Մուշի Հայկական Գերեզմանոցը Կը Պղծուի Գանձախոյզներու Կողմէ

 

Horizon Weekly Newspaper

Պատմական հայկական Մուշ քաղաքի ներկայիս Տերէ թաղամասին մէջ գտնուող 18-րդ դարու հայկական գերեզմանոցը կ՛աւերուի: Թրքական «Haberler.com» լրատուակայքի տեղեկացմամբ` այս մասին ստացուած տեղեկութիւններու հիման վրայ գերեզմանոցի տարածքին մէջ ուսումնասիրութիւն իրականացուած է, կը գրէ ermenihaber.am-ը:

Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճըն հայցով դիմած է Մուշի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան` բողոքելով, որ տեղի հայկական գերեզմանոցը կը պղծուի: Հայցի հիման վրայ դատական յանձնաժողովը գերեզմանոցին մէջ ուսումնասիրութիւն մը կատարած է եւ պարզած, որ գանձախոյզները տեղ-տեղ հօրատումներ ըրած են:

Ուսումնասիրութենէն ետք Ազիզ Տաղճըն հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` նշելով, որ գանձ գտնելու նպատակով հայկական գերեզմանները փորուած են, իսկ հանգուցեալներուն ոսկորները այս ու այն կողմ թափուած: Միութեան նախագահը յիշեցուցած է, որ գերեզմանոցը ընդհանուր արժէք է եւ մեծ կարեւորութիւն ունի ինչպէս հայ համայնքին, այնպէս ալ Թուրքիոյ հանրապետութեան համար:

Տաղճըն տեղեկացուցած է, որ հայկական գերեզմանոցի վերականգման խնդրանքով դիմում ուղարկուած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւն:

«Թող վերջ տան մեր գերեզմանոցները փորելուն, որովհետեւ մեր գերեզմանոցներուն մէջ ուրիշ ոչինչ կայ, բացի մեր հանգուցեալներու ոսկորներէն: Իսկ մենք մեր ննջեցեալները միայն սաւանով կը թաղենք: Այնտեղ որեւէ նիւթական արժէք չէք կրնար գտնել: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ մեր վանական համալիրներուն: Թող չաւերեն զանոնք»,- ըսած է ան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.