Գանատայի ՀՕՄ-ի կառոյցը 50 հազար տոլար պիտի նուիրէ Արցախին


Ապրիլ 26-ին «Հորիզոն»ի խմբագրատուն այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Արմինէ Կարապետեան, որուն հետ «Հորիզոն» աշխատակից Սոնա Թիթիզեան հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ։

Հ.- ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը Արցախի դէմ կատարուած ատրպէյճանական յարձակումին անմիջապէս հակադարձեց դատապարտական կեցուածքով եւ կոչ ուղղեց Արցախի օժանդակութեան: Գանատահայ գաղութը ի՞նչ ձեւով իր ներդրումը պիտի բերէ այս յոյժ կարեւոր ազգային խնդրին:

Ա.Կ.- Գանատայի գաղութը, ինչպէս միշտ, պիտի օժանդակէ եւ սատար հանդիսանայ հայ զինուորին: Մենք որպէս մայրեր եւ քոյրեր չենք կրնար ձեռնածալ մնալ, երբ կը տեսնենք, որ մեր հայուհիները իրենց ամուսիններն ու զաւակները կը զոհեն, հետեւաբար նիւթական օժանդակութիւնը նուազագոյն պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն կը սեպենք: Մեր օժանդակութիւնը պիտի ըլլայ նիւթական, որ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան միջոցաւ պիտի փոխանցուի: Նախատեսած ենք 50,000-ի գումարով օժանդակել: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ արդէն մէկուկէս շաբթուան ընթացքին նուիրատուներուն ուղարկած գումարները 39,000 տոլարը անցաւ, այս մէկը քաջալերական է, որովհետեւ մեր ազգայինները շուտով կ’ընդառաջեն ՀՕՄ-ի կոչերուն՝ յատկապէս այս հարցի պարագային:

Սփիւռքէն ՀՕՄ-ը առաջինն էր, որ օգնութեան փութաց եւ 50,000 տոլարի օժանդակութիւն ղրկեց, որոնք կը տրամադրուին սահմանամերձ գիւղերու ընտանիքներուն, զինուորներուն ուտեստեղէն, դեղորայք եւ հանդերձանք կ’ապահովեն, վիրաւորներուն բժշկական դարմանումին կը մասնակցին, զոհուածներուն ընտանիքներուն կ’օժանդակեն եւ այլն:

Նշեմ, որ Գանատայի ՀՕՄ-ի առաջարկով Հայաստանի ՀՕՄ-ը սկսած է ցանկեր պատրաստել զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներուն անուններով, որպէսզի ՀՕՄ-ը հովանաւորէ զիրենք: Արդէն իսկ մեր համակիրներէն եւ ազգայիններէն շատեր մեզի յայտնած են, որ նոր զոհուողներուն զաւակները կ’ուզեն հովանաւորել: Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու ՀՕՄ-ի դրամահաւաքը 150,000 ամ. տոլարը անցած է, որմէ 50,000-ը փոխանցուեցաւ, իսկ մնացեալին վրայ պիտի աւելնայ Գանատայի ՀՕՄ-ի ներդրումը:

ՀՕՄ-ի բոլոր կառոյցները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն անշուշտ: Այս առթիւ կ’ուզեմ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնել ՀՕՄ-ուհիներուն՝ իրենց տարած աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնք սիրայօժար կերպով եւ անվարան սատարեցին՝ յատկապէս այս յոյժ կարեւոր խնդրին պարագային, Նաեւ կոչ կ’ուղղեմ բոլոր անոնց, որոնք տակաւին իրենց մասնակցութիւնը չբերին, շուտով ուղարկեն մեզի իրենց օժանդակութիւնը, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ պէտք է ազգովին մասնակցինք՝ ի խնդիր Արցախի պաշտպանման, հայրենիքի պահպանման եւ հայ զինուորին աջակցութեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.