Գանատայի Վարչապետը Հաւատարիմ Կը Մնայ Ցեղասպանութեան Ճանաչման


Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ իր պաշտօնավարութեան առաջին տարուան ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի առթիւ հրապարակեց յայտարարութիւն մը։ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին իր փոխանցած Ապրիլ 24, 2016 թուակիր յայտարարութեան մէջ վարչապետ Թրիւտօ կը վերյիշէ Ծերակոյտին եւ Համայնքներու պալատին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերը եւ կը նշէ. Թէ “(գանատացիները) կը պահպանեն յիշատակը անոնց, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ անոնց, որոնք տառապեցան ցեղասպանութեան ընթացքին, եւ մեր խորին յարգանքը կ’արտայայտենք անոնց ժառանգորդներուն, ներառեալ անոնց, որոն այժմ Գանատան իրենց տունը կը նկատեն”։

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ տոքթ.Ժիրայր Պասմաճեան յայտնեց.’’ Քաջալերուած ենք տեսնելով, թէ վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն հաւատարիմ է ցեղասպանութեան արարքները, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտելու Գանատայի յանձնառութեան։ Մինչ վարչապետին պատգամը կը վերահաստատէ գանատական կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու հրամայականը՝ անիկա չի դատապարտել իրերայաջորդ թրքական կառավարութիւնները, որոնք 1915-էն 1923-ի միջեւ գործադրեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը, ոչ ալ կը դատապարտէ Թուրքիոյ հանրապետութեան շարունակուող ժխտողական արշաւը’’։

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՅՂԱԾ ՈՒՂԵՐՁԸ

Այսօր, կը նշենք 101-ամեակը 1915-ին, օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերու ընթացքին հայերու կեանքերու ողբերգական կորուստը։

Գանատայի թէ՛ ծերակոյտը, թէ՛ ալ համայնքներու պալատը այդ դէպքերը ցեղասպանութիւն նկատող բանաձեւեր որդեգրած են։

Կը պահենք յիշատակը անոնց, որոնք իրենց կեանքերը կորսնցուցին, եւ անոնց, որոնք տառապեցան այս ցեղասպանութեան ընթացքին եւ մեր խորագոյն յարգանքը կը մատուցենք անոնց ժառանգորդներուն, ներառեալ անոնց, որոնք այժմ Գանատան կը նկատեն իրենց տունը։

Հանդիսաւոր կերպով այս դէպքը ճանչնալով՝ այս պահը օգտագործենք իբրեւ առիթ մը նայելու դէպի ապագայ եւ ամրապնդելու մեր հաւաքական վճռակամութիւնը ապահովելու համար, որ այսպիսի արարքներ այլեւս երբեք չեն կրկնուիր։

Մինչ պատմութեան դասերը պէտք չէ մոռնանք, պէտք է նաեւ յիշենք, որ անցեալին գործուած անարդարութիւնները մեր հասարակութեանց օգուտ չեն բերեր, եթէ մեզ մասնատեն։ Տարբեր ծագում եւ հաւատ ունեցող բոլոր գանատացիները կը կանգնին կողք կողքի վերահաստատելու համար մեր հաւաքական յանձնառութիւնը բազմակարծութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ բազմազանութեան։

Այս տարելիցի ընթացքին, խնդրեմ բաժնեկից եղէք հադնուրժողականութեան, յարգանքի եւ հաշտութեան վրայ հիմնուած խաղաղ ապագայի մը նկատմամբ յոյսիս։

Ճասթին Թրիւտօ

Գանատայի վարչապետ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.