճակատագիրը բաժնելու, իրենց հետ եւ իրենց պէս ապրելու, իրենց  ծառայելու: Մենք ալ խորապէս երախտագէտ ենք իրենց ընդունելութեան նկատմամբ:

5.- Վստահաբար այս նախաձեռնութիւնը կը կարօտի նիւթական ներդրումներու։ Մեր կարծիքով, նման արդէն ծաւալուն դարձած ծրագրի մը համար պէտք է մասնակից դառնայ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը եւ ոչ թէ միայն Մոնթրէալահայ Շամլեան ընտանիքը։ Ի՞նչ կ՛ըսէք այս առաջարկին մասին։

Հայդուկ.  Սկզբնապէս մեզի համար շատ կարեւոր էր որ, մնացեալ եւ տարբեր բնոյթի զոհողութիւններու կարգին, այս գործին նաեւ ուղղակի դրամական բեռը ստանձնենք միայն ու միայն մենք, ես ու Այտան, հարիւր տոկոսով: Սակայն հետզհետէ, թուաբանականօրէն անհնար դարձաւ ատիկա:

Մենք երբեւիցէ ոչ ոքի դիմում չենք կատարեր, սակայն մի քանի տարիէ ի վեր եւ ներկայ դրութեամբ, շատ մը անձեր, մեր ընտանեկան, գերդաստանական եւ ընկերային մօտիկ շրջանակներուն մէջ, ինքնաբուխ, խանդավառ եւ առատաձեռն կերպով իրենց կանոնաւոր զօրակցութիւնը կը բերեն այս գործին, թէ  բարոյական քաջալերանքով եւ թէ նիւթական նուիրատուութեամբ: Առանց անոնց, այս գործը մեզի համար պիտի դառնար ինքնաքայքայում:

Աւելի յստակօրէն՝ այժմու դրութեամբ, Նարեկացի Արուեստի Միութիւնը սիրայօժար մեզի կը տրամադրէ Շուշիի իր շէնքը բոլոր հնարաւորութիւններով, իսկ շարք մը նուիրատուներ սրտաբուխ կերպով կը մասնակցին ճամբարի դրամական ծախսերուն (անոնց բոլորին անունները պիտի գտնէք ստորեւ նշուած մեր կայքէջին պատկան էջերուն վրայ, մեր գնահատանքի արտայայտութիւններով): Այս ձեւով, պիւտճէին մօտաւորապէս քառասուն տոկոսը կը ստանձնեն մեր գործնական զօրակիցները, իսկ մնացեալը կը շարունակենք հոգալ մենք:

Մենք դրամահաւաք պիտի չկատարենք երբեք, որովհետեւ կը հաւատանք թէ այս իւրայատուկ դրութիւնը պիտի շարունակուի ինքնաբերաբար, բնականաբար:

Անոնք որոնք, տարրական կամ անցողակի հետաքրքրութենէ մը անդին, իսկապէս կ’ուզեն ծանօթանալ նիւթի առարկայ գործին, պէտք է որ անպայման ժամանակ տրամադրեն սերտելու մեր կայքէջի ամբողջական բովանդակութիւնը, ուր ամէն բան պարզուած է, մանրամասնօրէն, այստեղ՝  www.shoushisummercamp.org

6.- Վերջերս, Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական լայնածաւալ յարձակում տեղի ունեցաւ Արցախի վրայ: Պատերազմը վերսկսաւ: Թէեւ այս պահին նոյնքան ծանր չէ այդ վիճակը, սակայն բախումները կը շարունակուին, եւ կան լուրջ մտահոգութիւններ: Այս կացութեան մէջ, նորէն պիտի երթա՞ք Արցախ, բանալու համար ձեր Ճամբարը:

Հայդուկ.   Ամէն պարագայի, անցած 11 տարիներուն արդէն տարի մը չէ եղած որ, գրեթէ ամէն օր, ռազմաճակատի վրայ կռիւներ չըլլային, եւ պարբերաբար զոհեր չունենայինք: Ամէն անգամ որ այդտեղ ենք, այդպէս է տեղւոյն իրականութիւնը: Այո, այս անգամ աւելի մեծ տարողութեամբ էր յարձակումը, աւելի արձագանգ ունեցաւ, սակայն հիմնական կացութիւնը կը մնայ նոյնը՝ մեր զինուորները ճակատը կը պահպանեն, թշնամին դուրս կը պահեն, մենք ալ ներսը՝ մեր գործը կը կատարենք, ամենայն հանգստութեամբ:

Պատերազմի այս նորագոյն բռնկումը – իր բերած ահաւոր վնասներով – վստահաբար վատ ազդեցութիւն ունեցաւ ժողովուրդի հոգեվիճակին վրայ: Տակաւին չսպիացած վէրքերը նորէն բացուեցան: Մեզի կը մնայ հիմա գոնէ այդտեղի երեխաներու եւ պատանիներու յուզմունքը քիչ մը սփոփել, ջանալ հանգիստ եւ անհոգ, զուարթ մթնոլորտ ստեղծել, որպէսզի իրենք ալ իրենց ուրախութեամբ, իրենց ժպիտներով եւ ծիծաղով յաղթեն թշնամիին – ինչպէս որ ան իր դասը այլ կերպով ալ ստացաւ, լաւապէս եւ անգամ մը եւս, մեր Ազգային Բանակէն – :

Այտա.  Եթէ մինչեւ այսօր դեռ մէկ անգամ իսկ կատարած չըլլայինք մեր այս Առաքելութիւնը, այս տարին այն տարին է որ անպայման կ’երթայինք, պէտք է որ երթայինք:

Ի՞նչ պատգամ պիտի տանք մեր Արցախի ազգակիցներուն, սիրելիներուն, յատկապէս՝ երեխաներուն եւ պատանիներուն, եթէ երեւակայենք որ յանկարծ այս ամառ չերթանք… Իրենք մշտապէս կ’ապրին այդտեղ, կը դիմանան եւ կը պայքարին այդտեղ, անկէ դուրս ելլելու որեւէ հնարաւորութիւն իսկ չունին: Եւ մենք տարին մէկ ամի՞ս իսկ չենք կրնար իրենց հետ ապրիլ, իրենց առօրեան բաժնել… Կամ ալ, այնպէս մը պիտի ըլլայ որ իրենց սպառնացող վտանգը այդքա՜ն մեծ է, որ մենք իսկ չենք կրնար երթալ այդտեղ… Զիրենք կը լքենք իրենց աղէտալի ճակատագրին… Անկարելի բան է:

Մայրերը իրենց գրեթէ պատանի որդիները ճամբած են դէպի ռազմաճակատ, դէպի կրակ: Ամուսիններէն շատերն ալ կանչուած են գործօն ծառայութեան: Գոնէ տան երեխաները ստանձնենք, ծնողներն ալ շունչ մը առնեն, իրենց բեռը թեթեւնայ:

Պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են: Մինչեւ օրս ամենակարեւոր տարին է որ երթանք եւ Շուշիի մեր Ճամբարը բանանք, մեզի շնորհուած այս Առաքելութիւնը կատարենք: Աստուած ալ վերէն տեւաբար կը հսկէ արդէն: Մենք ոչ մէկ մտահոգութիւն ունինք, իսկապէս: Ոչ մէկ:

Տեսիլ.  Դուրսէն, լուրերը միշտ աւելի մտահոգիչ կը հնչեն: Հոն որ հասնինք սակայն, ամէն բան բնականոն է: Իրապէս ապահով կը զգանք: Երբեք վախ չկայ: Ճամբարէն ետք [Տեսիլը այժմ Ճամբարի փոքրիկներու դասարանի ջոկատապետն է], ընկեր-ընկերուհիներով միշտ ծրագիրներ կ’ունենանք, հաճելի եւ իմաստալից պահեր կ’անցնենք, շրջանին մէջ զանազան տեղեր: Շատ լաւ է կեանքը այդտեղ, հարազատ է ամէն բան: Անհամբեր եմ նորէն երթալու:

Պատրոյգ.  Ես ընկերներս շատ կարօտցած եմ: Դժբախտաբար  անոնցմէ ոմանք այս տարի պիտի չտեսնեմ, քանի որ կը ծառայեն Բանակին մէջ: Նորէն ալ, յոյս ունիմ.. նայինք… Երբեմն մասնաւոր հրաման կ’առնեն, կու գան մեզի կ’այցելեն: Անշուշտ այս տարի աւելի զուսպ կերպով պիտի զուարճանանք, քանի որ հիմա նոր սգաւոր ընտանիքներ կան ամէն կողմ, պէտք է յարգենք… Ամէն բան թէ տխուր պիտի ըլլայ, եւ թէ ուրախ… Արդէն միշտ անանկ է, Հայաստան: Բայց մեր գործը ուրախութիւնն է:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.