40 Ատրպէյճանցի սպաննած հրամանատարն ու զինուորները կը պարգեւատրուին


ԼՂՀ N զօրամասի դասակի հրամանատար, հարիւրապետ Գագիկ Յակոբեանը, հետախուզութեան պետ, հրամանատար Եուրի Յովասափեանը, կրտսեր քսանապետ Էդգար Յովհաննիսեանը, շարքայիններ Մուշեղ Թովմասեանն ու Տիգրան Պապանեանը քառօրեայ պատերազմի ժամանակ ցուցաբերած արիութեան համար պարգեւատրուած են ԼՂՀ «Արիութեան համար» մետալով: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Գագիկ Յակոբեանն ու Եուրի Յովասափեանը Ապրիլ 2-ին N պահպանութեան տեղամասի դիրքի ազատագրման համար ծաւալուած մարտական գործողութիւններուն ժամանակ՝ խումբի կազմով հակառակորդին հասցուցած են զգալի կորուստներ` ձգելով միջդիրքային տարածքին մօտաւորապէս 40 դիակ եւ ետ շպրտած իրենց դիրքեր:

Կրտսեր քսանապետ Մուշեղ Թովմասեանը, նռնակաձիգ Էդգար Գալստեանն ու գնդացրորդ Տիգրան Պապանեանը նոյնպէս աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած են այդ մարտական դիրքի պաշտպանութեան եւ ազատագրման գործողութիւններուն ժամանակ: Հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեանի նահատակուելէն ետք շարունակած են մարտ մղել յարձակման անցած հակառակորդի գերազանցող ուժերուն դէմ` անորն պատճառելով կենդանի ուժի զգալի կորուստներ: Զինամթերքը սպառուելէն յետոյ, կազմակերպուած նահանջած են մարտական դիրքի խորքը եւ այնտեղէն օգնութեան հասած ուժերու կազմին մէջ անցած հակագրոհի` նպաստելով առաջնային գիծի վերականգնման: Մարտերու ժամանակ ցուցաբերած են խիզախութիւն եւ արիութիւն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.