Արձակազէնի Գնդակէն Հայ Կին Մը Վիրաւորուած Է Հալէպի Մէջ

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին լրատուական».– Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի համաձայն, Հալէպի հայկական Նոր Գիւղ թաղամասի մօտակայքը գտնուող Պուսթան Պաշա թաղամասին մէջ 29 Նոյեմբերի առաւօտեան բուռն բախումներ տեղի ունեցած են։ Ան նշած է, որ այս բախումները բնակիչները նկատած են ցարդ արձանագրուածներէն ամէնէն ծանրերէն մին։ Բայց եւ այնպէս տակաւին տեղեկութիւն չկայ արձանագրուած վնասներուն մասին։
Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ արձակազէնի գնդակէն կրկին հայ մը վիրաւորուած է: Վիրաւոր կինը տեղափոխուած է հիւանդանոց եւ անհրաժեշտ բժշկական հոգատարութեան ենթարկուած է։ Անոր վիճակը ծանր չէ նկատուած։
Պայթում մը տեղի ունեցած է նաեւ Սուլէյմանիա թաղամասին մէջ, ուր արձակազէնի գնդակէն  վիրաւորուած է տեղացի աղջիկ մը։
Ըստ Ռէյիսեանի, ներկայ դրութեամբ կացութիւնը յարաբերաբար աւելի հանդարտ է, յատկապէս կեդրոնական թաղամասերուն մէջ, սակայն բնակիչները կը շարունակեն զգոյշ ըլլալ։
Դամասկոսի մէջ տիրող իրավիճակին մասին հաղորդուած է, որ հայաշատ Ժարամանա շրջանին մէջ սուգի օր յայտարարուած է՝ 28 Նոյեմբերին տեղի ունեցած ուժգին պայթումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերու յիշատակին։ Խանութները փակ մնացած են։ 29 Նոյեմբերին կացութիւնը եղած է հանդարտ, պայթումներ եւ բախումներ չկան։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.