«Հորիզոն» մասնակցեցաւ Գանատայի օդուժի հրամանատարի դասախօսութեան
1386
0
Ապրիլ 22-ին, Գանատայի համայնքային Մամլոյ Խորհուրդի նախագահ Թամըս Սարասի նախաձեռնութեամբ Թորոնթոյի մէջ կայացաւ դասախօսական հանդիպում-զրոյց Գանատայի օդուժի հրամանատար զօրավար Մայքըլ Հուտի հետ։ Դասախօսութեան նիւթն էր « Communicating the What and why of the RCAF, in the context of the key guarantor of Canadian sovereignty»։ Զանազան լրատուամիջոցներու շարքին էին նաեւ «Հորիզոն»ի ներկայացուցիչներ Ժագ Վարպետեան եւ Իշխան Ղազարեան, որոնք մօտէն ծանօթացան գանատացի զօրավարին հետ եւ անոր յանձնեցին «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վերջին թիւը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած բացառիկը։