Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թրքական կազմակերպութիւններ Գանատայի վարչապետին կը դիմեն


Գանատական թրքական կազմակերպութիւններու համախմբումը եւ Գանատայի թրքական համագումարը Ապրիլ 16 թուակիր նամակով մը դիմած են Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին, ուր անուղղակի փորձ կը կատարեն համոզելու Գանատայի վարչապետին վերատեսութեան ենթարկելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Գանատայի պետական կեցուածքը։

 Նամակին մէջ յատուկ շեշտ կը դրուի Հայոց Ցեղասպանութեան «վիճելի» հարցը պատմաբաններու եւ ակադեմականներու յանձնելու անհրաժեշտութեան վրայ։

 Նամակի հեղինակները կը յայտնեն նաեւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատելով, Գանատայի պետութիւնը քաղաքական եւ դիւանագիտական հարուած կը հասցնէ ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցին եւ G-20-ի իր գործընկերոջ։

 Թրքական կազմակերպութիւնները կը պահանջեն նաեւ Գանատայի կառավարութենէն, որպէսզի ամէնամեայ Ապրիլ 24-ի իր յայտարարութեան մէջ չկրկնէ իր նախորդներու «սխալը»՝ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն որակելու ընթացքը։

 Նամակի աւարտին վերոնշեալ կազմակերպութիւնները կը խնդրեն հանդիպում ունենալ վարչապետ Թրուտոյի հետ, որպէսզի քննարկեն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը։

 Նշենք, որ Գանատայի Խորհրդարանը 2004-ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ նախկին վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի կառավարութիւնը 2006-ին ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս պետական քաղաքականութիւն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.