Մոնթրէալի Ս. Յակոբ վարժարանի աշակերտները կը գրեն Արցախի Ապրիլեան պատերազմի մասին


Ազգ. Ս. Յակոբ վարժարանի սուրիահայերու ընդունման դասարանի աշակերտները կը գրեն Արցախեան պատերազմին մասին

 

Երբ լսեցի Արցախի վրայ ատրպէյճանցիներուն կատարած յարձակումներուն մասին եւ տեսայ, թէ ինչպէ՛ս մեր հայ զինուորները սահմանին վրայ կեցած մեր հայրենիքը կը պաշտպանեն՝ յանցաւոր զգացի, որովհետեւ ես իմ տաքուկ տանս մէջ նստած եմ, մինչ եղբայրներս հոն սահմանին վրայ իրենց անձը կը զոհեն… տարբեր ուժ մը եկաւ վրաս, ուզեցի երթալ եւ մասնակից ըլլալ՝ պաշտպանելու հայրենիքս:

Ճորճ Աճէմեան

Թ. դասարան

 

Տխրելու եւ յուզուելու կարիքը չկայ: Պարզապէս մեր յաղթանակի տետրակին մէջ աւելցուցինք նոր յաղթանակ մը: Ունինք հզօր բանակ, ունինք քաջարի հայ զինուորներ եւ պէտք չունինք վախ տարածելու մեր միջեւ: Կեցցէ՛ք հայ զինուորներ:

Արթիւր Գայապալեան

Ը. դասարան

 

Ես իբրեւ հայ աշակերտ, որ կ’ապրիմ Սփիւռքի մէջ, պատրաստ եմ մինչեւ արեանս վերջին կաթիլը թափելու՝ օգնելու Արցախին, որ միանայ Հայաստանին:

Գարեգին Ճապաղջուրեան

՚Ը. դասարան

 

Մենք՝ հայերս, որեւէ դժուարութեան ժամանակ չենք յուսահատիր: Մենք բոլորս ձեռք-ձեռքի պիտի բռնենք, որպէսզի կարենանք թշնամիին յաղթել եւ մեր հողերը վերադարձնել: Ամէ՛ն հայ պէտք է գիտնայ եւ զգայ, որ առանց իրեն հայրենիքը կը փլի:

Սարին Արոյեան

Է. դասարան

 

Երբ Արցախի պատերազմին լուրը առի, նոյն զգացումը զգացի, ինչպէս 4 տարի առաջ, երբ Սուրիոյ պատերազմը սկսաւ: Ամբողջ սրտովս աղօթեցի բոլոր հայ զինուորներուն համար: Համացանցէն տեսայ, թէ ինչպէ՛ս կը պատրաստուին պատերազմի: Շատ մեծ վստահութիւն ունիմ մեր հայ զինուորներուն վրայ:

Մարալ Արոյեան

Է. դասարան

 

Ի սկզբանէ հայուն ճակատագիրը դժբախտաբար եղած է պատերազմներ տեսնել եւ տեղահանուիլ: Երբ Արցախի պատերազմին լուրը ստացայ, շատ յուզուեցայ, որովհետեւ չեմ ուզեր, որ հայ ժողովուրդը վերապրի՝ ինչ որ նախապէս ապրած էր: Սակայն քաջալերուեցայ, երբ համացանցէն տեսայ հայ զինուորներուն եռանդն ու պատրաստակամութիւնը՝ հայրենիքը պաշտպանելու: Հայ զինուորները չէին վախնար, այլ կը յայտարարէին մեր յաղթանակը: Փա՛ռք ու պատիւ մեր զինուորներուն:

Շողիկ Սաֆար

Ը. դասարան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.