Արցախեան Պատերազմէն Թելադրուած Միտքեր Եւ «Փանթիւրքիզմ»-ը


Յակոբ Պալեան

Պատերազմ է: Գերարդիական զէնքերով: Մահերով:

Ազատ եւ ժողովրդավարական երկիրներու գաղափարական-քաղաքական չափանիշներով դիտել Արցախի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` ոչ մէկ լուծման կ’առաջնորդէ: Իրաւունք, պատմութիւն, ճշմարտութիւն եւ այդ կարգի գեղահունչ բառեր նոյն իմաստը չունին ժողովրդավարական ազատ աշխարհին եւ թուրք-ազերիին համար: Այսքանը եթէ չհասկցուի ինքնակոչ իրաւարարներու եւ հաշտութեան համար երթեւեկողներու կողմէ, ոչ մէկ հարց կը լուծուի:

Բանակցելու համար արժէքներու հասարակ յայտարար պէտք է:

Այս հիմնական տարբերութիւնը ինչո՞ւ մենք չենք բացատրեր մարգարէական լուծումներ փնտռող, երթեւեկող եւ առաջարկող իրաւարարներուն:

Թուրքին եւ ազերիին համար, այս վերջինի դիմագիծը որոշ է գէթ արցախցիին համար, որ զայն կը կոչէ պարզապէս «թորք», ինչ որ բանագնացները չեն լսեր, թերեւս չեն լսած, ջարդել, կողոպտել, ուրիշի իրաւունքը խլել, ծինային մշակոյթ է: Թուրքին համար հակիրճ տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. «Ինչ որ իմ սեփականութիւնս է, ինծի կը պատկանի, ինչ որ քու սեփականութիւնդ է, ան ալ ինծի կը պատկանի»: Ըլլալով եկուորներ, այն բոլորը, որ այսօր կը ներկայացուի որպէս թրքական կամ ազերիական, ուրիշի սեփականութիւն են, բռնագրաւուած: Ինչպէ՞ս Թուրքիան կրնայ ըսել, որ Կոստանդնուպոլսոյ Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին թրքական է, ինչպէ՞ս միջազգային հանրային կարծիքը կ’ընդունի այդ բիրտ բռնագրաւումը եւ կը հաշտուի զէնքի ուժով հաստատուած կատարուած իրողութեան հետ: Ինչպէ՞ս հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաք Անին կրնայ ըլլալ թրքական եւ անոր մայր տաճարը արձանագրուի որպէս թրքական մշակութային ժառանգութիւն:

Աշխարհի մեծերը եւ իրաւարարները այս պարզ հարցումներ կը պատահի՞, որ իրենք իրենց ուղղեն… բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստելէ առաջ, որպէսզի արդար իրաւարար ըլլան:

Իրաւարար մը կ’ըլլայ արդար կամ անարդար:

Անարդար իրաւարարին ուրիշ անուն պէտք է տալ: Այդ անունները մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ գտնել բառարաններու մէջ, անոնք կրնան քիչ մը աւելի քիչ մը պակաս վիրաւորական ըլլալ: Պարզ պէտք է ըլլայ, որ կեղծ իրաւարարներուն կորաքամակ շռայլանք պէտք չէ շնորհել, երբ իրաւարարի պարեգօտ կը հագնինք:

Ասկէ առաջ ալ գրած եւ ըսած եմ, որ իսկական միջազգային պատմահետախուզական քննութիւն պէտք է կատարել գիրքերու մէջ` Արցախի տէրերը ճշդելու համար: Արցախի ամբողջ տարածքին պատմահետախուզական աշխատանք պէտք է կատարեն իրաւարարները` քննելու համար պատմական յուշարձանները, ճշդելու համար, թէ ո՞ր ժողովուրդի գործերն են անոնք, պատմութեան ո՞ր ժամանակէն ի վեր:

Եթէ ուժ ունենանք կարենալ ազդելու հանրային կարծիքին եւ միջազգային որոշումներուն վրայ, կրնա՞նք մենք մեզ տէր հռչակել Փերուի, Ալասքայի կամ Թասմանիոյ… Եթէ նման որոշում կայացուի, այդ արդարութի՞ւն կ’ըլլայ:

Այսօր այդպէս է թուրքին տիրապետութիւնը բռնագրաւուած Հայաստանի պարագային, ան նման տիրապետութիւն կ’ուզէ ձեռք բերել Արցախի վրայ:

Ինչո՞ւ այսքան անկուշտ ախորժակ ունին թուրքերը:

Եթէ մեծ դիւանագէտներ չեն ուզեր այս հարցման պատասխան տալ, մենք եւ մեր իրաւ բարեկամները ինչո՞ւ չենք խօսիր թուրքի հետապնդած բացորոշ կերպով յայտարարուած նպատակի մասին:

Ոչ ոք կը խօսի փանթիւրքիզմի մասին: Ինչպէս հայ քաղաքական գործիչ մը օր մը ըսաւ, որփանթիւրքիզմը քաղաքական խրտուիլակ մըն է, զոր հայերը կը շինեն իրենք զիրենք վախցնելու համար:

Բայց «փանթիւրքիզմ»ը խրտուիլակ չէ, իսկական միջազգային վտանգ է:

Միջազգային հանրային կարծիքը եւ քաղաքական գործիչները չեն ուզեր տեսնել վտանգը, կարճ յիշողութեամբ կը մոռնան ըսուածները եւ դէպքերը:

Թուրքիոյ նախագահներէն մին` Սուլէյման Տեմիրէլ, յայտարարած էր, որ թրքութիւնը կը տարածուի Եգէական ծովէն մինչեւ Չինաստան: Այս յայտարարութիւնը խօսքի սահմանէն անդին անցաւ, երբԹուրքիան սպառնալիքի տակ պահող Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ, Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուեցաւ թրքալեզու ժողովուրդներու խորհրդաժողով` միացման առաջին քայլ առնելու պէս: Այդքան ալ հին չէ այս պատմութիւնը: Ուրիշ նախագահ մը` Թուրկութ Օզալ, արցախեան ազատամարտի առաջին օրերուն հայերուն սպառնաց` յիշեցնելով 1915-ի դասը:

Ֆրանսացիները կ’ըսեն, թէ իրողութիւնները յամառ են (les faits sont têtus): Յստակ միտում ունեցող յայտարարութիւնները պէտք չէ մոռնալ, հարկ է զանոնք յիշել եւ յիշեցնել եւ ըստ այնմ առաջնորդուիլ ու գործել:

Հայաստան եւ հայութիւն կը գտնուին այդ «փանթիւրքիզմ»-ի կառուցման ճամբուն վրայ, սեպ կամ պատնէշ, անոր իրականացման համար Հայաստան եւ հայութիւն պէտք է ջնջուին:… Պէտք է երբեմն դիտել քարտէսին վրայ գծուածները:

Այս յիշեցումները նախ մեզի կը վերաբերին, որպէսզի մեր բարեկամներուն եւ նուազ բարեկամներուն հետ մեր խօսքը յստակ ըլլայ: Այդ յստակութիւնը օգտակար կ’ըլլայ նաեւ իրենց` անմիջականի ճնշումէն անդին անցնելով իրենց` այսօրուան եւ վաղուան քաղաքականութիւնը ճշդելու համար:

Արցախեան հարցը միջազգայնացնելու համար զայն պէտք է որ կարենանք շրջանային խնդիր ըլլալու սահմաններէն դուրս հանել, այդ պարագային է, որ միջազգային հանրային կարծիքը կը լուսաբանուի, եւ քաղաքական առաջնորդներ իրենց նախաձեռնութիւններուն կու տան հեռանկարային բովանդակութիւն:

Շրջանին մէջ Հայաստանի գործակից Ռուսիոյ պէտք է յիշեցնել այս տուեալները, եթէ արդէն իր ղեկավարները այդ չեն գիտեր, ըսել, թէ ի՛նչ կ’ըլլան հետեւանքները, երբ կը զինեն Ազրպէյճանը:

Այդ զէնքերով Ազրպէյճան պիտի չկռուի ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ Վրաստանի եւ այսօր ո՛չ ալ Ռուսիոյ հետ:

Հայաստանի դէմ կռուելով` Ազրպէյճան կը նպաստէ «փանթիւրքիզմ»-ին` վտանգելով նոյնինքն Ռուսիան:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.