94 տարի առաջ Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան ահաբեկեցին Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին
Հայ ժողովուրդի բազմաչարչար կեանքին ամէնէն սփոփարար պահերէն մէկը կը խորհրդանշէ 1922 թուականի Ապրիլի 17-ը, երբ Պերլինի փողոցներէն մէկուն վրայ արդարադատ մահապատիժի ենթար կուեցան, միաժամանակ, Թուրքիոյ գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն երկուքը՝ Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին։
Դաշնակցական երկու երիտասարդներ՝ Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան միասնաբար գործադրեցին թուրք երկու ջարդարարներուն ահաբեկումը, որ մաս կը կազմէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովին (գումարուած Երեւան, 1919-ին) որոշած «Նեմեսիս» գործողութեանց շարքին։
Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական իշխանութեանց կողմէ պետականօրէն ծրագրուած, կազմակերպուած ու գործադրուած ցեղասպանական ոճիրին գլխաւոր պատասխանատուները ահաբեկելու Դաշնակցութեան որոշումը, առաջին հերթին, հայ ժողովուրդի բիւրաւոր «նահատակներուն կտակն էր», անշո՛ւշտ, ինչպէս որ հետագային Արշաւիր Շիրակեան պիտի ընդգծէր՝ իր յուշերը հրատարակութեան յանձնելով։
Դաշնակցութեան կայացուցած «Նեմեսիս»-ի որոշումը նաեւ քաղաքական քայլ էր, որովհետեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, յաղթական Դաշնակիցներու կողմէ կեանքի կոչուած Պոլսոյ Պատերազմական Ատեանը, Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուները դատելով եւ անոնց դէմ մահապատիժի դատավճիռ արձակելով հանդերձ, երբեք քաղաքական կամքը չցուցաբերեց դատավճիռը գործադրելու։ Իսկ յանցապարտները, օգտուելով թոյլատու այդ վերաբերումէն, փախուստ տուին Պոլիսէն, անուն եւ հասցէ փոխելով ու անյայտանալով։
Դաշնակցութիւնը չէր կրնար այդպէս անպատիժ ձգել Հայաստանի հայաթափման ու թրքացման եւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան պատասխանատու թուրք եղեռնագործները։
«Նեմեսիս»-ի որոշումին գործադրութիւնը դիւրին չեղաւ։
Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոտքի կանգնելու դժուարին ժամանակը կ’ապրէր։ Պոլշեւիկներն ու քեմալականները, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ հաշուարկներով, նոր դաւեր կը նիւթէին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ եւ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ անկախութեան նուաճման առաջատար ուժը եւ նորաստեղծ հայոց պետականութեան փաստացի իշխանութիւնը, վերապրող հայութեան գոյատեւման կռուանները ապահովելու առաջնահերթ մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէր։
Որոշումէն տարի մը ետք միայն ձեռնարկուեցաւ «Նեմեսիս»-ի գործադրութեան։
15 Մարտ 1921-ին, Պերլինի մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռամբ, ահաբեկուեցաւ իթթիհատական պարագլուխ եւ Եղեռնի օրերուն ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան։ 5 Դեկտեմբեր 1921-ին, Հռոմի մէջ, Արշաւիր Շիրակեանի կողմէ ահաբեկուեցաւ իթթիհատական վարչապետ Սայիտ Հելիմ փաշան։
17 Ապրիլ 1922-ին էր, որ կարգը հասաւ Մեծ եղեռնի «գլխաւոր ճարտարապետ» Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Տրապիզոնի հայոց սպանդը անձամբ գլխաւորած կուսակալ Ճեմալ Ազմիի։
«Նեմեսիս»ի 17 Ապրիլ 1922-ի գործողութիւնը ամէնէն յանդուգն էր։ Ոչ միայն այն պատճառով, որ միաժամանակ երկու թիրախի դէմ կ’ուղղուէր՝ երկու ահաբեկիչներու ուղղակի մասնակցութեամբ։ Ոչ միայն այն պատճառով, նաեւ, որ Պեհաէտտին Շաքիր եւ Ճեմալ Ազմի իրենց ընտանիքներու մեծ խումբով բանուկ փողոցէ մը կ’անցնէին ահաբեկման գործողութեան պահուն։ Այլեւ ու մանաւանդ այն պատճառով, որ Թալէաթի ահաբեկումէն ետք Պերլինը դժուար ռազմադաշտ դարձած էր ահաբեկչական գործողութեանց համար։
Բայց Արմէն Գարոյի, Շահան Նաթալիի, Հրաչ Փափազեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Արամ Երկանեանի եւ գործողութեան մասնակից դաշնակցական միւս գործիչներուն համար անյաղթահարելի բան չկար։ Մահապատիժի որոշումը տրուած էր եւ «Նեմեսիս»-ի գործողութեանց շղթային այս օղակն ալ պէտք է իրականացուէր։
Յանդուգն ահաբեկումը գործադրուեցաւ՝ հակառակ խանգարող պարագաներու առաջացումին, յատկապէս Արշաւիր Շիրակեանի սայթաքելով գետին իյնալուն, թուրքերու խումբին մէջ գտնուող Թալէաթի այրիին կողմէ գետին ինկած Շիրակեանի ատրճանակը վերցնելու ճիգին եւայլն։ Պէտք է կարդալ ե՛ւ Արամ Երկանեանի «Այսպէ՛ս սպաննեցինք», ե՛ւ Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր նահատակներուն» անուն յուշերուն համապատասխան հատուածները, խորաչափելու համար տարողութիւնը թէ՛ ահաբեկչական գործողութիւնը յաջողութեամբ պսակած յանդգնութեան, թէ՛ ահաբեկիչները անպարտելի դարձնող արդարադատութեան ներքին կրակին։
Պեհաէտտին Շաքիր եւ ճեմալ Ազմի տեղւոյն վրայ մահացան։
Զոյգ ահաբեկիչները կրցան փախուստ տալ եւ իրենց հետքը թաքցնել հետապնդողներէն։
Հայոց բիւրաւոր նահատակներուն կտակը իրագործուեցաւ։
Հայեր, յիշէ՛ք, 1922-ի Ապրիլ 17-ի «Նեմեսիս»-ը, որպէսզի անվհատ ու աներեր շարունակենք մեր պահանջատիրական պայքարը՝ յանուն Իրաւունքի եւ Արդարութեան ամբողջական ու վերջնական նուաճումին։
Նազարէթ Պէրպէրեան