14 Ապրիլ 1919. Նախագահ Ուիլսըն Կը Հանդիպի Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս-Նուպար Փաշայի Հետ
Նազարէթ Պէրպէրեան
Ապրիլ 14-ի այս օրը, 97 տարի առաջ, Փարիզի մէջ պատմական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ մէկ կողմէ ատենի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի, իսկ միւս կողմէ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ներկայացնող զոյգ պատուիրակութեանց նախագահներուն՝ Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս-Նուպար փաշայի միջեւ։
Առաջին Աշխարհամարտը նոր աւարտած էր եւ Փարիզի մէջ իր աշխատանքները սկսած էր Խաղաղութեան Խորհրդաժողովը, որ ամիսներու վրայ երկարեցաւ, որովհետեւ իր օրակարգին վրայ ունէր աշխարհի քաղաքական նոր քարտէսը ձեւաւորելու մեծագոյն ու պատմակշիռ խնդիրը։
Յաղթական Դաշնակիցները ուղղակի «պատերազմական աւար»ը իրենց միջեւ բաժնելու խօլ մրցապայքարի մը մէջ էին։ Յատկապէս Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան, օգտուելով Դաշնակից երրորդ գլխաւոր ուժին՝ Ցարական Կայսրութեան ներքին յեղափոխութեան հետեւանքով փլուզումէն, ստանձնած էին Աշխարհամարտի յաղթանակին «պտուղներ»էն առաւելագոյնս օգտուելու եւ իրենց մեծ ու փոքր դաշնակիցներուն ալ այդ աւարէն «փշրանք»ներ բաժին հանելու դերակատարութիւնը։
Հին Եւրոպայի մեծապետական ուժերէն Ռուսաստանը վերջ տուած էր իր Ցարական Կայսրութեան եւ ինկած էր մեծ յեղափոխութեան մը ներքին գալարումներուն մէջ՝ մեկուսանալով նոր աշխարահակարգի ձեւաւորման մեծապետական մրցապայքարէն։ Իսկ Կայսերական Գերմանիան ջախջախիչ պարտութիւն կրած էր եւ ակամայ ձեռնածալ նստած կը դիտէր ու կը սպասէր, թէ ինչպէ՞ս պիտի աւարտի համաշխարհային տարողութեամբ յառաջ ընթացող գաղթատիրութեան մրցապայքարը…
Միջազգային բեմահարթակին վրայ յայտնուած էր նոր մրցակից մըն ալ՝ յանձին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, որոնք թէեւ ուղղակիօրէն մաս չկազմեցին Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին եւ ծաւալումին, բայց անոր աւարտի փուլին աշխոյժ մասնակցութիւն բերին պարէնով, զինամթերքով, մարդուժով ու տեղահաններու եւ գաղթականներու պատսպարման եւ հոգատարութեան ծառայութիւններով։
Ահա այդ պայմաններուն մէջ, նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն բազմանդամ պատուիրակութեամբ մը եկած էր Փարիզ, ուր շուրջ վեց ամիս մնաց եւ մօտէն հետեւեցաւ ու մասնակից դարձաւ աշխարհի քաղաքական նոր քարտէսի ձեւաւորման տենդոտ բանակցութիւններուն։
Եւ որովհետեւ Մեծն Բրիտանիա ու Ֆրանսա պատերազմական գողօնին իրենց միջեւ բաժանումը եւ նոր գաղթատիրութեան հաստատումը գաղափարականօրէն կը դիմայարդարէին փոքր ազգերու ազատագրման եւ բռնատիրական լուծերը ժողովրդավարական ու ազատական իշխանութիւններով փոխարինելու գրաւիչ կարգախօսներով՝ Միացեալ Նահանգները բնականաբար յայտնուեցան այդ կարգախօսներու դրօշակիրի յառաջապահ դիրքին վրայ։ Ի վերջոյ Մ. Նահանգներու օրուան նախագահը՝ Վ. Ուիլսըն ինքնին ախոյեան մըն էր մարդկայնական վեհ գաղափարներու հռչակման ու պաշտպանութեան։
Փարիզի Խորհրդաժողովին կարեւորագոյն օրակարգերէն մէկը, եթէ ոչ առաջնայինը, բնականաբար, փլուզուած Օսմանեան Կայսրութեան աւերակներուն վրայ Արեւելքի նոր քարտէսին ձեւաւորումն էր։ Եւրոպայի «Հիւանդ Մարդը» ոչ եւս էր եւ Մեծն Բրիտանիա ու Ֆրանսա, հիւսիսային Ափրիկէն մինչեւ Միջին Արեւելք ու Փոքր Ասիայէն մինչեւ Կասպից Ծով, պէտք է վերադասաւորման ենթարկէին… հին աշխարհը։
Դաշնակից ախոյեաններուն գլխաւոր շահագրգռութիւնը, անկասկած, Սեւ Ոսկիի պաշարներուն վրայ սեփական տիրապետութիւնը հաստատելն էր՝ միաժամանակ բաւարարութիւն տալով դաշնակից, այլեւ ազդեցիկ ուժերու ախորժակներուն, ինչպիսին էր մանաւանդ Հրէական Օճախի մը ստեղծման պահանջով Սիոնականութեան եւ Մասոնականութեան աշխուժացումը։
Բայց ով աւելի իրաւացիօրէն, եթէ ոչ հայ ժողովուրդը ինք ամէն հիմք ունէր ինքնավստահութեամբ իրաւատէր ու պահանջատէր ներկայանալու յաղթական Դաշնակիցներուն։ Փաստօրէն թէ՛ Ռուս-Թրքական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին, թէ՛ Միջին Արեւելքի ռազմաճակատներուն վրայ Հայ Կամաւորական Գունդերով եւ Արեւելեան Լեգէոնի Հայկական ստորաբաժինով՝ մեր ժողովուրդը քաջաբար կռուած էր Դաշնակիցներու կողքին եւ ահա՛ եկած էր ժամը՝ քաղելու «Փոքր Դաշնակից»ի իր մեծ զոհաբերութեան արդարացի պտուղները։
Պատմաքաղաքական զարգացումներու այս խճանկարին մէջ կը տեղաւորուի 14 Ապրիլ 1919-ին կայացած Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս-Նուպար փաշայի միացեալ ու բախտորոշ հանդիպումը նախագահ Ուիլսընի հետ։
Ահարոնեան կը գլխաւորէր 28 Մայիս 1918-ին ստեղծուած Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, իսկ Պօղոս-Նուպար՝ Արեւմտահայոց Համագումարին կողմէ կեանքի կոչուած Հայոց Ազգային Պատուիրակութիւնը։
Շատ գրուած է եւ վէճերով խճճուած ամբողջ թղթածրար մը գոյութիւն ունի Հայկական Հարցը զոյգ պատուիրակութիւններով աշխարհին ներկայացնելու պատմական այս նախադէպին մասին։ Նաեւ զոյգ պատուիրակութիւնները իրենք անհարկի եւ ծանրակշիռ իւղ թափած են ազգային տարակարծութեանց եւ երկփեղկուածութեան ինքնին թէժ կրակին վրայ։ Պօղոս-Նուպար՝ իր կողքին ունենալով Անդրանիկը, շարունակ յամառեցաւ «Արարատեան Հանրապետութիւն» կոչելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ մերժեց ճանչնալ ամբողջ հայ ժողովուրդը ներկայացնելու անոր բնական իրաւունքը։
Մինչ Թիֆլիսի Ազգային Խորհուրդի արեւելահայ մտածողութեան դրօշակիրն ու պատգամաբերը՝ Աւետիս Ահարոնեան բնաւ չհաշտուեցաւ արեւմտահայ մտածողութեան այն պնդումին հետ, որուն համաձայն՝ «Ծովէ Ծով» Հայաստանի ստեղծումն էր նախապայմանը Հայկական Հարցի իրա՛ւ լուծումին։
Բայց յանուն պատմական ճշմարտութեան պէտք է ընդգծել, որ ներքին այդ բոլոր տարակարծութիւններով հանդերձ՝ զոյգ պատուիրակութիւններն ու անոնց ետին կանգնած հայկական ուժերը, պատմական այդ բախտորոշ Պահուն, կրցան համակարգել իրենց ուժերը եւ գործակցաբար ներկայանալ աշխարհի ճակատագիրը վճռող ուժերուն՝ դրսեւորելով պետական մտածողութեան անհրաժեշտ մակարդակը, որ մեծապէս ուսանելի կը մնայ հայ քաղաքական մտքի առաջնորդներուն համար նաեւ մեր օրերուն։
Փաստօրէն նախագահ Ուիլսընի հետ Պօղոս-Նուպարի եւ Աւետիս Ահարոնեանի միացեալ հանդիպումը լաւագոյն վկայութիւնը կը հանդիսանայ համակարգուած գործելու եւ զիրար լրացնելու հայ քաղաքական մտքի ընդոծին պետական հասունութեան։
Հայ ժողովուրդի զոյգ պատուիրակութեանց նախագահները նախապէս՝ 26 Փետրուար 1919-ին, Փարիզի Խորհրդաժողովի պաշտօնական նիստին ունեցած էին առանձին ելոյթներ եւ ներկայացուցած էին իրենց պատուիրակութեան անջատ պահանջները։ Ահարոնեանի ելոյթը կը պահանջէր Հայաստանի Հանրապետութեան ընդարձակումը դէպի Տրապիզոնի եւ Կարնոյ նահանգները, անցնելով Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներէն, որպէսզի հայ ժողովուրդը ելք ունենար Սեւ Ծովու վրայ։ Իսկ Պօղոս-Նուպար պահանջած էր Կիլիկիոյ մէջ ստեղծումը Հայկական Օճախի, որ պիտի դրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան հոգատարութեան տակ։
Զոյգ պատուիրակութեանց առաջադրած լուծումներուն նկատմամբ յաղթական մեծ Դաշնակիցներէն իւրաքանչիւրը անշուշտ ունէր իր ուրոյն դիրքորոշումը։ Այդ պատճառով ալ յատկապէս Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի ուղղութեամբ դիւանագիտական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեցին հայոց զոյգ պատուիրակութիւնները, որպէսզի մեծապետական սակարկութեանց խոհանոցին զոհ չերթայ Հայկական Իրաւունքին վերականգնումը։ Իսկ Մ. Նահանգներու նախագահին հետ հանդիպումը յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր, որովհետեւ Խորհրդաժողովը սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցած էր արդէն իրաւարարի դերը Վուտրօ Ուիլսընին վստահելու տեսակէտին շուրջ։
Պատմական փաստաթուղթերը, պետական արխիւները եւ մասնակիցներու յուշերը կը հաստատեն, որ նախագահ Ուիլսըն ամբողջական համակրանքով ու համաձայնութեամբ ընդառաջեց թէ՛ Ահարոնեանի, թէ՛ Պօղոս-Նուպարի առաջարկած Հայկական Հարցի լուծման տարազներուն։ Խոստացաւ այդ հիման վրայ կատարել իր իրաւարարութիւնը, որուն պսակումը եղան թէ՛ Կիլիկիոյ մէջ Հայկական Օճախի ստեղծման գաղափարին որդեգրումը, թէ՛ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կատարուած պետական սահմաններու միջազգային միակ փաստաթուղթին մշակումը, որ յայտնի դարձաւ «Ուիլսընեան Սահմաններ» անունով։
97 տարիներ անցած են Ապրիլ 1919-ի այդ պատմական հանդիպումէն ասդին։ Թէեւ արդիւնաւորուեցաւ այդ հանդիպումը եւ ստորագրուեցաւ Սեւրի Դաշնագիրը, բայց պատմութիւնը բոլորովին տարբեր հոլովոյթ արձանագրեց։ Տեղը չէ քննելու եւ տարբեր առիթներով Յուշատետրը քննութեան նիւթ դարձուցած է այն ամէնը, թէ ինչո՛ւ Հայկական Հարցը օրի՛ն եւ իրողապէ՛ս չգտաւ իր քաղաքական արդար լուծումը։
Բայց անպայման այսօրուան յուշատետրի էջը տեղն է յիշեցնելու, որ իր ներքին բոլոր տարակարծութիւններով հանդերձ՝ հայ քաղաքական միտքը ի վիճակի եղաւ եւ այսօր ալ ի վիճակի է համակարգուած ու միացեալ մօտեցումով ներկայանալու աշխարհին, երբ հնչէ Մեծ Հատուցման Պահը՝ միասնական ու միակամ պահանջատէր կանգնելով հայոց ազգային իրաւունքներուն եւ Արդարութեան։