Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան Արցախի վերջին դէպքերու մասին յայտարարութիւնը
1175
0
ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Արցախի Բանակին, Ղեկավարութեան եւ Ժողովուրդին
Յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան, եկեղեցիներու Հոգեւոր Հովիւներուն եւ Հոգաբարձութեանց, ազգային եւ եկեղեցական բոլոր կառոյցներուն, մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք հայոց բանակին, Արցախի պետութեան եւ համայն Արցախի ժողովուրդին։
Կու գանք դատապարտելու նաեւ, ատրպէյճանի շղթայազերծած նախայարձակման ընթացքն ու անոր ի գործ դրած վայրագութիւնները խաղաղ բնակչութեան հանդէպ։
Կոչ կ՚ուղղենք մեր Թեմի զաւակներուն, որ այս դժուարին ճգնաժամի օրերուն զօրավիգ կանգնինք ազատագրուած Արցախի մեր հայրենակիցներուն։
Բիւր օրհնութիւն նահատակեալ զինուորներու անմեռ յիշտակին։
Ի դիմաց Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն
Սուրէն Արք. Գաթարոյեան
Հայրապետական Ներկայացուցիչ
Գանատայի Հայոց Թեմին