ՀՅԴ ԳԵՄ-ի բողոքի ցոյցը Վանգուվըրի մէջ
Շուրջ 100 վանգուվըրահայեր Շաբաթ, 23 Ապրիլին միացեան ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) »Արշաւիր Շիրակեան« մասնաճիւղին՝ կեդրոնական Վանգուվըրի մէջ ոգեկոչելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը եւ բողոքելու Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան դէմ։
Կէսօրէ ետք ժամը 1-էն 4 տեւած հաւաքը տեղի ունեցաւ Ռոպսըն փողոցի Արուեստի հանդիսասրահին մօտ եւ զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի խաղաղասէր ժողովուրդին, որ վերջերս ստիպուեցաւ ետ մղել Ատրպէյճանի յարձակումը։
Հաւաքի ընթացքին խօսք առին ԳԵՄ-ի անդամներ Արա Ղուկասեան, Բալիկ Քոչարեան, Յակոբ Ակոբեան, Դանիէլ աւաք եւ Սարին Ղուկասեան։ Խօսք առնողներու շարքին էր նաեւ »The Call of Armenia«-ի հեղինակ Արամ Աճեմեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Յակոբեան։
Հաւաքը յաւելեալ աշխուժութիւն ստացաւ շնորհիւ թրքական դրօշ մը բարձրացուցած թուրք ցուցարարի մը, որուն նկատմամբ հայկական բնական ու աշխոյժ հակազդեցութիւն տեղի ունեցաւ։ Թուրք ցուցարարի ներկայութեան պատճառով ոստիկանութիւնը ներկայացաւ հաւաքի վայր եւ ապահովեց, որ ամէն բան մնայ վերահսկելի։