Սուրիոյ Առաջին Հայուհի Պատգամաւորը Ընտրութիւններուն Ստացած Է 365 հազար քուէ


«Ապաքինուող Սուրիոյ համար» կարգախօսով Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած եւ տպաւորիչ քուէներով խորհրդարան անցած առաջին հայուհին` Նորա Արիսեանը, վճռականօրէն պիտի աշխատի երկրի մէջ պատերազմի հետեւանքներու վերացման, հայ համայնքին յուզող խնդրիներու վերհանման հարցով, կրթութեան, մշակոյթի եւ կնոջ վերաբերող օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու մէջ:

«Արմենփրես»-ը կը ներկայացնէ պատգամաւորին հետ ունեցած հարցազրոյցը:

-Ըլլալով առաջին հայուհին, որ պատգամաւորական իրաւագիր ստացած է Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ` ինչպիսի՞ պատասխանատւութեամբ կը ստանձնէք այդ պատասխանատու պաշտօնը:

-Իրօք մեծ պատասխանատւութիւն է ոչ միայն իբրեւ առաջին հայուհի, այլ իբրեւ սուրիացի քաղաքացի, որուն թեկնածութիւնը առաջադրուեցաւ Արաբ գրողներու միութեան քաջալերանքով, եւ որուն անունը ներառուեցաւ «Ազգային դաշնութեան» ցանկին մէջ, եւ կը վայելէ երկրի իշխանութեան եւ ժողովուրդին վստահութիւնը, ու մանաւանդ որ ստացած եմ 365 հազար 104 ձայն: Միւս կողմէ, պատասխանատւութիւնս կը բազմապատկուի այս պահուն, երբ Սուրիան անցաւ պատերազմի շրջանը ու տակաւին շատ բան կայ ընելու` վերացնելու պատերազմի հետեւանքները:

Դամասկոսի հայկական համայնքը համախմբուած է ձեր շուրջ, ձեզի տուած է իր ձայն եւ պատուիրակած է ձեզի Սուրիոյ խորհրդարան: Որո՞նք են այն հիմնական, առաջնային հարցերը, որ կը յուզեն համայնքը, եւ դուք պէտք է բարձրացնէք Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ:

-Բախտաւոր եմ, որ Դամասկոսի հայերը միասնական կեցուածքով մօտեցան իմ թեկնածուական խնդիրին, որուն համար շնորհակալ եմ: Պէտք է ըսել, որ հայ համայնքի զաւակները մէկ մասնիկն են սուրիական հանրութեան, հետեւաբար բոլոր քաղաքացիներուն նման ունին առաջնահերթ հարցեր` կապուած Սուրիոյ վերականգման հետ:

-Պատերազմական իրավիճակի մէջ գտնուող երկրի մը համար օրէնսդրական առումով ո՞ւր կը տեսնէք բացեր: Ի՞նչ պիտի ըլլայ  ձեր առաջին օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը:

-Ըսեմ, որ իմ նախընտրական կարգախօսն էր «Ապաքինուող Սուրիոյ համար», որ ունեցաւ մեծ արձագանգ, որմով հաստատեցի, որ խորհրդարանի անդամ ըլլալս դրսեւորումն է Սուրիոյ բազմազանութեան եւ ազգային հիւսուածքի միասնութեան, եւ միեւնոյն ժամանակ իգական սեռի ներկայութեան ամրապնդման: Ըլլալով Արաբ գրողներու միութեան անդամ ու համալսարանի դասախօս, աշխատանքս պիտի կեդրոնանայ կրթութեան, մշակոյթի եւ կնոջ վերաբերող օրէնսդրական հարցերու վրայ:

-Որպէս Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, ի՞նչ քայլեր կրնաք ձեռնարկել Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները ամրապնդելու ուղղութեամբ: Ձեր գնահատմամբ` այդ յարաբերութիւնները` քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական երեւոյթներով, գոհացնո՞ղ են:

-Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները հիմնադրման օրէն ի վեր, շնորհիւ ՀՀ դեսպանատան ջանքերուն, արդէն անցած են մեծ փուլ, սակայն պատերազմի տարիներուն որոշ կասեցում ապրեցան: Յուսանք` խաղաղ պայմաններու մէջ հնարաւոր կ՛ըլլայ ամրապնդել այդ յարաբերութիւնները:

-Հայոց Ցեղասպանութեան միջոզգային ճանաչման գործին մէջ ձեր յանձնառութիւնն ու նուիրումը յայտնի է բոլորին: Արդեօք Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ պիտի ունենա՞ք որեւէ նախաձեռնութիւն` կոչ ընելով այդ երկրին ճանչնալու ու դատապարտելու 20-րդ դարասկիզբին մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրը:

-Նախապէս անձամբ կատարած եմ լայնածաւալ ուսումնասիրական աշխատութիւններ այս առումով, որոնք ներկայացուցած եմ խորհրդարան` իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի աղբիւր: Անցեալ տարի ՀՀ դեսպանութեան հետ համագործակցաբար կայացաւ խորհրդարանի նախագահին այցը Երեւան, ուր ան ելոյթ ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ: Միւս կողմէ խորհրդարանին մէջ յատուկ նիստ գումարելը, մէկ վայրկեան լռութիւնը ու կատարուած յայտարարութիւնը աննախընթաց էին: Այս նստաշրջանին եւս, յուսով ենք, որ պիտի շարունակուին այդ նախաձեռնութիւնները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.